Վրաց Իլիա Բ. Պատրիարքը դէմ է երկրի մէջ գործող կրօնական քանի մը միաւորումներուն իրաւական կարգավիճակ տալուն


Վրաց Իլիա Բ. Պատրիարքը դէմ է երկրի մէջ գործող կրօնական քանի մը միաւորումներուն իրաւական կարգավիճակ տալուն

  • 06-07-2011 21:07:47   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մամարա Վրաց Իլիա Բ. Պատրիարքը դէմ է այն օրինագծին, որով կը նախատեսուի իրաւական կարգավիճակ տալ երկրի մէջ գործող կրօնական քանի մը միաւորումներուն։ Վրաց Պատրիարքարանը հրապարակեց յատուկ հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի թէ Խորհրդարանի կողմէ այս մասին օրինագիծը 1 Յուլիսին ընդունուեցաւ առաջին ընթերցումով։ Իլիա Բ. Նշեց թէ անհրաժեշտ է Խորհրդարանի մէջ դադրեցնել օրէնքի ընդունումը՝ երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումներով։ Ըստ Պատրիարքին, այս հարցի շուրջ հրապարակային քննարկումներ պէտք է կազմակերպել, թէկուզ հեռատեսիլի վրայ, որպէսզի հասարակաց կարծիք ձեւաւորուի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ փոխադարձ համաձայնութեան մթնոլորտի մէջ, քանի որ երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ուղղափառներ են։ Ինչպէս ծանօթ է, Վրաստանի Խորհրդարանը առաջին ընթերցումով ընդունած է որ հինգ կրօնական միաւորումներու իրաւական կարգավիճակ տրուի երկրի մէջ։ Այս հարցի շուրջ երկրորդ եւ եզրափակիչ ընթերցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ 6 Յ
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը