Սուրիացիներ Հաթայի Ալթընէօզիւ նահանգէն Թուրքիա մուտք գործեցին


Սուրիացիներ Հաթայի Ալթընէօզիւ նահանգէն Թուրքիա մուտք գործեցին

  • 09-06-2011 18:11:27   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Սուրիոյ Ճիշր Էլ Շուկուր շրջանի դէպքերէն խոյս տուող Սուրիացիներ Հաթայի Ալթընէօզիւ նահանգէն Թուրքիա մուտք գործեցին։ Սուրիոյ այս շրջանը կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանի մօտաւորապէս 20 քլմ. հեռաւորութեան վրայ։ Երկու օրուան ընթացքին 252 Սուրիացիներ Հաթայի Եայլատաղը գիւղաքաղաքին մէջ տեղակայուած վրաններու տակ բնակութեան հրաւիրուեցան։ Եկուորներու միջեւ մանուկներ ալ կան։ Սուրիոյ ներքին խռովութիւններուն պատճառաւ նախապէս դէպի Թուրքիա խոյս տուած էին նաեւ այլ սուրիացիներ, որոնց թիւը նորեկներու հետ միատեղ հասաւ աւելի քան 400ի։ Մօտաւորապէս 30 սուրիացիներ ալ Հաթայի հիւանդանոցներուն մէջ դարմանումի տակ առնուած են։ Կը հաղորդուի թէ Թուրքիոյ սահմանին մօտակայ վայրերու մէջ մեծաթիւ Սուրիացիներ մուտք գործելու համար կարգի կը սպասեն։ Սուրիացի գաղթականներու յիշեալ նիւթի մասին երէկ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպուեցաւ, որու ընթացքին վարչապետ Էրտողան պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն, հաստատելո այն լուրը, որու համաձայն նախընթաց օր Սուրիայէն գաղթականներու նոր խմբակ մը մուտք գործած է Թուրքիա։ Էրտողան ըսաւ. »Այս հանգրուանին վրայ, մեր սահմանադռները Սուրիացիներու դիմաց փակել խնդրոյ առարկայ չէ։ Իրապէս ալ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը յուզիչ է, մտավախութեամբ կը հետեւինք զարգացումներուն«։ Էրտողան նշելով որ այս նիւթի կապակցութեամբ բազմաթիւ լուրեր կը հասնին իրենց, յայտնեց որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը պայթուցիկ վիճակ ունի եւ ինք կը մաղթէ որ Սուրիոյ իշխանութիւնը իր քաղաքացիներուն հանդէպ ցուցաբերած վերաբերումին մէջ մեղմացում արձանագրէ, եւ բարեփոխութիւններու նիւթին շուրջ որդեգրած իր քաղաքականութիւնը կիրարկէ այդ քաղաքականութեան բարենպաստ արդիւնքները ժողովուրդին մօտ հաւատալի դարձնելով։ Այն ատեն է որ ժողովուրդը ապստամբութիւններուն եւ խռովութիւններուն վերջ կուտայ երկրին անդորրութիւնը ապահովելով։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը