Ատրպէյճան Արտաքի Նախարարութեան մակարդակով քննադատեց google ընկերութիւնը


Ատրպէյճան Արտաքի Նախարարութեան մակարդակով քննադատեց google ընկերութիւնը

  • 19-08-2011 18:22:57   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Ատրպէյճան Արտաքի Նախարարութեան մակարդակով քննադատեց Կուկըլ ընկերութիւնը, որ իր համացանցային քարտէսներուն մէջ »ատրպէյճանական տարածքներու անունները կ’աղաւաղէ եւ հայերէնով տեղանուններ կը ներկայացնէ«։ 17 Օգոստոսին, Ատրպէյճանի Արտաքին Նախարարութիւնը այս մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց եւ կոչ ուղղեց որ ազերիներ քայլեր առնեն՝ այդ տարածքներու ատրպէյճանական անուանումները »վերականգնելու« ուղղութեամբ։ Այս հարցը կը գտնուի Նախարարութեան մնայուն ուշադրութեան կեդրոնին մէջ եւ մենք պարբերաբար համակարգուած աշխատանք կը տանինք դեսպանատուներու եւ այլ երկիրներու մօտ հաւատարմագրուած մեր դիւանագէտներուն հետ։ Դիտել տանք որ Կուկըլի քարտէսներուն մէջ Ղարապաղի, ինչպէս նաեւ յարակից հողատարածքներու տեղանունները ներկայացուած են միայն հայերէն տարբերակներով, մինչդեռ ազերիներ կը պահանջեն վերականգնել շրջանային կեդրոններու ատրպէյճանական անուները. այսինքն Ստեփանակերտի փոխարէն՝ Հանքէնտ, Քարվաճառի փոխարէն՝ Քէլպէճէր, Վարանտայի փոխարէն՝ Ֆիզուլի, եւլն.։ Ատրպէյճանի Արտաքին Նախարարութիւնը արդէն համապատասխան յանձնարարականներ տուած է դեսպանատուներուն՝ »այս բացթողումները սրբագրելու համար«։ Բացի ատկէ ծրագիրը »Կուկըլ« բաց է օգտուողներու համար եւ ազերիներ կրնան իրենց առաջարկները ներկայացնել, լուսանկարներ զետեղել եւ անձամբ սրբագրութիւններ ընել Կուկըլ-Իըրթ քարտէսներու վրայ։ Նոյն թէմային անդրադարձած են ազերի երեսփոխաններ, պնդելով թէ ասիկա խումբ մը հայերու կողմէ իրականացած արշաւ մըն է՝ Ատրպէյճանի դէմ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը