Պիւլէնտ Արընչ. «Նոյնութեամբ կը վերադարձնենք 1974-ին բռնագրուած փոքրամասնական կալուածները»
03-10-2011 19:14:35 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա»
Փոխ վարչապետ Պիւլէնտ Արընչ իր կողակցին հետ միասին ներկայ գտնուեցաւ Անթաքիոյ Քաղաքակրթութիւններու Երգչախումբ կոչուած ու երեք կրօնքներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ կազմուած երգչախումբին կողմէ Անէմոն պանդոկի մէջ սարքուած երգահանդէսին։ Փոխ Վարչապետը այս առիթով ըրաւ կրօնքներու միասնութիւնը ջատագովող ճառախօսութիւն մը, որու ընթացքին յիշեցուց որ Թուրքիա անիրաւօրէն բռնագրաւուած փոքրամասնական կալուածները նոյնութեամբ պիտի վերադարձնէ ու ասիկա հիմա Թուրքիոյ ճակատը մաքուրի պիտի հանէ։
Արընչ համերգէն առաջ ըրած իր ճառախօսութեան ընթացքին դիտել տուաւ որ ինք առաջին անգամ չորս տարի առաջ դեսպաններու ի պատիւ սարքուած հանդէսի մը ընթացքին էր որ իմացած էր այս երգչախումբը ու տեսած էր որ ան մեծ տպաւորութիւն գործած էր օտար դիւանագէտներու վրայ։ Երգչախումբը, որ երեք կրօնքներու միասնութիւնը կը ցոլացնէ, եւ կազմուած է զանազան ազգութիւններէ, նաեւ հայերէ, հիմա օրինակելի է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի համար, ըսաւ Արընչ։
Արընչ ըսաւ որ Մանիսայի մէջ իսկ հայեր կþապրին, երբ Քըրքաղաչ գնաց, տեսաւ 1916 թուականի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն մէկուն խմբանկարը, որուն մէջ հինգ հայեր տեղ գրաւած էին։
»Հայեր ապրեցան Մանիսայի կամ Քըրքաղաճի մէջ։ Այս հողերուն վրայ միասին ապրեցանք։ Օսմանեան ժամանակաշրջանը ցոյց տուաւ այս միասնութիւնը։ Հիմա մէկդի դրէք այն ինչ որ պատահեցաւ աւելի վերջ։ Անիկա տարբեր ողբերգութիւն մըն է։ Այսօր միւս կրօնքներն ալ իրենց հիւանդանոցներով, դպրոցներով, աղօթատեղիներով մեծ հարստութիւն մը կը կազմեն Թուրքիոյ համար։ Աւելի քան 160 համայնքային հաստատութիւններ կան, անոնք մեծ թիւով կալուածներ ունին։ 1974ին գրաւուած էին այդ կալուածները։ Մենք անցեալները օրէնքի համազօր կանոնագրութիւն վաւերացուցինք, մեր բռնագրաւած կալուածները նոյնութեամբ կը վերադարձնենք փոքրամասնական համայնքներուն։ Ասիկա Թուրքիոյ երեսը ճերմակ կը հանէ։ Օրինակ Պալըքլըի Յունական եկեղեցին մեր տարածքաշրջանի ամէնէն կարեւոր հիւանդանոցներէն մէկն է, հոն կը գործեն թմրեցուցիչի կամ ալքոլամոլութեան դէմ ամէնէն հեղինակաւոր բժիշկները։ Այնպէս կը հասկնամ որ քաղաքակրթութիւններու այս երգչախումբը եւ այս երգչախումբին ներկայացուցած իմաստը մէկն է այն պատճառներէն որոնք կը ստիպեն որ Թուրքիա անդամակցի Եւրոմիութեան։ Որովհետեւ ասիկա միասին ապրելու, բազմազանութեան մէջ միասնութիւն իրականացնելու սկզբունքը կը ցոլացնէ«, ըսաւ Արընչ։
Արընչ իր ճառախօսութեան մէջ դիտել տուաւ որ Թուրքիա հիմա պարտաւոր է ցոյց տալ թէ սխալ է այն վարկածը թէ կրօնքներն ու քաղաքակրթութիւնները բախումներ պիտի ունենան իրարու հետ։ Ընդհակառակը, հիմա կայ քաղաքակրթութիւններու համաձայնութիւն։
Անթաքիոյ Քաղաքակրթութիւններու Երգչախումբը կազմուած է 120 երգիչներէ որոնց միջեւ կան իմամներ, քահանաներ եւ խախամներ, կան Ալէվիներ, Հայեր, Հրեաներ, Օրթոտոքսներ եւ Կաթոլիկներ։ Համերգի ընթացքին զանազան լեզուներու կարգին հայերէն ժողովրդական երգեր ալ երգուեցան։
«Սապահ» թերթը դիտել կուտայ որ փոքրամասնութիւններու բռնագրաւուած կալուածները, անոնց մասին կատարուած դիմումէն վերջ 60 օրուան մէջ պիտի վերադարձուին իրենց տէրերուն։ Ասոր համար պայման է անշուշտ որ դիմողները ներկայացնեն 1936ի պէյաննամէներն ու թափուի վերաբերեալ հարկաւոր փաստաթուղթերը։ Եթէ ամէն ինչ կարգին է, 60 օրուան մէջ պէտք է վերադարձուին բռնագրաւուած կալուածները։ Եթէ կալուածները երրորդ անձի մը փոխանցուած են ու այլեւս անկարելի է որ կալուածը վերադարձուի, այդ պարագային ալ ատոր փոխարժէքը պիտի վճարուի։ Այժմ փոքրամասնական հիմնարկները մէկ տարուան ժամանակամիջոց ունին իրենց դիմումները կատարելու համար։