Նիսի «Ալիանս Արմէնիէն» միութիւնը նշեց Արցախի եւ Հայաստանի անկախացման 20րդ տարեդարձը


Նիսի «Ալիանս Արմէնիէն» միութիւնը նշեց Արցախի եւ Հայաստանի անկախացման 20րդ տարեդարձը

  • 04-10-2011 17:01:11   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Յառաջ» Հոկտեմբեր 4 Մայիս ամսուն, «Մեր պատմութեան էջեր»ու կրկնակի ձեռնարկներէն ետք, որոնք տեղի ունեցան Նիսի քաղաքապետական երկու տարբեր սրահներու մէջ՝ աւելի քան 500 հանդիսականներու ներկայութեան, Նիսի «Ալիանս Արմէնիէն» միութիւնը Սեպտեմբեր 21ի երեկոյեան ալ նշեց Արցախի եւ Հայաստանի անկախացման 20րդ տարեդարձը, 130 հանդիսականներու մասնակցութեամբ: Գլէօպ Նոթիքի սրահը թատերաբեմ հանդիսացաւ ճաշ-պարահանդէսի մը, ուր բոլոր սերունդները միախառնուած էին ջերմ եւ տօնական մթնոլորտի մէջ: Միութեան նախագահուհի տիկին Պետրոսեանի ողջոյնի արտայայտութիւններէն ետք, խօսքը տրուեցաւ Պարոն Վահէ Ճազմատարեանին, որ Միութեան պատուոյ անդամներէն է: Ան՝ յատկապէս երիտասարդութեան ուղղուած կուռ ճառ մը խօսեցաւ, զանոնք քաջալերելով միանալու, միասնաբար ամրապնդելու մեր երիտասարդ հանրապետութիւնը, մէկդի թողլով իրենց տարբերութիւնները: Նաեւ յիշատակը յարգուեցաւ անկախութեան ճամբուն վրայ ինկած մեր եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ գովքը հիւսուեցաւ մեր բանակին, որ հայրենիքի գոյատեւման երաշխիքն իսկ է: Նիսի հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Գրիգոր Խաչատրեան ներկաները օրհնեց եւ զանոնք հրաւիրեց Հայաստանի ու Արցախի յաւիտենութեան համար աղօթելու, նախքան ընթրիքի սկսիլը: Ապա սկսաւ ճաշատեսակներու տողանցքը, համեմուած՝ երգով ու պարով, զորս հրամցուցին միութեան տաղանդաւոր անդամները: Քիչ վերջ արդէն պարի հարթակը կը գրաւուէր ներկաներուն կողմէ, որոնք շղթայ մը հիւսած՝ կը պարէին մեր աւանդական քոչարին: Եւ այսպէս շարունակուեցաւ գիշերուան մինչեւ ուշ ժամերը, ուրախ եւ զուարթ մթնոլորտի մէջ:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը