Անցեալ շաբաթ գրած էի աղմկայարոյց դէպքի մը մասին, երբ հայ պաշտօնեաներ թոյլ չէին տուած ֆրանսահայ համայնքի ղեկավար Մուրատ Փափազեանի, որ իր կեանքը նուիրած է Հայ Դատի պաշտպանութեան, մուտք գործել
Ատրպէյճանի Ձիավարժութեան ընկերակցութեան նախագահ Էլչին Կուլիեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 16 Մայիսին Անգլիոյ թագուհիին նուիրած է «ղարաբաղեան հազուագիւտ նժոյգ»՝ «Շոհրաթ» (փառք) անունով, իբրեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ «ընծայ»։ Ատրպէյճան հրաւիրուած էր ելոյթ
Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ Թուրքիոյ նախագահն է 2014 թուականէն ի վեր, կը ծրագրէ յառաջիկայ տարի կրկին առաջադրել իր թեկնածութիւնը: Նախապէս, 2003էն 2014 տարիներուն, ան եղած է վարչապետ, իսկ 1994-ին,
Ամերիկահայ համայնքը ամէն օր քիչ մը աւելի կը հիասթափի նախագահ Ճօ Պայտընի հակահայկական արարքներէն։ Ցարդ ան աւելի վնաս հասցուցած է Հայաստանի շահերուն, քան օգուտ։ Անցեալ տարի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն 24
29 Ապրիլ 2022-ին, նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ հրաւիրած էր միջազգային համաժողով՝ «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» խորագրով, որուն մասնակցած են 23 երկիրներէ 40 պաշտօնատարներ։ Համաժողովը տեւած
ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն 24 Ապրիլին գրաւոր յայտարարութիւն տարածած է այն մասին, որ երկրորդ տարին ըլլալով պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ահա՛ հատուած մը Պայտընի ճանաչումէն. «1915ի 24 Ապրիլին Կոստանդնուպոլսոյ
Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ երկու հակամարտող կողմերու միջեւ իր կեղծաւոր խաղը, ձեւանալով՝ իբրեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ բարեկամ, իր լարախաղացութենէն առաւելագոյն չափով օգուտ քաղելու համար։ Այսուամենայնիւ, Թուրքիա չի կրնար երկար ժամանակ
Կրնան գտնուիլ պետութիւններու ղեկավարներ, որոնք դատի տուած ըլլան իրենց կառավարութիւնները իրենց տապալումէն ետք, կամ իրենց ունեցուածքի բռնագրաւման ի հետեւանք, սակայն ես չեմ ճանչնար ղեկավար մը, որ իր պաշտօնավարութեան ժամանակ
Ներկայիս ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիոյ մէջ, հաւանաբար երկու կողմերուն համար ամէնէն վատ տարբերակն է, իրականութեան մէջ, բոլոր կողմերուն համար։ Նախ եւ առաջ, ասիկա սարսափելի ողբերգութիւն մըն է ռուսական ներխուժման