Ատրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ատրպէյճան»


Ատրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ատրպէյճան»

  • 09-12-2023 11:00:38   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
Մինչ  հայերը  զբաղած են Արցախի կորուստով եւ կը փորձեն յաղթահարել ատոր ողբերգական հետեւանքները, Ատրպէյճան  կը բազմացնէ իր պահանջները՝ մեկնարկելով  քարոզարշաւ՝ պնդելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը իբրեւ թէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» է: Աշխարհի մէջ ոչ մէկ խելամիտ մարդ լրջօրէն կ՛ընդունի այս մեծ սուտը, այն պարզ պատճառով, որ Ատրպէյճան ստեղծուած է ընդամէնը մէկ դար առաջ, մինչդեռ Հայաստան գոյութիւն ունի հազարամեակներէ ի վեր: Նոյնիսկ «Քոքա Քոլա»ն աւելի հին է, քան Ատրպէյճանը...
 
Նախագահ Ալիեւի օրհնութեամբ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ի ստեղծումէն ետք, Ատրպէյճան համաշխարհային արշաւ սկսաւ՝ իր անհեթեթ ծրագիրը ամբողջ աշխարհի եւ ՄԱԿի մէջ տարածելու համար: Այն հայերը, որոնք մտահոգուած են Հայաստանի Սիւնիքի մարզի կամ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ի շուրջ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական ծրագիրներով, պէտք է աւելի անհանգստացած ըլլան՝ ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գրաւելու Ատրպէյճանի  չափազանց մեծ ախորժակէն՝ Արցախի բռնգրաւումէն ետք։
 
Ահա՛ այն չորս գործողութիւնները, որոնց ձեռնարկած է Ատրպէյճան ՄԱԿի մէջ, վերջին ամիսներուն.
 
1) 17 Յունուար 2023ին, ՄԱԿի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Եաշար Ալիեւ Գլխաւոր խորհուրդի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր անդամներուն միջեւ տարածեց  «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ի նամակը՝ յայտարարելով, որ «Ներկայիս Հայաստանի տարածքէն վտարուած բոլոր ատրպէյճանցիները եւ անոնց սերունդները իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց հայրենիքը»։
 
2) 22 Փետրուար 2023ին, Ատրպէյճան ՄԱԿի ներկայացուց երկրորդ նամակ մը, ուր հայերը կը մեղադրուէին «բռնութեան, ցեղասպանութեան, ջարդերու, մարդկութեան դէմ այլ յանցագործութիւններու կատարման եւ մարդկային  իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարման մէջ։  Այս գործընթացը յատկապէս կատաղի եւ դաժան եղած է 1905–1906, 1918–1921, 1948–1953 եւ 1987–1991 թուականներուն»։ Նամակին մէջ կը նշուէր, որ «ներկայիս Հայաստանի մէջ ատրպէյճանական պատմամշակութային ժառանգութիւնը, ներառեալ մզկիթներն ու գերեզմանները, զանգուածաբար ոչնչացուած են, տեղանունները փոխուած եւ պարբերաբար իրականացուած է ազգային խտրականութիւն ատրպէյճանցիներու հանդէպ»։
 
Աւելի՛ն, Ատրպէյճան ՄԱԿէն պահանջեց ձեռնարկել հետեւեալ քայլերուն, Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցիները բնակեցնելու համար.
 
« - Իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող միջազգային համաձայնագիրի ձեռքբերում՝ համապատասխան ստուգման եւ երաշխիքներու մեքանիզմներով՝ ապահովելով  ներկայ Հայաստանի տարածքէն վտարուած ատրպէյճանցիներու կամաւոր, անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը իրենց հայրենիք.
 
- Վերադարձի գործընթացի ապահովում անվտանգութեան, մարդասիրական եւ ընկերային-տնտեսական աջակցութեան համապատասխան ծրագիրներով.
- Միջազգային վերահսկողութեան, հաշուետուողականութեան, անվտանգութեան, միջամտութեան եւ այլ անհրաժեշտ գործողութիւններու իրականացում` արտաքսման, խտրականութեան եւ վերադարձած բնակչութեան վնասելու կրկնութիւնը կանխելու համար.
- Վերադարձողներու կայուն վերականգնման եւ վերահամարկման ապահովում՝ միջազգային հսկողութեան տակ վերակառուցման եւ հաշտեցման չափանիշներու իրականացման միջոցով»:
 
ՄԱԿի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը պահանջած է, որ Հայաստան վերադարձող ատրպէյճանցիները «անարգել հաղորդակցութիւն ունենան Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ»։ Ասիկա շատ վտանգաւոր առաջարկ է, ինչ որ կը  նշանակէ, թէ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կը փափաքի իր վերահսկողութեան տակ ճամբայ ունենալ Հայաստանի տարածքին։ Նամակին մէջ աւելցուած է, որ Հայաստան վերադարձող ատրպէյճանցիները ո՛չ թէ պէտք է ցրուել ամբողջ երկիրով, այլ միասնական պահել իբրեւ խումբ եւ ապահովել անոնց անվտանգութիւնն ու իրաւունքները։ Աւելի տագնապալի է այն պահանջը, ըստ որուն ատրպէյճանցիները պիտի կարենան «ատրպէյճաներէնը օգտագործել  (Հայաստանի) կառավարութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններուն մէջ»: Ատրպէյճան աւելցուցած է նաեւ հետեւեալ անհեթեթ պահանջը. «Ատրպէյճանցիները իրաւունք ունին կազմելու տեղական անվտանգութեան ուժեր եւ համապատասխան դեր ստանձնելու դատարաններու մէջ»։ Ասիկա իրականութեան մէջ կը նշանակէ, որ Հայաստան պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի կցորդ, ինքնիշխան հանրապետութիւն ըլլալու փոխարէն։  
 
Ասկէ զատ, Հայաստան վերադարձող ատրպէյճանցիներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար Ատրպէյճան «անհրաժեշտ կը համարէ տեղակայել միջազգային անվտանգութեան առաքելութիւն՝ համապատասխան մանտադով եւ ներառելով արեւմտեան ատրպէյճանցիներու կողմէ վստահութիւն վայելող երկիրներու ուժերը այն տարածքներուն մէջ, ուր անոնք կը վերադառնան»:
 
Այսինքն՝ Ատրպէյճան կը փափաքի օտարերկրեայ զօրքեր տեղակայել Հայաստանի տարածքին, ինչ որ միանգամայն անընդունելի է։ Ատրպէյճան նաեւ յայտարարած է, որ «Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ապահովէ ատրպէյճանցիներուն պատկանող գոյքի եւ համայնքային հողերու վերադարձը եւ հատուցում վճարէ գոյքի օգտագործումը խոչընդոտելու հետեւանքով պատճառուած գոյքային վնասի եւ կորուստներու համար»: Անոնք, որոնք այսպիսի ցնորամիտ պահանջներ կը ներկայացնեն, կը նշանակէ, որ կ՛ապրին երազային աշխարհի մէջ:
 
3) «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ը Ապրիլ 2023ին նամակ յղած է ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերէշի՝ խնդրելով «ՄԱԿի յատուկ առաքելութիւն ուղարկել Հայաստան՝ հոնկէ վռնտուած ատրպէյճանցիներու ի նպաստ ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի գործընթացը սկսելու համար»։
 
4) «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ը Հոկտեմբեր 2023ին զեկոյց ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Տնտեսական, Ընկերային եւ Մշակութային Իրաւունքներու Հարցերով կոմիտէին։ Ըստ ատրպէյճանական լրատուական միջոցներուն՝ ՄԱԿի կոմիտէն «Հայաստանէն պահանջած է անդրադառնալ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ի բարձրացուցած հարցերուն»։ Եթէ այս պնդման մէջ դոյզն չափով ճշմարտութիւն կայ, ապա յոյսով եմ, որ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչը արձագանգած է Ատրպէյճանի  մեղադրանքներուն  եւ  բացայայտած ատրպէյճանական կեղծիքը։
 
Այս այն ոխերիմ թշնամին է, որուն գծով Նիկոլ Փաշինեան միամտօրէն կը կարծէ, թէ կրնայ հետը «Խաղաղութեան պայմանագիր» կնքել։ Այս անհարկի «Խաղաղութեան պայմանագիր»ը իրականութեան մէջ կը վնասէ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն։ Ատրպէյճան արդէն կը պահանջէ, որ «Հայաստանէն վտարուած ատրպէյճանցիներ»ու իրաւունքները ներառուին այսպիսի պայմանագիրի մը մէջ՝ ատով իսկ հիմք ստեղծելով Ատրպէյճանի կողմէ հետագայ յարձակունակութեան եւ բռնագրաւման համար։ ՄԱԿի ուղղուած ատրպէյճանական նամակին մէջ, ըստ էութեան, կայ այսպիսի տագնապալի դրոյթ. «(Ատրպէյճանական) համայնքը կը ձգտի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ ներառել արեւմտեան ատրպէյճանցիներու հայրենիք վերադառնալու համար պայմաններու ստեղծումը՝ իբրեւ Հայաստանի պարտաւորութիւն»:
 
Այս անհեթեթութեան վերջ տալու միակ ճամբան այն է, որ Հայաստան դադրեցնէ Ատրպէյճանի անվերջ զիջումներու երթալու կործանարար գործընթացը եւ մերժէ անոր բոլոր անընդունելի պահանջները։
 
Յարութ Սասունեան
 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
  -   Քաղաքական