Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքէն գողցուած սրբապատկերները գտնուած են


Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքէն գողցուած սրբապատկերները գտնուած են

  • 06-10-2011 17:58:01   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա» Քանի մը օր առաջ կրկին արձագանգ հանդիսացանք Սպահանի թեմի Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքէն գողցուած սրբապատկերներու ճակատագրին, հաղորդելով որ այդ գողութեան համար ձերբակալուած են քանի մը կասկածեալներ։ Սպահանի Հայոց Թեմական Խորհուրդը 5 Հոկտեմբեր թուակիր հաղորդագրութեամբ մը մամուլին եւ ժողովուրդին տեղեկացուց որ գողցուած սրբապատկերները գտնուած են. Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ Թեմական Խորհուրդի ամիսներու հետեւողական աշխատանքներու եւ իրաւապահ մարմիններու ջանքերու շնորհիւ դէպքի առընչութեամբ մանրամասնութիւններ երեւան ելան։ »Քանի մը օր առաջ պատկան մարմիններ տեղեկացուցին որ իրենց մօտ կը գտնուին կարգ մը գողցուած պատկերներ, որոնք առգրաւուած են վաճառքի պահուն եւ միաժամանակ ձերբակալուած են երկու անձեր՝ պարսիկ մը եւ հայ մը։ Յետոյ ձերբակալուեցաւ հայ մը եւս։ Սկզբնական հարցաքննութենէն ետք, մինչեւ դատավարութիւնը, անոնք երաշխիքներով ազատ արձակուած են։ Քննելով գողօնը, հաստատուեցաւ որ առգրաւուած պատկերները կը պատկանին Ս. Ամենափրկիչ վանքի թանգարանին։ Այժմ այդ նկարները կը գտնուին պատկան մարմիններու մօտ եւ դատաքննութեան աւարտին պիտի վերադարձուին մեզի«, կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը