Ճէ-Հէ-Փէցի երեսփոխանները երդում ընելով ստանձնեցին երեսփոխանի իրենց պարտականութիւնն


Ճէ-Հէ-Փէցի երեսփոխանները երդում ընելով ստանձնեցին երեսփոխանի իրենց պարտականութիւնն

  • 12-07-2011 18:39:01   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ճէ-Հէ-Փէի ու Ա-Գէ-Փէի ղեկավարներուն կողմէ պատրաստուած համատեղ պատճէնի մը ստորագրութենէն վերջ Խորհրդարանի երդումի տագնապը երէկ իր լուծումը գտաւ ու Ճէ-Հէ-Փէցի երեսփոխանները մէկ առ մէկ երդում ընելով ստանձնեցին երեսփոխանի իրենց պարտականութիւնն ու հանգամանքը։ Այս կերպով վերջացաւ տարօրինակ տագնապ մը որ ստեղծուած էր 12 Յունիսի երեսփոխանական ընտրութիւններէն վերջ։ Երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրը, որու շնորհիւ տագնապը լուծուեցաւ, շեշտը կը դնէ նոր Սահմանադրութեան վրայ եւ կ’ընդգծէ թէ Խորհրդարանի համար կարեւոր պակաս է կարգ մը երեսփոխաններու երդում չընելը եւ թէ օրէնքներն ու Սահմանադրութիւնը ազատապաշտ մեկնաբանութեամբ մը պէտք է գործադրուին։ Ընդգծուեցաւ նաեւ որ հարցերու լուծման վայրը Խորհրդարանն է եւ համաձայնութեան գետինն ալ նոր Սահմանադրութիւնն է։ Խորհրդարանը, որ ներկայիս 95 առ հարիւրի նման բարձր համեմատութեամբ մը ժողովուրդին կամքը կը ցոլացնէ, ընկերային համաձայնութեան հաշտ նոր Սահմանադրութիւն մը պէտք է պատրաստէ ամէն բանէ առաջ։ Մայր գիծերու մէջ այսպէս նկարագրուած այս համաձայնագիրը բաւեց որպէսզի համաձայնագրի ստորագրութենէն վերջ Ճէ-Հէ-Փէցի երեսփոխանները իրենց երդումը ընեն ու վերջ տան երդումի տագնապին։ Ստորագրուած համաձայնագրին մէջ Ճէ-Հէ-Փէի կողմէ պաշտպանուող երկու երեսփոխաններուն՝ Հապէրալին ու Պալպային մասին որեւէ ակնարկութիւն չկայ։ Համաձայնագրին ստորագրութենէն առաջ երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անգամ մը պատճէնը յանձնեցին իրենց Կուսակցապետերուն վաւերացման։ Այս կերպով եղաւ այն ինչ որ Վարչապետ Էրտողան ըսած էր, »պիտի գան ու պիտի ընեն իրենց երդումը«։ Նախագահ Կիւլն ալ մէկ օր առաջ ըսած էր որ եթէ երդումի դէմ հռչակուած պոյքոթին նպատակը տպաւորութիւն ստեղծել էր, այդ տպաւորութիւնը ստեղծուեցաւ ու հիմա կը բաւէ, պէտք է որ գան ու երդում ընեն։ Կը թուի թէ երեւոյթները փրկուեցան, Ճէ-Հէ-Փէի արժանապատուութիւնը մասամբ պաշտպանուեցաւ, ու երեսփոխանները ըրին իրենց երդումը։ Հիմա կարգը եկած է Պէ-Տէ-Փէէն անկախ երեսփոխան ընտրուածներու։ Նախագահ Կիւլ երէկ գոհունակութիւն յայտնեց կատարուած երդումներուն համար եւ ըսաւ որ ահաւասիկ, երբ երկխօսութեան դռները կը բացուին, բոլոր հարցերը կը լուծուին։ »Հիմա կը յուսամ որ Պէ-Տէ-Փէցի երեսփոխաններն ալ Խորհրդարան կուգան, երդում կ’ընեն ու կը մասնակցին Խորհրդարանի աշխատանքին«, ըսաւ Նախագահ Կիւլ։ »Այս բոլորը մենք ենք որ պիտի լուծենք իրարու հետ խօսելով, ուրիշները չէ որ պիտի լուծեն«, դիտել տուաւ Նախագահը, որ իր բաժինը ունեցած էր ստացուած արդիւնքին մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը