Քսան անուանի հայ նկարիչներ պիտի մեկնին Անի


Քսան անուանի հայ նկարիչներ պիտի մեկնին Անի

  • 28-03-2011 18:37:07   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հայաստանի Արարատեան թեմի եւ Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ, քսան անուանի հայ նկարիչներ պիտի մեկնին Անի։ Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան համանախագահ Ղազար Միրզոյեան յայտնեց որ ձեռնարկը կ’իրականանայ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Անի մայրաքաղաքի ստեղծման 1050ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շրջագծով։ Նկարիչները կարելիութիւն պիտի ունենան տեղւոյն վրայ նկարելու Անիի բնութիւնը, իսկ յետոյ պիտի վերադառնան Երեւան։ Կը նախատեսուի կազմակերպել ցուցահանդէս մը, ուր պիտի ներկայացուին ո՛չ միայն Անիի մէջ պատրաստուած նկարները, այլ նաեւ այդ նկարիչներու կողմէ՝ սեփական արուեստանոցներու մէջ նկարուած երկուական աշխատանքներ։ Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Մայիսին։ Կտաւները լոյս պիտի տեսնեն նաեւ անջատ գիրքի մը մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը