Թուրք հանրային կարծիքը անգամ մը եւս լարած է Մեծամօրի դէմ


Թուրք հանրային կարծիքը անգամ մը եւս լարած է Մեծամօրի դէմ

  • 28-03-2011 18:50:30   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Ճումհուրիյէթ« թերթն ալ եկաւ միանալ բոլոր անոնց որոնք այս օրերուն իրենց ակնարկները ուղղած են դէպի Հայաստանի Մեծամօրի Աթոմակայանը։ Ճաբոնի մէջ պատահած երկրաշարժն ու անոր յաջորդող կորիզային աղէտը Թուրք հանրային կարծիքը անգամ մը եւս լարած է Մեծամօրի դէմ, որ վտանգ կը սպառնայ ո՛չ միայն Հայաստանի ժողովուրդին, այլ նաեւ բովանդակ Արեւելեան Անատոլուին։ »Ճումհուրիյէթ«ի մէջ շաբաթ օր հրատարակուած թղթակցութեան մը համաձայն, աթոմային ուժանիւթի հակառակորդ աթոմագէտ մը, Փրօֆ. Հայրէտտին Քըլըճ, դիտել տուաւ որ Հայաստանի աթոմակայանին մէջ եթէ արկած մը պատահի, առաջին 24 ժամերու ընթացքին րատիօգործօն ճառագայթները պիտի անցնին Արաս գետի ու Ըղտըրի սարահարթակին վրայէն ու պիտի տարածուին ամբողջ Թուրքիոյ մէջ։ Այս տեսակէտէն ազդարարութիւն ուղղեց ան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի ընթացքին Աթոմակայանի երկու րէաքթէօրները գետնին հաւասարեցան։ Անոնցմէ մէկը նորոգուեցաւ Եւրոմիութեան ու ՄԱԿ-ի օժանդակութեամբ, բայց միւսը փակուեցաւ։ Իսկ Մեծամօրի րէաքթէօրը տարուան մէջ 6-7 ամիս միայն ի վիճակի է աշխատելու։ Այս կայանը ժամացուցաւոր ռումբի մը նման է, ամէն վայրկեան շատ լուրջ վնաս կրնայ գործել, կ’ըսէ Քըլըճ։ Ան պատմեց որ քանի մը տարի առաջ Կարսի մէջ կազմակերպուած համագումարի մը ընթացքին տեսակցութիւններ ունեցած էր Հայաստանի աթոմակայանի վարչայիններուն հետ։ Տեսաւ որ անոնք, եթէ արկած մը պատահէր, ոչ պարպումի ծրագիր մը ունէին, ոչ ալ հիւանդանոցներու մէջ շողարձակումին միջամտելու յարմար գործիք։ Անոնք նոյնիսկ չէին լսած որ արկածի պարագային փոթասիումի դեղահատեր պէտք է բաժնուին յղի կիներու ու միւս քաղաքացիներուն, պնդեց Քըլըճ։ Հայաստանի աթոմակայանին նկատմամբ մտահոգութիւններ յայտնեց նաեւ Հիւսիսային Բնութեան Միութեան Նախագահ ու Ութահ համալսարանի դասախօս Տոչ. Չաղան Շէքէրճիօղլու։ Ան ըսաւ որ Հայաստանի աթոմակայանը Հայաստանի պէտք ունեցած ուժանիւթին 40 տոկոսը կը դիմագրաւէ, 1995-ին աշխատիլ սկսաւ երկրորդ րէաքթէօրը։ Առաջին ռէաքթէօրը երկրաշարժի դէմ դիմադրականութիւն չունի, հակառակ որ Հայաստանը երկրաշարժի տեսակէտէ առաջին կարգի վրայ երկիր է։ Երկրաշարժի մը պարագային շողարձակումի փախուստ մը խիստ հաւանական է եւ այն ատեն Երեւանի, Ըղտըրի ու Կարսի գլխաւորութեամբ հողատարածքին վրայ նուազագոյն 1,5 միլիոն մարդ ու տասնեակ հազարաւոր արտավար բերրի հող ու անասնական աշխարհ մնայուն վնաս կը կրէ։ Հայաստան ու Թուրքիա մեծ վտանգի մը հետ դէմ յանդիման կ’ապրին որքան ատեն որ Հայաստան կը մերժէ փակել այդ աթոմակայանը, ըսաւ Շէքէրճիօղլու։ Հայաստանի ժողովուրդն իսկ դէմ է այս աթոմակայանին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը