Մահացաւ գանատահայ յայտնի դերասանուհի Մարիվոն Քէնտէրճի, որ 96 տարեկան էր
06-10-2011 18:00:14 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա»
Գանատայի մէջ, մահացաւ գանատահայ յայտնի դերասանուհի Մարիվոն Քէնտէրճի, որ 96 տարեկան էր։ Բոլորը զինքը քնքշաբար Մարիվոն կը կոչէին։ Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ան ինքզինք կը ներկայացնէր որպէս »մեծմայր«, իսկ աւելի պաշտօնական կը ներկայանար մականունով՝ Քէնտէրճեան։ Այս խօսքերով կը նկարագրուի հայազգի արուեստագիտուհին, գրողը, դաշնակահարն ու հաղորդավարուհին, երաժշտութեան ու գրականութեան ոլորտներէ ներս բազում մրցանակներու դափնեկիրը։
Մարիվոն Քէնտէրճի ծնած էր 1915ին, Թուրքիոյ մէջ։ Ան երաժշտական կրթութիւն ստացած էր Փարիզի, իսկ արուեստներու պատմութիւն ուսանած՝ Սորպոնի համալսարանի մէջ։ Քէնտէրճի Գանատա փոխադրուած էր 1952ին։
»Րատիօ-Գանատա«ի մէջ ան վարած է աւելի քան 200 յայտագրեր՝ եւրոպական յառաջատար փառատօններէն։ Զինք կþանուանէին Փառատօններու Աստուածամայր։