Մարմարա
Լոնտոնի Կոմիտաս Էնսթիթիւի կողմէ ղրկուած հաղորդագրութենէ մը կը տեղեկանանք թէ այս էնսթիթիւին հիմնադիրն ու տնօրէնը« պատմաբան Արա Սարաֆեան Թուրքիա պիտի գայ բացատրութիւններ տալու համար այն աշխատանքին մասին զոր կատարած է հիմնուելով թուրք պատմաբան Մուրատ Պարտաքճըի կողմէ 2008 թուականին հրատարակուած ?Թալաթ Փաշայի գաղտնի մնացած փաստաթուղթերը? գործին վրայ£ Իր աշխատասիրութիւնը այժմ թրքերէնի թարգմանուած է եւ այդ թարգմանութեան ծանօթացումն է որ պիտի ընէ Արա Սարաֆեան£
Արա Սարաֆեանի այս աշխատասիրութիւնը« որ կոչուած է ?Թալաթ Փաշայի Տեղեկագիրըª Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին?« անցեալները հրատարակուեցաւ Լոնտոնի մէջ ու Մուրատ Պարտաքճը բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ այդ հրատարակութեան դէմ£ Հաղորդագրութեան մէջ կþըսուի որ Մուրատ Պարտաքճը« որ հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացած է« կը պնդէ որ Սարաֆեանի աշխատասիրութիւնը հեղինակի իրաւունքի բռնաբարում է եւ բացայայտօրէն ?գողութիւն? մը£ Ան այս մասին Հապէր Թիւրքի մէջ յօդուած մը հրատարակած է ?Սփիւռքը իմ գիրքս գողցաւ? վերնագրով£
Պարտաքճը 2008 թուականին հրատարակած էր հայկական ցեղասպանութեան գլխաւոր հեղինակներէն Թալաթ Փաշայի երկար տարիներ գաղտնի պահուած փաստաթուղթերուն մէկ հաւաքածոն£ Իսկ Արա Սարաֆեան 5 Սեպտեմբերի ?Թիւրքիշ Տէյլի Նիուզ? թերթին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է որ Պարտաքճըի ուսումնասիրութիւնը պակասաւոր ու մոլորեցուցիչ է£
Սարաֆեան որ ուսումնասիրած է Թալաթ Փաշայի վերագրուած փաստաթուղթերը« կþըսէ որ այս փաստաթուղթերը ունենալը ծայր աստիճան կարեւոր է£ Ան կþաւելցնէ որ ինք իր կարծիքը հրապարակեց ու այս կերպով օրակարգի բերաւ այս խնդիրը£
Արա Սարաֆեանի ելոյթը պիտի կայանայ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան Իսթանպուլի Մասնաճիւղի Ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի ամպիոնին ու Անատոլու Քիւլթիւր հիմնարկութեան կազմակերպումով 25 Սեպտեմբեր Կիրակի ժամը 17©00ին Պէյօղլու Ճէզայիր Հաւաքասրահին մէջ£ Հաւաքոյթին պիտի մասնակցին փաստաբան Էրէն Քէսքին« հրատարակիչ Օսման Քէօքէր« պատմաբան Մէհմէտ Փոլաթէլ£
- Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը