Քաթրին Էշթըն.«Հայաստան ու Ատրպէյճան պէտք է կրկնապատկեն ջանքերը մինչեւ տարեվերջ համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ»


Քաթրին Էշթըն.«Հայաստան ու Ատրպէյճան պէտք է կրկնապատկեն ջանքերը մինչեւ տարեվերջ համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ»

  • 08-07-2011 15:26:25   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հակառակ ամենաբարձր մակարդակով կատարուած յորդորներուն, 24 Յունիսին, Քազանի մէջ, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահներու եռակողմ հանդիպումը չտուաւ ակնկալուած անկիւնադարձային արդիւնքը։ Եւրոմիութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քաթրին Էշթըն այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ 7 Յուլիսին, Եւրոխորհրդարանէ ներս։ Էշթըն յայտարարեց թէ Հայաստան ու Ատրպէյճան պէտք է կրկնապատկեն ջանքերը՝ հիմնական սկզբունքներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար։ »Ղարապաղեան հակամարտութեան հարցով որոշման մը յանգելու ժամանակը հասած է այլեւս։ Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի ու Հայաստանի Նախագահները չկրցան օգտուիլ Քազանեան հանդիպման կարելիութենէն, որպէսզի փոխ-զիջումներու երթան«, ըսաւ ան, աւելցնելով որ կողմերը հաւատարիմ պէտք է մնան հակամարտութիւնը դիւանագիտական ճամբով լուծելու ընտրութեան։ »Կողմերը իրենց ջանքերը պէտք է կրկնապատկեն, մինչեւ տարեվերջ համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ«, ըսաւ Էշթըն, ընդգծելով որ 2012ին նախ Հայաստանի, ապա Ատրպէյճանի մէջ կայանալի ընտրութիւնները կրնան դանդաղեցնել բանակցային գործընթացը։ Ըստ իրեն այս հակամարտութեան լուծումը կարելիութիւն պիտի տայ Հարաւային Կովկասը տնտեսական կայունութեան ուղիի վրայ փոխադրելու։ »Սահմանները կրնան բացուիլ ո՛չ միայն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ եւ այդպէս տարածքաշրջանի պետութիւնները կրնան իրարու աւելի մօտ ըլլալ«, աւելցուց ան։ Քաթրին Էշթըն դիտել տուաւ նաեւ որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցութիւն ցոյց տալու հակամարտութեան լուծման եւ յատկապէս ԵԱՀԿի Մինսքեան Խմբակին։ »Մենք ԵԱՀԿի Մինսքեան Խմբակին հետ պարբերաբար խորհրդակցական հանդիպումներ կ’ունենանք թէ ի՞նչով կրնանք օգնել այդ հարցի լուծման«, ընդգծեց Էշթըն, աւելցնելով որ հակամարտութեան մասին հարցերը քննարկելու նպատակով մօտիկ ապագային Հայաստան ու Ատրպէյճան պիտի այցելէ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը