Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Նորվեկիոյ Դեսպանը


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Նորվեկիոյ Դեսպանը

  • 24-09-2011 11:02:37   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Ուրբաթ 23 Սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Նորվեկիոյ նոր Դեսպանª Դոկտ. Սֆէյն Ասը: Աւելի քան ժամ մը տեւեց Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպումը, որու ընթացքին ընդառաջելով դեսպանին հետաքրքրութիւններուն, Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւն տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցին ու առաքելութեան, հայ-թուրք յարաբերութեանց ու յատկապէս հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կեանքին մէջ հայ համայնքին բերած մասնկացութեան մասին: Նաեւ յատւկ քննարկումի նիւթ դարձաւ Ֆրոտճոֆ Նանսընի նուիրուած 7 Նոյեմբերին Կաթողիկոսարանէն ներս տեղի ունենալիք ժողովրդային հանդիսութիւնը, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի ու Նորվեկիոյ դեսպանները: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին փոխանցեց Կաթողիկոսարանի ?Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ?ին կողմէ հրատարակուած Ֆրոտճոֆ Նանսընի Armenia and the Near East գիրքը:
  -   Մամլո հաղորդագրություն