Ամերիկայի մէջ կը նկարահանուի ժապաւէն մը՝ »Կորսուած ու գտնուած՝ Հայաստանի մէջ« խորագրով<br />


Ամերիկայի մէջ կը նկարահանուի ժապաւէն մը՝ »Կորսուած ու գտնուած՝ Հայաստանի մէջ« խորագրով

  • 24-03-2011 17:31:46   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ամերիկայի »Ռէտ Թայ« աշխատանոցի մէջ կը նկարահանուի ժապաւէն մը՝ »Կորսուած ու գտնուած՝ Հայաստանի մէջ« խորագրով։ »Սքրին Տէյլի« եւ »Հոլիվուտ Ռիփորթըր« ամերիկեան հանդէսները կը գրեն որ ասիկա բեմադրիչ Գոռ Կիրակոսեանի, արտադրիչներ Վալէրիա Մըք Քէֆրիի եւ Մարալ Ճէրէճեանի առաջին համատեղ աշխատանքն է եւ պիտի ըլլայ երկլեզու գեղարուեստական ժապաւէն մը։ Մըք Քէֆրի ծագումով հայ է։ Գործընկերները յայտարարեցին որ այս շարժանկարը Ամերիկայի մէջ նկարահանուող առաջին ժապաւէնն է, զոր ամբողջովին հովանաւորած են հայ մասնաւոր ներդնողներ։ Ըստ »Հոլիվուտ Ռիփորթըր«ի, ժապաւէնի մէջ առաջին անգամ ըլլալով որպէս դերակատար հանդէս պիտի գայ նաեւ ամերիկահայ յայտնի փաստաբան Մարք Կիրակոս։ Ռոմանթիկ կատակերգութեան գլխաւոր դերերը պիտի ստանձնեն Ճէյմի Քէնէտի եւ Անճէլա Սարաֆեան։ Քէնէտի պիտի խաղայ ամերիկեան ծերակուտականի մը որդիի դերը, որ արձակուրդի օրերուն կը կորսուի Թուրքիոյ մէջ եւ կը հանդիպի գեղեցիկ երիտասարդ կնոջ մը։ Ամրան ամիսներուն շարժանկարի դրուագները Սան Տիէկոյէն պիտի անցնին Հայաստան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը