Վրաստանի մէջ ամբողջութեամբ փլաւ 19րդ դարու Ս. Յովհաննէս-Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ տանիքը


Վրաստանի մէջ ամբողջութեամբ փլաւ 19րդ դարու Ս. Յովհաննէս-Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ տանիքը

  • 06-07-2011 21:00:01   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Վրաստանի Կուրջաանի շրջանի Քալաուրի գիւղին մէջ ամբողջութեամբ փլաւ 19րդ դարու Ս. Յովհաննէս-Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ տանիքը։ Յունիսին Կուրջանիի շրջանի մէջ տեղի ունեցած փոթորիկներու եւ հեղեղներու հետեւանքով շրջանը մեծ վնասներ կրած էր։ Փոթորիկները փրցուցած էին շէնքերու տանիքները, տապալած՝ ծառերը եւ վնաս պատճառած՝ ելեկտրական հանգոյցներուն։ Վանքի տանիքը փլելու վտանգի հետ դէմ յանդիման մնացած էր 2007էն ի վեր, երբ վերակառուցման աշխատանքները դադրեցան։ Վերակառուցումը կ’իրականանայ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ազգային գործակալութեան միջոցներով։ Տաճարի շուրջ կուտակուած են հողակոյտեր, պատերը եւս կը գտնուին փլելու վտանգի տակ։ Ձմրան իշխանութիւնները փակած էին դէպի տաճար տանող ճամբան եւ ներկայիս որեւէ փոխադրամիջոցով կարելի չէ հոն հասնիլ։ Քաղաքային շրջանի մշակութային բաժնի մասնագէտ Թամազ Մարքոզաշվիլի յայտնեց որ այս տարի վերականգնողական աշխատանքներ չեն նախատեսուած այս եկեղեցւոյ համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը