Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կ'աթողիկոսութէան մասնակցութիւնը միջ-կրօնական միջազգային համագումարին


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կ'աթողիկոսութէան մասնակցութիւնը միջ-կրօնական միջազգային համագումարին

  • 20-09-2011 15:58:56   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
11-13 Սեպտեմբեր 2011, Միւնիխի մէջ (Գերմանիա), տեղի ունեցաւ «սէնթ Էճիտիօէի կազմակերպած միջ-կրօնական միջազգային համագումարը` «երկխօսութէան Ճամբով Համակեցութիւն Կրօններու եւ Մշակոյթներու Միջեւէ ընդհանուր թեմային շուրջ: Եանուն արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կ'աթողիկոսութէան, համագումարին մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալէէմէզէան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Եարաբերութիւններու եւ Տեսուչ Դպրեվանքի): Համագումարը համախմբեց Եկեղեցիներու, զանազան կրօններու եւ ընկերութէան կէանքին մէջ գործող կառոյցներու շուրջ 500 հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ, որոնք աղօթքով, լիակատար նիստերով եւ փոքր խումբերու քննարկումներով լեցուցին իրենց առօրէան: Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր, մայր տաճարին մէջ, Սրբազանը մաս առաւ 11 Սեպտեմբեր 2001ին, Ամերիկայի Միացէալ Նահանգներու մէջ կատարուած խափանարարութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած աղօթքին մէջ: Իսկ Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր, «հաւատացէալներ Օտար Երկիրներու Մէջէ կլոր սեղանի շրջագիծէն ներս, Սրբազանը դասախօսեց «հայ Քրիստոնէաներ Սփիւռքի Մէջէ նիւթին շուրջ, եատկապէս ծանրանալով 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորուած սփիւռքէան պայմաններուն մէջ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութէան վրայ: Եայտնենք, թէ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու խմբակ մը 1968ին հիմնած է «սէնթ Էճիտիօէ համայնքը, որ այսօր աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ կը հաշուէ 50 հազարէն աւելի անդամ-անդամուհիներ:
  -   Մամլո հաղորդագրություն