Արամ Ա Կաթողիկոս. «Մեծ Պահքը դէպի Քրիստոս առաջնորդող ճամբուն վրայ հանգրուան մըն է»


Արամ Ա Կաթողիկոս. «Մեծ Պահքը դէպի Քրիստոս առաջնորդող ճամբուն վրայ հանգրուան մըն է»

  • 01-04-2011 17:25:49   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի քարոզին, տրուած Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Միջինքի առթիւ, 30 Մարտ, 2011-ին: «Հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս Մեծ Պահքը ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան կարեւոր շրջան մըն է: Արդարեւ, մեր եկեղեցին հոգեթով մեղեդիներու ու խոգեխռով աղօթքներու ճամբով հաւատացեալը կը հրաւիրէ ինքզինք ըլլալու իր աստուածաստեղծ պատկերին ու աստուածատուր կոչումին համաձայն եւ իր անձը, կեանքը ու գործը վերանայումի ենթարկելու՝ անկեղծ մօտեցումով, խոր ապաշխարութեամբ ու ինքնասրբագրումի յանձնառութեամբ: Հո՛ս կը կայանայ ճշմարիտ իմաստը ու նպատակը Մեծ Պահքին: Քրիստոնէական կեանքը դէպի Քրիստոս ուղղուած ընթացք մըն է, որ կ'ենթադրէ կեանքի ու գործի իւրայատուկ ոճ ու որակ: Դէպի Քրիստոս ընթացող այս ճանապարհին վրայ մարդը, որպէս անկատար արարած, պիտի մոլորի ու մեղանչէ՝ դաւաճանելով իր նուիրական կոչումին: Դիւրին չէ Քրիստոսի հետեւիլը. սակայն մկրտութեամբ ու Քրիստոսի խորհրդական մարմնոյն՝ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մեր մասնակցութեամբ ուխտած ենք հաւատարմօրէն հետեւիլ Քրիստոսի: Մեծ Պահքը դէպի Քրիստոս առաջնորդող ճամբուն վրայ հանգրուան մըն է, ուր անհրաժեշտ է կանգ առնել ու վերաքննութեան ենթարկել մեր թէ՛ անձնական ու թէ հաւաքական կեանքը՝ խոստովանութեան ու ապաշխարութեան ճամբով: Քիչ առաջ դարձեալ լսեցինք դարեր շարունակ մեր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն տակ կարդացուող ու մարդու ահաւոր մեղքերը ու մոլութիւնները պարզող խոստովանանքը: Մարդու կեանքը որքա՜ն սարսափազդու մոլութիւններով է լեցուն. մարդը որքա՜ն երեւելի ու աներեւոյթ սատանաներու կողմէ յարձակումի կ'ենթարկուի շարունակ… Քրիստոսի պայծառակերպող ներկայութեամբ եւ անկեղծ ոգիով ու մաքուր սրտով կատարուած խոստովանանքը՝ ինքնաբիւրեղացման առաջնորդող ու մարդը հոգեպէս հզօրացնող առաջին քայլն է: Միջինքի այս առաւօտուն հայրական Մեր խօսքը կ'ուղղենք Լիբանանի հայութեան ճամբով մեր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն: Այս առիթով կ'ուզենք ընդհանուր գիծերով անդրադառնալ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին առնչուած կրօնական ու ազգային իմաստով չորս յոռի երեւոյթներուն, որոնք սկսած են իրենց ներկայութիւնը զգալի դարձնել մեր ազգային կեանքէն ներս: Ա) Եսամոլութիւն: Ընկերութիւն մը, ազգ մը կամ կազմակերպութիւն մը բաղկացած է անհատներէ: Անհատը արժէք է: Քրիստոնէութիւնը յատուկ շեշտ կը դնէ անհատ-արժէքին վրայ: Քրիստոս թելադրեց ինիսունինը ոչխարները թողուլ եւ մէկ ոչխարին ետեւէն երթալ (Մատթ. 18, 12): Անհատն է որ իր հաւատքով, ստեղծագործ ուժով, գործօն մասնակցութեամբ ու ամբողջական նուիրումով կը հզօրացնէ ազգը, ընկերութիւնը կամ կազմակերպութիւնը: Սակայն, անհատը արժէք է երբ իր ունեցածը ու ի պահանջել հարկին նոյնիսկ իր անձը ի սպաս կը դնէ հաւաքականին: Անհատը արժէք է երբ իր անձէն վեր ընդհանրականին ու հաւաքականին մէջ կը տեսնէ գերագոյն արժէքը: Ընկերութիւնը, պետութիւնը կամ կազմակերպութիւնը նահանջի ճամբան կը բռնեն երբ զանոնք բաղկացնող անհատները հաւաքականը անտեսելով իրենց անհատական շահերը գերիվեր կը նկատեն ընդհանրական շահերէն: Մեր կեանքէն ներս նման երեւոյթներու առկայութիւնը սկսած է զգալի դառնալ բոլո՛ր մակարդակներուն վրայ: Չմոռնանք երբեք որ եկեղեցւոյ տէրը հոգեւորականը չէ, այլ Քրիստոսն է. պետութեան մը տէրը նախագահը չէ, այլ ժողովո՛ւրդն է. կազմակերպութեան մը տէրը ղեկավարը չէ, այլ կազմակերպութեան անդամներն են հաւաքաբար: Անհատը ծառան է միայն եւ համարատու հաւաքականին: Եսակեդրոն մօտեցում ու գործունէութիւն մարդը կ'առաջնորդեն մենատիրութեան: Նման մտածելակերպ ու գործելակերպ համամարդկային բարոյական արժէքներու համակարգը եւս կը մերժէ: Հետեւաբար, մեր կեանքէն պէտք է վանենք ամէն տեսակ մտայնութիւն ու վիճակ, ուր «ես»ը կը տիրապետէ՝ ի հեճուկս հաւաքականին ու ընդհանրականին: Բ) Օտարամոլութիւն: Ազգային ու բարոյական իմաստով այլ մոլութիւն մըն է սա, որ սկսած է մեր կեանքը ներսէն կրծել, մաշեցնել ու մեզ հեռացնել մեր ինքնութենէն ու արմատներէն: Մեր ազգը ցեղապաշտ չէ. ան երբեք ինքզինք ոեւէ ազգէ գերադաս չի նկատեր: Սակայն մենք ունինք մեր իւրայատուկ ինքնութիւնը, մեր աւանդութիւնները, արժէքները, ըմբռնումները: Աշխարհի վրայ գտնուող ոեւէ անհատ կոչուած է հաւատարիմ մնալու իր պատկանելիութեան ու անոր խարիսխը նկատուող հայրենիքին, կրօնին ու ազգին: Օտարամոլութիւնը ախտ մըն է, որուն նկատմամբ անտարբեր չի կրնար մնալ ոեւէ ազգ: Այսօր, փաստօրէն, մեր կեանքէն ներս ամենուրեք օտարին հետզհետէ ծաւալող ներկայութիւնը նկատելի է մասնաւորաբար մեր երիտասարդ սերունդին մօտ ու մեր ընտանիքներէն ներս: Եւ այս դառն կացութեան որպէս արդիւնք ամուսնալուծումներու եւ օտար դպրոց յաճախող աշխակերտներուն թիւը սկսած է զգալի աճ արձանագրել: Օտարը չենք ատեր, հեռու մեզմէ նման ոգի: Միաժամանակ չենք ընդունիր, որ օտարասիրութիւնը դառնայ վնասաբեր մեր ինքնութեան՝ հեռու պահելով մեզ մեր հաւաքական կեանքէն: Եթէ մեր կեանքի այս հանգրուանին բարձրագոյն աստիճանի խստապահանջութիւն չցուցաբերենք այս մեծապէս մտահոգիչ երեւոյթին նկատմամբ, մօտ ապագային, նոյնիսկ հայահոծ գաղութներէն ներս օտարին օտարացնող ներկայութիւնը պիտի տիրապետէ մեր կեանքին: Գ) Թմրամոլութիւն: Մարդկային կեանքի ամենէն սարսափազդու ախտերէն մէկն է թմրամոլութիւնը, որ դարձած է արդի ընկերութեան մեծագոյն չարիքներէն մէկը: Ցաւով ու ընդվզումով կ'իմանանք, որ յիշեալ մոլութիւնը սկսած է մուտք գործել նաեւ մեր երիտասարդութեան կեանքէն ներս: Կ'անդրադառնա՞նք արդեօք թմրամոլութեան կրօնական, բարոյական, ազգային ու ֆիզիքական լուրջ հետեւանքներուն…: Արդարեւ, անցանկապատ աշխարհի մը կը պատկանինք, գոյնզգոյն չարիքներով ու մոլութիւններով լեցուն ընկերութեան մը մէջ կ'ապրինք: Բնականաբար այդ բոլորին ազդեցութեան տակ են նաեւ մեր զաւակները: Սակայն, մեր կրօնական սկզբունքները, մեր բարոյական չափանիշները ու ազգային ըմբռնումները թոյլ պէտք չէ տան որ մեր զաւակները կոյր կերպով որդեգրեն նման ախտավարակ կենցաղակերպեր՝ դառնալով գերին մարդը բարոյապէս ու ֆիզիքապէս քանդող ներկայ ժամանակներու մոլութիւններուն: Մեր եկեղեցին ու կառոյցները իրենց գերագոյնը պէտք է ընեն փրկելու համար կամայ թէ ակամայ նման վտանգալից կացութիւններու մէջ գտնուող մեր երիտասարդները: Միաժամանակ, բարոյական ու ազգային դաստիարակութեան ճամբով մեր ընտանիքներն ու դպրոցները պէտք է նախազգուշական ամէն ճիգ ի գործ դնեն առաջքը առնելու համար նման մոլութիւններու տարածման մեր կեանքէն ներս: Դ) Փառամոլութիւն: Մեր հասարակական կեանքէն ներս ներկայութիւն սկսած է դառնալ նաեւ մարդկային այս մոլութիւնը, որուն նկատմամբ աշխարհի բոլոր կրօններու ուսուցումները մերժողական կեցուածք ունին: Քրիստոս իր կեանքով ու գործով եղաւ տիպար խոնարհութեան: Ան իր հետեւորդներուն թելադրեց ըլլալ խոնարհ, հաւաքական վայրերու մէջ առաջին տեղերը չգրաւել: Փառասիրութիւնը մարդկային կեանքին մէջ բնական երեւոյթ մըն է: Իւրաքանչիւր անձ պիտի ուզէ նոր իրագործումներ կատարել, նոր յաջողութիւններ ձեռք ձգել, իր շրջապատէն յարգուիլ ու գնահատուիլ: Փառամոլութիւնը հակառակն է փառասիրութեան: Ան արժէքը, ճշմարտութիւնը կը տեսնէ անհատի անձին մէջ միայն: Փառասիրութիւնը կը կառչի մակերեսին՝ ո՛չ խորքին, կեղեւին՝ ո՛չ իրաւին, գնայունին՝ ո՛չ մնայունին: Այլ խօսքով, ան հետամուտ է միայն տեսքին, ձեւին, ժամանակաւորին: Արդարեւ, ուր փառամոլութիւն կայ, հոն նաեւ մակարդակի անկում, արժէքի նուազում եւ որակի նահանջ գոյութիւն ունի: Բնականաբար, մեր կեանքին մէջ կան նաեւ բազմաթիւ դրական երեւոյթներ, Մեզի ուրախութիւն ու հպարտութիւն պատճառող իրագործումներ: Սակայն միայն դրականին չանդրադառնանք, անով միայն չհպարտանանք. այլ, մեր կեանքը աւելի կազմակերպելու ու մեր կառոյցներուն գործը աւելի կենսաւորելու նպատակասլաց մօտեցումով անհրաժեշտ է նաեւ որ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ախտաճանաչումը կատարենք, մեր թերութիւնները տեսնենք, որպէսզի կարենանք միասնաբար սրբագրումի ու վերականգնումի ճամբաներ որոնել: Եկեղեցին, որպէս Քրիստոսի փրկագործական խորհուրդին շարունակութիւնը ստանձնած առաքելութիւն, «մարգարէական կոչում» ունի՝ զգաստութեան հրաւիրելու իր զաւակները, անհրաժեշտութեան պարագային գնահատելու ու քննադատելու, եւ իր կեանքի օրինակով ցոյց տալու դէպի Քրիստոս առաջնորդող ճշմարիտ ճամբան: Քրիստոսի գալուստը սպասող Սաղմոսերգուն ըսաւ՝ «Ո՜վ Տէր, քու ճամբաներդ ցոյց տուր ինծի» (Սաղ. 25, 4): Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ ու ըսաւ «ես եմ ճամբան» (Յովհ. 14, 6): Այո՛ Քրիստոս ի՛նքն է ճամբան, իր անունով մկրտուած մարդոց, ինչպէս նաեւ ողջ մարդկութեան ճշմարիտ ճամբան: Այդ ճամբան փրկութեան ճամբան է: Սակայն չկայ փրկութիւն առանց խոստովանութեան ու ապաշխարութեան: Խոստովանութիւնը Քրիստոսի ներկայութեամբ մեր անձին ու գործին քննութիւնն է. իսկ ապաշխարութիւնը՝ Բեթղեհէմով աշխարհին յայտնուած արժէքներով, սկզբունքներով ու ճշմարտութիւններով մեր կեանքին վերանորոգումն է: Հետեւաբար, եկէք դառնանք Քրիստոսի, մեր սրտին բովանդակ անկեղծութեամբ ըսելով՝ Ո՜վ Տէր, մեղանչեցի մտածումով, խօսքով եւ գործով, կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ. մեղայ Աստուծոյ: Օգնէ մեզի, ո՜վ Տէր հեռու մնալու կեանքի տեսանելի թէ անտեսանելի մեղքերէ ու մոլութիւններէ»:
  -   Մամլո հաղորդագրություն