Աշխարհի չորս կողմէն Էսատ կը հրաւիրուի հրաժարելու ու հեռանալու իշխանութենէն


Աշխարհի չորս կողմէն Էսատ կը հրաւիրուի հրաժարելու ու հեռանալու իշխանութենէն

  • 19-08-2011 18:27:13   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Սուրիոյ Նախագահ Պէշար Էսատ այլեւս ամբողջովին կորսնցուցած է արտաքին աշխարհի համակրանքը, քանի որ ան ականջ չտուաւ աւելի ժողովրդավարական դառնալու կոչերուն։ Աշխարհի չորս կողմէն Էսատ կը հրաւիրուի հրաժարելու ու հեռանալու իշխանութենէն։ ԱՄՆի Նախագահ Օպաման ալ անցեալ օր ըսած էր որ այլեւս ժամանակը եկաւ որ Պէշար Էսատ հրաժարի։ Օպամայի այս յայտարարութենէն վերջ եւրոպական երեք երկիրներ եւս, Գերմանիա, Անգլիա ու Ֆրանսա, կոչ ըրին Էսատին որպէսզի հրաժարի իր պաշտօնէն։ Այս երկիրները աններելի կը նկատեն Համայի ու Տէր Զօրի նման քաղաքներու մէջ ժողովուրդին վրայ կատարուած ամօթալի յարձակումները, ժողովուրդին դէմ գործադրուած սաստկութիւնները։ Օպամա դիտել տուաւ որ Պէշար Էսատ այլեւսպախարակուեցաւ բոլոր երկիրներէն, բացի Իրանէն։ Օպամա պնդեց նաեւ որ Պէշար Էսատի կողմէ յեղաշրջումներու մասին կատարուած խոստումները անկեղծ ու իրական չեն։ Սուրիոյ Նախագահը թէեւ հեռաձայնով կապուեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի-Մունին ու ըսաւ որ ժողովուրդին դէմ գործողութիւնները դադրած են, բայց տակաւին մեռեալներու մասին լուրեր կը հասնին Հումուսէն ու Լազիքիյէէն։ ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնավարներ կը հաւատան որ Սուիրոյ մէջ կը կատարուին յանցագործութիւններ, որոնք մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն կրնան նկատուիլ։ Ինչպէս ծանօթ է, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն բացատրութիւնը ցեղասպանութիւն բացատրութենէն վերջ երկրորդ ծանրագոյն ամբաստանութիւնն է ոեւէ անձի կամ որեւէ հասցէի համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը