Շահան Գանտահարեան. Ալիեւական տրամաբանութիւնը վերլուծելը մեծ ճիգի չի կարօտիր անշուշտ


Շահան Գանտահարեան. Ալիեւական տրամաբանութիւնը վերլուծելը մեծ ճիգի չի կարօտիր անշուշտ

  • 11-06-2011 14:55:32   |   |  Յօդուածներ
Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան արտաքին գործոց նախարարներու ձեւաչափով կայանալիք հանդիպումէն անմիջապէս առաջ եւ Կազանի մէջ տեղի ունենալիք միջնախագահական հանդիպումի նախօրէին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը փութար յայտարարելու հետեւեալը.- «Յոյսով եմ, որ տեղի ունեցող բանակցութիւնները արդիւնք կու տան եւ «կը վերականգնուի» Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ներկայի գոյավիճակը (սթաթուս քո) պէտք է փոխուի: Այժմ լաւ պայմաններ են ստեղուած ղարաբաղեան հակամարտութեան արդարացի կարգաւորման համար»: Այստեղ ալիեւական տրամաբանութիւնը վերլուծելը մեծ ճիգի չի կարօտիր անշուշտ: «Արդարացի» լուծումը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան «վերականգնում»ով կը պայմանաւորուի: Այս տրամաբանութեան վրայ հիմնուելով աւելորդ է խօսիլ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան համար, ինչպէս հրապարակյնօրէն կը յուսայ Ազրպէյճանի նախագահը: Նոյն յանկերգն է, որ կը շեշտուի Ազրպէյճանի թիւ մէկ ղեկավարին բերնով, ինչ որ ընդանրապէս բանակցելու տեղ չի ձգեր եւ կ՛իմաստազրկէ ամբողջ գործընթացը: Ի՞նչի շուրջ պէտք է միջնորդեն գերտէրութիւնները եւ ի՞նչի մասին պիտի բանակցի հայկական կողմը, եթէ խօսքը Արցախի ներկայ սահմաններուն Ազրպէյճանի վերադարձով կը հասկցուի բանակցիլը: Ազրպէյճան կը յայտնուի միաժամանակ ռազմատենչ յայտարարութիւններ կատարողի, հրադադարը խախտողի եւ բանակցութիւնները ի սկզբանէ պայմանաւորողի դիրքին վրայ: Նման պայմանական մօտեցումներով ամբողջ գործընթացը հարուածող պաշտօնական Պաքուն սակայն, չ՛ենթարկուիր միջազգային ընտանիքի եւ միջնորդ պետութիւններու համապատասխան վերաբերումին, եթէ խուսափինք մեղադրանք կամ դատապարտանք բառեզրերը օգտագործելէ:Այնպէս ինչպէս հաւասարեցումի փորձ կը կատարէ միջազգային ընտանիքը, ի տես հրադադարի խախտումի միակողմանի սանձազերծումներուն եւ ի լուր Պաքուէն մնայունօրէն հնչող պատերազմի սպառնալիքներուն: Հարցը այս պարագային, ոչ թէ Պաքուի վարքագիծն է, որ հիմնական նորութիւն չէ, այլ Ալիեւի ծխածածկոյթ յառաջացնելու ձախող փորձը` լաւատեսութիւն ցուցադրելու Կազանի հանդիպումէն առաջ: «Յոյս», «արդիւնք», «վերականգնում», «գոյավիճակի փոփոխութիւն», «արդարացի կարգաւորում»` մէկ պարբերութեան մէջ այսքան լաւատեսութիւն ներշնչող բառակապակցութիւններու օտագործումը բեկումնային պահի սպասման հանգրուան ձեւաւորող յստակ քաղաքականութիւն է, որ կը թուի համահունչ ըլլալ միջազգային ընտանիքի կողմէ յայտարարողական հարթութեան վրայ յառաջացուցած մթնոլորտին: Թէեւ, ինչպէս վերը մատնանշուեցաւ «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում»ի պայմանական հաստատումը կը ջրէ միւս լաւատեսական բոլոր բաղադրիչները եւ կը փարատէ մշուշը: Մինչեւ Կազան աճապարելու, համաձայնական տարազներու յանգումը չյետաձգելու անվերջանալի պահանջները երեւցան Տովիլի մէջ եւ Տովիլէն ետք` յատկապէս լրագրողական, փորձագիտական եւ քաղաքական որոշ շրջանակներու մօտ: Հայկական կողմը զսպուածութիւն ցոյց կու տայ բոլորին նկատմամբ: Իրաւամբ: Արդիւնք ապահովելու համանախագահներուն ցանկութիւնը դժուար որ իրականանայ, մանաւանդ Ազրպէյճանի նախագահին վերջին յայտարարութիւնները նկատի առած: Իսկ այստեղ պատասխանատուութեան համահաւասարեցումի մօտեցումը պարզապէս ընկալելի չէ: Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
  -   Յօդուածներ