Ազնաւուր սկսած է ձիթաիւղ մատակարարել Էլիզէի պալատին եւ Փարիզի լաւագոյն ճաշարաններուն


Ազնաւուր սկսած է ձիթաիւղ մատակարարել Էլիզէի պալատին եւ Փարիզի լաւագոյն ճաշարաններուն

  • 14-09-2011 17:18:15   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Մարմարա Էլիզէի պալատի շէֆ-խոհարարը իր «զինանոցի» մէջ ընդգրկեց Շարլ Ազնաւուրի կողմէ ղրկուած ձիթաիւղեր, զոր մեծանուն արուեստագէտը կը ստանայ Մուրյէզի իր հողատարածքէն: Այդ ձիթաիւղն է որ կը գործածուի Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ անոր ընտանիքի ու հիւրերու համար ճաշեր պատրաստելու ընթացքին: Ձեռներէց երգիչը վերջերս ի յայտ եկած «հոպին» վերածեց եկամտաբեր պիզնըսի մը: Նախորդ հինգ տարիներու ընթացքին ան հինգ հազար լիթր ձիթաիւղ ստացած է եւ ըստ բժիշկներու այս զուտ ձիթաիւղը բուժիչ բազմաթիւ յատկութիւններ ունի, մասնաւորբար կը պահպանէ սիրտ-անօթային ու քաղցկեղային հիւանդութիւններէն: Ազնաւուր սկսած է ձիթաիւղ մատակարարել նաեւ Փարիզի լաւագոյն ճաշարաններուն: Նախապէս Ազնաւուր նարդոս կաճեցնէր, իսկ վերջերս տարուեցաւ ձիթապտուղի ծառերէն: «Ես աւելի քան հազար ձիթապտուղի ծառ ունիմ: Ես այնպէս կը խնամեմ զանոնք, ինչպէս ուրիշներ վարդեր կը խնամեն, բայց ձիթապտուղէն ստացուած օգուտը աւելի բարձր է, հպարտութեամբ ըսաւ Ազնաւուր: Յայտնի երգչի ձիթաիւղի հանդէպ պահանջը կþաւելնայ ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլ նաեւ այլ երկիրներու մէջ, ուստի ան մտադիր է ընդլայնել արտադրութիւնը:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը