Տիյարպաքըրի մէջ ձերբակալուած էին երկու Ֆրանսահպատակներ


Տիյարպաքըրի մէջ ձերբակալուած էին երկու Ֆրանսահպատակներ

  • 06-10-2011 18:10:46   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Մարմարա» Քանի մը թերթեր ինչպէս »Սթար«, »Ենի Շաֆաք«, »Սապահ«, »Ենի Աքիթ«, երէկ արձագանգ հանդիսացած էին տարօրինակ եւ անհաւատալիօրէն պղտոր լուրի մը, ըստ որու, ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու մեղադրանքով Տիյարպաքըրի մէջ ձերբակալուած էին երկու Ֆրանսահպատակներ։ Ասոնցմէ մէկն էր Տիգրան Սարգիս Արշակ Եկաւեան, որ Փարիզի մէջ հրատարակուող »Ֆրանս Արմէնի« թերթի աշխատակից լրագրող մըն է եւ որ մեզի ծանօթ պատուական, մտաւորական յատկութիւններո օժտուած երիտասարդ մըն է, որդին՝ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնի Վարիչ Տնօրէն Փրօֆ. Զաւէն Եկաւեանի, իսկ միւսը Էյիւպ Սուլթան Տէմիրճի անուն անձ մը։ Հաղորդուած լուրի համաձայն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պաշտօնեաները կասկածի վրայ 22 Սեպտեմբերին հսկողութեան տակ առած էին վերոյիշեալ երկու անձերը, որոնց վրայէն իբրեւ թէ գտնուած էին գիրքեր, նօթատետրեր, հասցէներ կամ մասնաւորաբար ֆրանսայի հիւպատոսարանէն բազմաթիւ անձերու այցեքարտեր, եւայլն։ Կþըսուէր որ այս երկու անձերը կապի մէջ էին նաեւ ինը ուրիշ Ֆրանսացիներու հետ որոնք կը մնային Կրին Փարք պանդոկի մէջ։ Հսկողութեան տակ առնուած այս անձերուն նօթատետրերուն մէջ կան եղեր անունները բազմաթիւ ծանօթ անձերու ինչպէս Օսման Գավալա, Լէյլա Զանա, Ճէնկիզ Աքթար, Պէ-Տէ-Փէի համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշ կամ հրապարակագիր Այշէ Կիւնէյսու։ Լուրը այնպէս մը հաղորդուած էր որ կարծես թէ վերի տուեալներուն մէջ ՓՔՔ-ի հետ կապեր ունեցած ըլլալու յանցագործութիւններ կային եւ աւելին՝ այս բոլորը իբր փաստ կþընդունուէին այն մասին թէ հիմա Ֆրանսայի պետութիւնն ու Ֆրանսայի Սփիւռքահայութիւնն ալ զօրավիգ կը կանգնէր Թուրքիոյ մէջ գործող ահաբեկիչներուն։ Այս լուրը բնականաբար երէկ մեծ մտահոգութիւն ստեղծեց մեր մօտ։ Յայտնի էր որ սխալ կամ չափազանցուած, պակասաւոր բան մը կար լրատուութեան մէջ, մնաց որ 22 Սեպտեմբերէն ասդին բաւական ժամանակ անցած էր եւ որեւէ տեղեկութիւն չէր տրուեր այն մասին թէ ինչ արդիւնք տուած էր ապահովութեան պաշտօնեաներուն քննութիւնը, թէ ինչպիսի զարգացումներ արձանագրուեցան այդ թուականէն մինչեւ երէկուան թուականը։ Բայց մեր անձնական միջոցներով ստուգեցինք որ Տիգրան Եկաւեանը երէկ արդէն Ֆրանսա կը գտնուէր եւ ձերբակալուած եւայլն չէր։ Այսօր »Սթար« եւ »Ենի Շաֆաք« թերթերը հրատարակեցին Տիգրան Եկաւեանի հերքումը։ Թերթերը այս անգամ արձագանգ կը հանդիսանան Տիգրան Եկաւեանի այն յայտարարութեան ըստ որու ինք ահաբեկիչ եւայլն չէ, ահաբեկչական որեւէ կազմակերպութեան հետ կապ չունի, պարզապէս սխալ հասկացողութիւն մը պատահած է, ինք Միջագետքի Ընկերային Ֆորումի մասնակցելու նպատակով որպէս լրագրող Տիյարպաքըր գացած էր, այս գծով անշուշտ տեսակցութիւններ ունեցաւ բազմաթիւ քիւրտ ու թուրք մտաւորականներու ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, եւ քանի որ լրագրող է, բնականաբար նօթեր արձանագրեց իր տետրակներուն մէջ, Ֆորումի ընթացքին բազմաթիւ երիտասարդներու հետ տեսակցեցաւ, անոնց կազմակերպութիւններուն մասին գիրքեր ու պրօշիւրներ ստացաւ։ Այդ օրը ոստիկան մը սպաննուած էր Տիյարպաքըրի մէջ եւ ապահովութեան պաշտօնեաները կը փնտռէին կասկածելիները։ Երբ պանդոկ կը վերադառնար, ոստիկանները կեցուցին զինքը ու հարցաքննութեան տարին։ Գրաւեցին իր նօթատետրերը։ Բայց շուտով հասկցան որ ինք ահաբեկիչ եւայլն չէր։ Քանի մը ժամ վերջ զինքը ազատ արձակեցին։ »Ես պարզապէս լրագրող եմ եւ ահաբեկչական որեւէ կազմակերպութեան հետ կապ չունիմ, ես ֆորումի մասին յօդուած գրելու համար է որ Տիյարպաքըր եկած էի« ըսաւ Տիգրան Եկաւեան։ Երէկ վերոյիշեալ թերթերուն կողմէ հրատարակուած լուրին ձեւը դժբախտաբար մտահոգիչ է ու բաւական ալ հրահանգիչ, որովհետեւ թերթերը երէկ թէեւ գրած էին որ երկու անձերը հսկողութեան տակ առնուած էին, բայց չէին գրած որ այդ երկու անձերը երկու-երեք ժամ վերջ ազատ արձակուած էին որեւէ յանցանքի չգոյութեան պատճառաւ։ Թերթերը չէի՞ն իմացած արդեօք որ այդ երկու անձերը անմեղ գտնուած ու ազատ արձակուած էին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը