Լիբանանի «Նոյեան Տապան» ցուցասրահը հրաւէր ստացած է մասնակցելու «Քարիւսէլ տեիւ Լուվր» միջազգային ցուցահանդէսին
06-10-2011 18:05:18 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Լիբանանի հայկական «Նոյեան Տապան» ցուցասրահը Լուվրի թանգարանէն հրաւէր ստացած է, մասնակցելու 21-25 Հոկտեմբերին կայանալի «Քարիւսէլ տեիւ Լուվր» միջազգային ցուցահանդէսին։
Լիբանանահայ գեղանկարիչ արուեստագէտ Մովսէս Հէրկէլեան ¤Նոյեան Տապան ցուցասրահի տնօրէնը_ հրաւէր ստացած էր տակաւին Մայիս ամսուն, երբ ցուցասրահը կը մասնակցէր Մոնաքոյի կերպարուեստի միազգային փառատօնին։
Փարիզի »Քարիւսէլ տեիւ Լուվր« միջազգային ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին գերիրապաշտ գեղանկարիչներ Վահրամ Դաւթեանի, Ռուբէն Աբովեանի ու Դաւիթ Դաւթեանի վերջին ստեղծագործութիւնները։
Նշենք որ տասը տարիէ ի վեր Հէրկէլեան աշխարհի ամենանշանաւոր ցուցահանդէսներու մէջ կը ներկայացնէ հայկական ժամանակակից կերպարուեստը։
»Նոյեան Տապան« ցուցասրահի առջեւ միջազգային նշանաւոր ցուցահանդէսներու դռները բացուեցան 2000ին, երբ Ժընեւի մէջ ցուցասրահը մասնակցեցաւ միջազգային մեծ ձեռնարկի մը։ Այդ ցուցահանդէսի ընթացքին ընտրուեցան աշխարհի լաւագոյն քառասուն նկարիչները, որոնց կարգին էր նաեւ Հէրկէլեանի ներկայացուցած կտաւներէն մէկուն հեղինակը՝ Վահրամ Դաւթեան։
Մովսէս Հէրկէլեան 25 միջազգային ցուցահանդէսներու մասնակցած է եւ հեղինակ է կարգ մը գիրքերու։ Ան Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան արուեստի ու ձեւաւորման գծով խորհրդականն է, Համաարաբական լրագրողներու միութեան ու Համալիբանանեան լրագրողներու միութեան անդամ։