«Մահուան բժիշկ» Ճէք Գէորգեանի նկարներն ու անձնական իրերը աճուրդի պիտի հանուին


«Մահուան բժիշկ» Ճէք Գէորգեանի նկարներն ու անձնական իրերը աճուրդի պիտի հանուին

  • 03-10-2011 19:11:24   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա» «Մահուան բժիշկ», ամերիկահայ Ճէք Գէորգեանի ստեղծագործական աշխատանքները, նկարներն ու անձնական իրերը յառաջիկայ 27-28 Հոկտեմբերին աճուրդի պիտի հանուին Նիւ Եորքի թէքնիքագիտութեան կեդրոնէն ներս։ Գէորգեանի գծանկարներու մեծ մասը մռայլ է, գեղանկարչութեան հիմնական թէման մահն է, անձնասպանութիւնը, ընկճախտը ¤տէփրէսիոն_։ Բացի ատկէ, աճուրդի մէջ պիտի վաճառուին նաեւ Գէորգեանի անձնական իրերը, այդ կարգին սմոքինը, որով ան ներկայացած էր »Էմմի Օվարտս« մրցանակաբաշխութեան։ Ասիկա պիտի ըլլայ Գէորգեանի իրերու առաջին վաճառքը։ Աճուրդէն ստացուած եկամուտներու մէկ մասը պիտի ստանայ Գէորգեանի զարմուհին, որ բժիշկի միակ ժառանգորդն է, իսկ միւս մասը պիտի տրամադրուի քաղցկեղէ տառապող հիւանդ երախաներու կեդրոնին։ Յիշեցնենք որ բժիշկ Գէորգեան իր մահկանացուն կնքած էր 3 Յունիս 2011ին, 84 տարեկանին։ Ան կողմնակից էր «էօթէնազիի» եւ իր «օգնութեամբ» 1990-1998 թուականներուն 130 հիւանդներ մահացած էին։ 1989ին ան մշակած էր «մէրսիսթրոն»՝ անձնասպանութեան գործիքը, իսկ 4 Յունիս 1990ին «մէրսիսթրոն»ի օգնութեամբ անձնասպան եղած էր «մահուան բժիշկ»ի առաջին հիւանդը որ կը տառապէր Ալցհայմըր հիւանդութենէն։ Յիշեցնենք նաեւ որ Ալ Փաչինօ «Մահուան բժիշկ»ի դերը ստանձնած էր Պարի Լեւինսընի «Դուք չէք ճանչնար Ճէքը» անուն ժապաւէնի մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը