86 տարեկան հասակին մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ յայտնի արձակագիր Կարպիս Սուրէնեան


86 տարեկան հասակին մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ յայտնի արձակագիր Կարպիս Սուրէնեան

  • 06-10-2011 17:53:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա» Ծանր, շատ ծանր կորուստ կրեց հայ գրականութիւնը, հայ մտաւորականութիւնն ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ։ Կարճատեւ, բայց ծանր հիւանդութեան հետեւանքով երէկ երեկոյեան, 86 տարեկան հասակին մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ յայտնի արձակագիր ու հրաշալի թարգմանիչ, համակողմանի զարգացած մտաւորական Կարպիս Սուրէնեան։ Հրաշալի անձ մը, սկզբունքային ու լրջախոհ մտաւորական մը, որ առանց սեթեւեթումներու, առանց ցուցամոլութեան ու պաշտօնամոլութեան, այլ ընդհակառակը արժանապատուութեամբ ու պարկեշտութեամբ ապրեցաւ ու վերապրեցաւ կեանքի իր դժուարին բաժինը։ Ան իր տքնաջան աշխատանքով հեղինակեց աւելի քան 15 գիրքերը, սերունդներուն թողլով գրական-գեղարուեստական, խոհական ու խոհա-փիլիսոփայական ամուր ու մնայուն վաստակ մը։ Կարպիս Սուրէնեան ծնած էր 21 Օգոստոս 1925ին, Աթէնքի մէջ։ Նախակրթութիւնը ստացած էր տեղւոյն Քոքինիա հայաշատ արուարձանի ազգային վարժարանի մէջ, իսկ 1938ին ընդունուած էր Մելգոնեան վարժարան, ուրկէ վկայուած էր 1945ին։ 1946էն գաղթած էր Հայաստան եւ մինչեւ 1958 թուական մաս կազմած Սովետական Հայաստանի պետական երգչախումբին, որպէս երգիչ։ 1959-1961ին հետեւած էր Մոսկուայի գրական բարձրագոյն դասընթացքներուն եւ վկայուած Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկէն։ Ան թարգմանած է Տոսթոյեւսքիի »Ապուշը« վէպը եւ Կրհարտ Հաուփթմանի »Մայրամուտէն առաջ« թատերախաղը։ Կարպիս Սուրէնեան կը նկատուէր հայաստանցի լաւագոյն փորձագրութեան հեղինակներէն մէկը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը