Գանձասարի վանքը շրջապատող պարիսպի երեսպատման թնճուկը


Գանձասարի վանքը շրջապատող պարիսպի երեսպատման թնճուկը

  • 12-07-2011 18:35:39   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Շաբաթ օրուայ մեր թիւով հաղորդած էինք որ Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ համացանցի ընկերային կայքէջերու վրայ իրական գայթակղութիւն մը հասունցած է Արցախի մէջ գտնուող Գանձասարի վանական համալիրը )13րդ դար_ շրջապատող պարիսպները սալիկապատելու հարցի շուրջ։ Այս հարցի թնճուկը կը շարունակուի ու այսօր լրատուամիջոցներ նոր տեղեկութիւններ կը փոխանցեն։ Այսպէս, ըստ լրատուամիջոցներուն, թէպէտ շինարարութեան արտօնութեան փաստաթուղթ մը չկայ, սակայն երեսապատումը պիտի աւարտի յառաջիկայ Սեպտեմբերին։ Արցախի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ կամ Գանձասար եկեղեցւոյ պարիսպները արդէն քանի մը օրէ ի վեր կը սալիկապատուին։ Պարիսպը սալիկապատելու աշխատանքները կ’իրականանան Ղարապաղի Վանք գիւղի նախկին բնակիչ, մոսկուաբնակ գործածար եւ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի նիւթական միջոցներով։ Թէպէտ պարիսպը կառուցուած է 13րդ դարուն, սակայն նախկին տեսքէն ոչի՛նչ մնացած է։ Վերջին 15 տարիներու ընթացքին պարիսպը քանի մը անգամ նորոգուած է, սակայն ատոնք եղած են »քոզմէթիք« նորոգութիւններ եւ վերջերս պարիսպը կրկին փլուզման հետ դէմ յանդիման մնացած էր։ »Պարիսպները կը քանդուին։ Պատերու արանքը խոտեր կ’աճին, ինչ որ աւելի կ’արագացնէ պատերու փլուզումը«, ըսաւ Արցախի թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Սրբազան։ Պարիսպը երեսապատելու հարցը որեւէ վայրի մէջ չէ քննարկուած։ Մինչդեռ, քաղաքաշինական չափանիշները կը պարտադրեն որ շինարարութեան սկսելէ առաջ, մասնագիտական, հանրային քննարկումներ կատարուին, իսկ եթէ խօսքը կ’առընչուի եկեղեցիներու կամ եկեղեցապատկան շինութիւններու, ապա իրենց կարծիքը յայտնեն նաեւ Մայր Աթոռի քաղաքաշինական վարչութեան մասնագէտներ։ Մայր Աթոռէն քանի մը օր առաջ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուած էր այն մասին թէ հարցը քննարկութեան փուլի մէջ է, սակայն Գանձասարի մէջ կը շարունակուին երեսապատման աշխատանքները։ Բարերարի եղբայրը՝ Վլատիմիր Հայրապետեան, որ կը հսկէ շինութեան աշխատանքներու վրայ, չհերքեց այն տարաձայնութիւնները, թէ ոեւէ մէկէն փաստաթուղթ չեն ստացած շինարարական աշխատանքներ իրականացնելու համար։ »Երբ մենք ճամբաներ բարեկարգեցինք, եկեղեցւոյ յատակը նորոգեցինք, տանիքը նորոգեցինք, մէկը հարցո՞ւց թէ արտօնութիւն ունի՞նք թէ ոչ։ Տեսանք որ պատը կը փլէր, եղբայրս ըսաւ որ պատը պէտք է պահել եւ ձեռնարկեցինք շինութեան«, ըսաւ Վլատիմիր Հայրապետեան։ Արցախցի ճարտարապետներու այն ահազանգին թէ եկեղեցւոյ պարիսպը կառուցուած է 13րդ դարուն եւ մշակութային արժէք է, Վլատիմիր Հայրապետեան ըսաւ. »Պարիսպը գլխաւորաբար կառուցուած է կրաղիւսէն եւ ո՛չ մէկ արժէք ունի։ Թող մեզ ապացուցանեն որ Հասան Ճալալեան )իշխան Հասան Ճալալեան 1216-1238 թուականներուն կառուցանած է Գանձասարի վանքը_ ուրկէ՞ 13րդ դարուն գիտցած է կրաղիւսի պատրաստութեան բանաձեւը։ Գալով այն հարցումին թէ ինչո՞ւ իրաւական ճամբով համապատասխան արտօնութիւնը չէ ստացուած՝ աշխատանքին սկսելէ առաջ կամ ինչո՞ւ Արցախի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութենէն ստացուած ժխտական պատասխանէն ետք ալ այս գործը կը շարունակուի, Վլատիմիր Հայրապետեան յստակ պատասխան մը չտուաւ։ Ան աւելցուց որ շինարարական աշխատանքներու երրորդ օրը, համացանցէն տեղեկացած է որ յուշարձաններու պահպանութեան վարչութիւնը դէմ է իրենց նախաձեռնութեան։ Պարգեւ Սրբազան նոյնպէս ժխտեց որ շինութիւնը կ’իրականանայ առանց համապատասխան արտօնութեան եւ ճարտարապետական նախագծի։ Իր մեկնաբանութեամբ, պարիսպը կրկին կիրով վերականգնելու համար անհրաժեշտ է 7 տարուայ հնութեամբ կիր, ինչ որ այսօր դժուար է գտնել։ »Եթէ 7-8 տարի սպասենք, պարիսպները հիմնովին պիտի քանդուին։ Եթէ նման բան կատարուի, մեզ կը մեղադրեն ու կ’ըսեն թէ ինչո՞ւ կրաղիւսով չէք պատեր«, ըսաւ Սրբազանը։ Ըստ իրեն »որպէսզի վանքը կարենայ բնականոն պայմաններու մէջ քանի մը տասնեակ պահպանուիլ, պարիսպը պէտք է երեսապատուի«։ Իսկ 90 տոկոսով ցեխ եւ կրաղիւսով կառուցուած պարիսպը չի կրնար հետաքրքրել ԻՒՆԷՍՔՕն։ ԻՒՆԷՍՔՕ կը հետաքրքրուի միայն 13րդ դարուն կառուցուած տաճարով։ Եկեղեցւոյ պարիսպներու արտաքին տեսքը կը պահպանուի։ Վլատիմիր Հայրապետեան հերքեց լուրերը այն մասին թէ երեսապատումը կը կատարուի իտալական մարմարով. պարիսպը կը երեսապատուի նոյն քարով, ինչով որ կառուցուած է եկեղեցին։ Սրբազանն ալ յիշեցուց որ ատենօք Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը քանդած էր Էջմիածնի ցեխէն շինուած պարիսպը եւ ատոր փոխարէն կառուցանած էր քարէ պարիսպ մը։ Նոյնը կատարուած է նաեւ Ս. Հռիփսիմէ, Ս. Շողակաթ եկեղեցիներու, Գեղարդի վանքի, Խոր Վիրապի մէջ։ Յիշեցնենք որ Ղարապաղի ճարտարապետներու միութեան անդամները յայտարարութիւն մը հրապարակած են, կոչ ուղղելով դադրեցնել երեսապատման աշխատանքները։ Անոնց պատճառաբանութեամբ, պարիսպի մէկ մասը պահպանուած է տակաւին 13րդ դարէն եւ միայն մէկ մասն է որ վերանորոգութեան ենթարկուած է ժամանակի ընթացքին։ Այս առընչութեամբ, Թեմակալ Առաջնորդը նշեց որ կարգ մը ճարտարապետներ ուղղակի հիասթափուած են որ իրենց չէ տրուած բարեկարգումի աշխատանքները իրականացնելու իրաւունք։ »Այդ պատճառով ալ կը փորձեն վարկաբեկել Գանձասարի հոգեւոր հովիւը, Արցախի թեմը, բարերարը եւ զիս«, ըսաւ Պարգեւ Սրբազան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը