Կարելի՞ է Հայաստանի մէջ ըլլալ միաժամանակ ե՛ւ գործարար, ե՛ւ ընդդիմադիր ճակատի համակիր


Կարելի՞ է Հայաստանի մէջ ըլլալ միաժամանակ ե՛ւ գործարար, ե՛ւ ընդդիմադիր ճակատի համակիր

  • 12-01-2012 10:06:05   | Ֆրանսիա  |  Հարցազրույցներ
ԽՄԲ. «ՆՅ»ի.− Ֆրանսահայ գործարար՝ Վալերի−Աշխէն Գործունեան, վերջերս Հայաստանի մէջ դարձաւ հարկային տեսչութեան թիրախ, որուն պատճառով 16 տարի տնտեսական գործունէութիւն վարելէ ետք, Դեկտեմբերի վերջաւորութեան որոշեց վաճառել Երեւանի հանրածանօթ իր «Փարիզեան սուրճ» ընկերութիւնը եւ վերադարձաւ Փարիզ։ Նկարագրով՝ յանդուգն եւ ըմբոստ, տիկին Գործունեան, հոսանքն ի վեր թիավարող է։ Ներդրում կատարած է Հայաստանի մէջ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրօք՝ տնտեսական սուր տագնապի պահուն։ Այսօր, կրկին տնտեսական սուր տագնապի պահու մըն է որ կը լքէ Հայաստանը, հակառակ իշխանութիւններուն կողմէ սփիւռքահայերուն ներդրումը քաջալերելու ուղղութեամբ տարած քարոզչական աշխատանքին։ Տիրող վարչակարգի հանդէպ Տիկին Գործունեան սուր քննադատութիւններ կը կատարէ, որոնք կ?առաջնորդեն հետեւեալ էական հարցադրումին՝ «Կարելի՞ է Հայաստանի մէջ ըլլալ միաժամանակ ե՛ւ գործարար, ե՛ւ ընդդիմադիր ճակատի համակիր»։ Ան՝ միակը չէ, իրմէ առաջ ամերիկահայ գործարար Նարեկ Յարութիւնեան եւս հալածանքի թիրախ դարձաւ իր քաղաքական արդարամէտ եւ ազատատենչ համոզումներուն համար, նոյնիսկ կարճ ժամանակ բանտարկութեան ենթարկուեցաւ, սակայն ազատ արձակուեցաւ զանազան մակարդակի հակազդեցութիւններու տարափին տակ։ Հ. Տիկին Գործունեան, Ամանորին Հայաստանէն վերադարձած էք Ֆրանսա. յետադարձ հայեացքով երբ կը նայիք վերջին ամիսներու իրադարձութիւններուն, ի՞նչ կը զգաք: Պ. Գիտէք, չեմ կրնար հաւատալ, որ պիտի վերջնականօրէն լքեմ Հայաստանը. անշուշտ, նկատի ունիմ գործի առումով, որովհետեւ Հայաստանը միշտ իմ կեանքին մէջ կը մնայ: Երբեմն տեսակ մը վախ կը զգամ՝ թէ ինչպէս պիտի ինքզինքս վերագտնեմ Ֆրանսայի մէջ… Ո՞րքանով իմ տեղը նորէն պիտի գտնեմ հայկական պայքարին մէջ… Հ. Հայկական պայքար ըսելով՝ ի՞նչ կը հասկնաք: Պ. Քաղաքական պայքար, ընկերային պայքար, կանանց պայքար, Հայ Դատ, հանրային պայքար… Երբ Հայաստան կ?աշխատիս, անկախ քեզմէ՝ կը ներքաշուիս պայքարի մէջ, մանաւանդ որ ես, որպէս ֆրանսական մշակոյթը կրող սփիւռքահայ կին, շատ բաներու մասին կրնայի խօսիլ: Տնտեսական գործունէութեամբ զբաղող մարդ ըլլալով՝ ես հոն բաւական մեծ լսարան ունէի… Իսկ հոս, ես հին պայքարող եմ Հայ Դատին համար, բայց հիմա յաճախ կ?ըսեմ, որ եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքը ընդունուի Ծերակոյտին կողմէ, ազգային շատ մը դէմքեր անգործ պիտի մնան եւ թոշակի անցնին… Ամեն պարագայի, այս պայքարը ոչ թէ Հայաստանի, այլ մեր՝ ֆրանսահայ գաղութի երկարամեայ պայքարն է. բնականաբար ուրախ եմ, հակառակ անոր որ եթէ ան յաջողութեամբ պսակուի, պարզապէս խորհրդանշական յաղթանակ մը կ?ըլլայ… Հ. Հայաստան պիտի շահի՞ այդ յաղթանակէն: Պ. Ես չեմ ընդունիր, որ Հայաստանի պետութիւնը սեփականացնէ այդ պայքարը, որ Ֆրանսահայերու պայքարն է, եւ իրենք է որ պիտի շահին… Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի լաւ է՝ զբաղին երկրին ներքին խնդիրները լուծելով, քանի այդ բնագաւառին մէջ իրենք տակաւին շա՜տ գործ ունին ընելիք… Մէկ դրական բան կայ այս ամենուն մէջ. եթէ նշուած օրէնքը հաստատուի, սփիւռքահայութիւնը ստիպուած պիտի շրջուի դէպի Հայաստան, որովհետեւ ուրիշ զբաղում պիտի չունենայ: Եւ այն ատեն, իմ ընկերներէն շատեր, որ հոս պայքարած են, պիտի կարենան իրենց ուժն ու եռանդը ներդնել Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու, ընկերային եւ այլ ազատութիւններու պաշտպանութեան… Հ. Ո՞րն է, ձեր կարծիքով, Հայաստանի մէջ ամենէն շատ աչքի զարնող՝ աղէտաբեր թերացումը: Պ. Կաշառակերութիւնը: Ասոր հետ կապուած՝ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Անհրաժեշտ է՝ գործարար միջավայրի բարելաւում: Տնտեսութեան մէջ մենաշնորհներու վերացում: Այս բոլոր խնդիրները հրատապ լուծումի կը սպասեն պետութեան կողմէն, որպէսզի Հայաստան գրաւիչ երկիր դառնայ սփիւռքահայ ներդրողներուն համար: Հ. Տիկին Գործունեան, եթէ մնայիք Հայաստան եւ փորձէիք մինչեւ վերջ պայքարիլ՝ ներսէն փոխելով իրավիճակը, աւելի արդիւնաւէտ պիտի չ?ըլլա՞ր: Պ. Տնտեսութեան մարդը պայքարելու համար պէտք է նիւթական յենարան ունենայ: Իսկ երբ իմ նիւթականը խեղդեցին, ես պարզապէս միջոց չունէի այլեւս հոն մնալու եւ ներսէն պայքարելու համար: Հ. Քիչ մը կը պատմէք՝ ի՞նչպէս սկսաւ ձեր տնտեսական գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Պ. «Փարիզեան սուրճ»ը, նախ եւ առաջ, բովարան էր. 16 տարի առաջ Ֆրանսայէն մեքենայ մը տարինք եւ կը բովէինք խանութին մէջ, ժողովուրդն ալ կրնար հետեւիլ այդ ամբողջ գործընթացին: Յետագային՝ քանի մը տարի անց, բացինք սրճարանը՝ Աբովեան փողոցին վրայ, իսկ գործատունն ալ հիմա Ջրվէժի մէջ է. հոն սուրճը կը բովէինք, կ?աղայինք, ծրարումը կ?ընէինք եւ յետոյ կ?առաքէինք ամբողջ Հայաստանի տարածքին: Սուրճի գործը մեր մօտ ընտանեկան է. հօրմէս կու գայ. հայրս վանեցի ընտանիքի զաւակ էր՝ ծնած Երեւան, եւ քանի որ իրենք հակա-խորհրդային հայեացքներ ունէին (ռամկավար էին), արտագաղթեցին Ֆրանսա: Հայրս միշտ կ?ըսէր՝ յաջողելու համար երկու հանգամանք պէտք է. բախտ եւ աշխատասիրութիւն: Ինք գնաց Գամըրուն, հոն սկսաւ իր գործունէութիւնը, յետոյ Ֆրանսայի մէջ ալ մեծ յաջողութիւններու հասաւ: Իսկ ես ալ, ահաւասիկ, խորհրդանշական կերպով, սուրճի գործով նորէն Հայաստան հասայ: Հ. Եթէ ձեր հայրը հիմա ողջ ըլլար, ի՞նչ հայեացքով պիտի նայէր այս բոլոր դէպքերուն: Պ. Ինք թոյլ պիտի չտար, որ հեռանայի Հայաստանէն: Բայց միեւնոյն ժամանակ, ինք ինծի հաւանաբար նիւթական միջոցները կու տար, որ կարենամ շարունակիլ… (կը ծիծաղի): Ես կին եմ, մայր եմ, եւ դժբախտաբար կարելիութիւն չունիմ՝ եսասիրաբար միայն իմ հաճոյքի, իմ պայքարի մասին մտածելու. ես պատասխանատու մայր եմ, եւ պէտք է մտածեմ իմ երկու զաւակներուն մասին, որ հոս են: Ատիկա չի նշանակեր, թէ պայքարս կը դադրեցնեմ: Պարզապէս Հայաստանի իշխանութիւններուն միջոցները աւելի զօրաւոր էին, եւ նիւթապէս ինծի ճնշեցին: Հ. Տիկին Գործունեան, թեէւ արդէն շարք մը հարցազրոյցներ տուած էք Հայաստանի մէջ, բայց մեր ընթերցողներուն համար կրնա՞ք հակիրճ կերպով ներկայացնել, թէ ո՞րն էր խնդիրը, որ ձեզ ստիպեց հեռանալ երկրէն: Պ. 2010ին հարկային ծառայութեան աշխատողները սխալներ գտան՝ 3 տարի առաջուան հաշուապահութեան մէջ. 53 միլիոն դրամի սխալ կար: Իմ հաշուապահը ինծի ըսաւ՝ տիկին Աշխէն, մի՛ մտահոգուիք, պիտի շտկենք այդ ամենը: Սակայն այդ ամենը մնաց, եւ ժամանակը գայ՝ պիտի խօսիմ ատոր մասին ալ: Ամեն օր այդ գումարին կ?աւելնար 0,15 տոկոս, եւ վերջնական գումարը որ ինձմէ առին՝ մօտ 80 միլիոն դրամ էր: Իմ բոլոր նամակները եւ հանդիպումները՝ ժամանակի ընթացքին գումարը մաս-մաս, ամսէ ամիս վճարելու խնդրանքով, անպատասխան մնացին: Հաւանաբար բան մը կար, որ չէի ըներ ըստ իրենց սովորութեան. ինչ որ ալ ըլլայ, ես չեմ գիտեր կաշառել, եւ ատիկա իմ սկզբունքներուն դէմ է: Երկրի մը իշխանութիւնները, որուն տնտեսութիւնը այդքան փոքր է, այդքան քիչ ներդրող ունի, շահագրգռուած պէտք է ըլլային տնտեսվարող մը չկորսնցնելով, որ քիչ թէ շատ, գոնէ 50 աշխատատեղ կը պահէ… Հ. Կը մտածէք, որ ձեր ընդդիմադիր ըլլա՞լը դեր խաղաց այս տեսակ վերաբերումին մէջ: Պ. Այո՛, ես չեմ ժխտեր, որ քրոնիք ընդդիմադիր եմ եւ ատանկ ալ կը մնամ, որովհետեւ ընդդիմադիր ըլլալը առողջարար է: Նամանաւանդ, եթէ բազմաթիւ թերութիւններ կան երկրին մէջ, կառուցողական քննադատութիւնը միշտ ալ օգտակար է: Հարցը միայն ցոյցերուն երթալը, կամ Մարտ 1ի պատկերները սրճարանիս մէջ փակցնելը չէր: Երեք տարի առաջ ես Հայաստանի արդարադատութեան հետ խնդիրներ ունեցայ, եւ հոս՝ Ֆրանսայի մէջ բաց նամակով մը հանդէս եկայ: Ան թարգմանուեցաւ հայերէն եւ բաւական մեծ արձագանգ ունեցաւ Հայաստանի մէջ: Այն ատեն նախագահը նոր էր, եւ իրենք ատիկա դիտեցին իբրեւ քաղաքական քայլ… Հ. Իսկ գուցէ բացատրութիւնը շատ պարզ է, եւ ուղղակի մէկը կ?ուզէր տիրանա՞լ «Փարիզեան սուրճ»ին: Պ. Ես չեմ գիտեր եւ 100 տոկոսով վստահ չեմ կրնար ըսել… Մեր ընկերութիւնը կը գրաւէ հայաստանեան սուրճի շուկայի ընդամենը շուրջ 0,5 տոկոսը: Բայց հաստատ է, որ «Փարիզեան սուրճ»ը, իբրեւ ծանօթ վաճառանիշ, կրնար խանգարել ուրիշներուն… Ամեն պարագայի, գործատունը արդէն վաճառած եմ, կը մնայ միայն սրճարանն ալ վաճառելը, եւ վերջ: Հ. Յաջորդ անգամ ե՞րբ Հայաստան մեկնելու մտադիր էք: Պ. Երբ իմ փաստաբանս ըսէ, որ արդէն սրճարանի վաճառքի պայմանագիրը պատրաստ է, պիտի երթամ որ ստորագրեմ: Կարծեմ որ այս գնորդները գոնէ նորմալ եւ խելացի մարդիկ են: Ինծի ալ առաջարկած են սենեակ մը յատկացնել վերի յարկը, որ Հայաստան այցերուս հոն բնակիմ, որպէսզի «Փարիզեան սուրճ»ի «ոգին» հոն մնայ: Ես, ամեն օր, երբ «Փարիզեան»ի մէջ կը նստէի սուրճ կ?ըմպէի, շատեր ինծի կը մօտենային, կը զրուցէինք, կը ծանօթանայինք… Յոյս ունիմ, որ հիմա ալ, գոնէ տարին երկու-երեք անգամ պիտի կարենամ Հայաստան երթալ եւ որոշ չափով մասնակցիլ այն պայքարներուն ու ջանքերուն, որ պիտի մեր երկիրը քիչ մը աւելի մօտեցնեն մեր երազած օրինակելի պետութեան տիպարին, որ մեր բոլորինը պիտի ըլլայ… Եթէ չունենանք հզօր պետութիւն, սփիւռքահայութիւնը մէկ-երկու սերունդ յետոյ պիտի ձուլուի, վերանայ: Հետեւաբար, ինծի համար ամենէն կարեւոր, առաջնակարգ պայքարը ա՛յդ է՝ մե՛ր երկիրը շէնցնելը, ոչ թէ ուրիշներունը: Հարցազրոյցը վարեց՝ ՏՈՐՔ ԴԱԼԱԼԵԱՆ
Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ