Միջազգային մամուլը այս օրերուն ուշի ուշով կը հետեւի Վարչապետ Էրտողանի Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ այցելութեան


Միջազգային մամուլը այս օրերուն ուշի ուշով կը հետեւի Վարչապետ Էրտողանի Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ այցելութեան

  • 15-09-2011 17:21:19   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Միջազգային մամուլը այս օրերուն ուշի ուշով կը հետեւի Վարչապետ Էրտողանի Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ այցելութեան ու ընդհանրապէս քննադատական տողեր կը գրուին Վարչապետի այս նոր նախաձեռնութեան մասին£ Մինչ տեղական լրատուամիջոցներ« ընդգծելով այցելութեան ռազմավարական կարեւորութիւնը« այն հետեւութիւնը կþընեն« թէ տարածքաշրջանի մէջ սկզբնակէտը կը դրուի թրքական նոր արտաքին քաղաքականութեան« Իսրայէլ կասկածելի կը նկատէ Էրտողանի այցելութեան վերագրուած այս կարեւորութիւնը£ Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք« Եգիպտոսի Վարչապետ Ասամ Շարաֆի հետ միասին սարքուած ասուլիսի ընթացքին« Էրտողան քննադատած էր Սուրիոյ Նախագահ Պէշար Էսատն ու Իսրայէլը£ Էսատի պարագային Էրտողանի ելոյթը խորհրդատուական բնոյթ ունէր« սակայն Իսրայէլի պարագայինª սպառնալիքի բնոյթ կը կրէր ու յաճախ կþընդհատուէր ողջոյնի բուռն բացագանչութիւններով£ Այս ասուլիսի լոյսին տակ անգլիական «Տը Ինտէփէնտընթ» թերթը կը գրէ© «Թուրքիոյ Վարչապետը նպատակ ունի արաբական աշխարհի առաջնորդը դառնալու»« «Տը Կարտիըն» կը նշէ© «Քանի մը տարի առաջ Թուրքիա չէր ալ կրնար խորհիլ Իսրայէլի դէմ կարծր դիրքորոշում որդեգրելու մասին£ Ասիկա արտաքին քաղաքականութեան մէջ Անգարայի անկախութեան հռչակագիրն է?« իսկ ?Տէյլի Թէլէկրաֆ? կþաւելցնէ© ?Տեսնելով որ Եւրոմիութեան անդամակցութեան ճիգերը ապարդիւն կը մնան« Էրտողան զօրավիգ կը կանգնի արաբներու համար խիստ զգայուն պաղեստինեան դատին ու կը նպաստէ տարածքաշրջանէն ներս Թուրքիոյ հզօրացման£ Սակայն Եգիպտոսի առժամեայ զինուորական վարչակարգը կասկածով կը մօտենայ Էրտողանի այցելութեան»£ «Նիւ Եորք Թայմս» Էրտողանի այցելութիւնը շոու կþորակէ« «Հաարէց» այս առընչութեամբ կը գրէ որ Էրտողան հակա-իսրայէլեան կեցուածքով ծանր կացութեան մէջ կը թողու Իսրայէլի հետ հաշտութեան ճիգերը£ Ըստ իսրայէլեան թերթին« եգիպտական իշխանութիւններն ալ կը վախնան որ Էրտողանի ներկայութիւնը հակա-իսրայէլեան ցոյցերու պատճառ կը դառնայ երկրէն ներս£ Գերմանական «Ռէյնիշխ Փոստ»ը կþեզրակացնէ. «Էրտողան կրակի հետ կը խաղայ£ Անոր հաշիւները պարզ են£ Ան կը փորձէ հակա-իսրայէլականութիւնը« որ իր եւ արաբական աշխարհէն ներս մեծ համեմատութեանց կը հասնի« գործածել որպէսզի Թուրքիա գերտէրութեան վերածուի տարածքաշրջանէն ներս»£
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը