Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը կրկին առաջնութիւն շահեցաւ Միջազգային Մայնտ Լապ մտային խաղերու Թուրքիոյ աւարտական մրցումներուն մէջ


Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը կրկին առաջնութիւն շահեցաւ Միջազգային Մայնտ Լապ մտային խաղերու Թուրքիոյ աւարտական մրցումներուն մէջ

  • 16-05-2011 18:43:06   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Մարմարա Հաճոյքով ու մեծ հպարտութեամբ կը տեղեկանանք թէ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը կրկին առաջնութիւն շահեցաւ Միջազգային Մայնտ Լապ մտային խաղերու Թուրքիոյ աւարտական մրցումներուն մէջ, որոնց մասնակցեցան 15 վարժարաններ։ Եզրափակիչ հասած 15 վարժարաններէն եօթը հայկական վարժարաններ էին. Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեանը, Եշիլգիւղի հայոց վարժարանը, Արամեան-Ունճեան վարժարանը, Տատեան վարժարանը, Գարակէօզեան վարժարանը, Էսաեան վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը, բայց Մէրամէթճեան վարժարանի ու Ըշըք վարժարանի խումբը ախոյենութեան գլխաւոր յաւակնորդները կը հանդիսանային։ Մրցումը կայացաւ Շաբաթ կէսօրին, Աթաշէհիրի »մայր գիտութեան կրթութեան հաստատութիւն« կեդրոնին մէջ եւ ինչպէս նախորդ երկու տարիներուն, Ֆէրիգիւղցի աշակերտները կրկին մեր սիրտերը ուռեցուցին անհուն հրճուանքով մը։ Անոնք երրորդ անգամ անընդմէջ տիրացան ախոյենութեան բաժակին։ Թուրքիոյ 5րդ աւարտականներուն, Մէրամէթճեան վարժարանէն »Օքթի« մրցումի մասնակցեցաւ Արտա Թարաքճըօղլու, »Չէքըրս« մրցումին՝ Սէրտար Փարմաքսըզ, Ապալոն«ին Մէրի Գուզուճու, եւ »Քորիտոր«ին՝ Լարիսա Ըլկարլար։ Մրցումները կայացան հինգ հանգրուանով եւ Մէրամէթճեանցիներ առանց պարտութիւն կրելու միանձնեայ առաջատար հանդիսացան ու առաջնութիւնը շահեցան։ Բացի խմբային յաղթանակներէն, Մէրի Գուզուճու եւ Լարիսսա Ըլկարլար յաղթանակով վերջացուցին իրենց բոլոր խաղերը եւ լազէրով մէկմէկ մատիտ որպէս նուէր ստացան։ Խումբի մէջ պահեստի անդամներ էին Րաֆֆի Աշճեան, Սիմոն Էօզէր, Սարին Թաշհան։ Մէրամէթճեան վարժարանէն վերջ երկրորդ կարգը գրաւեց Եշիլգիւղի Հայոց վարժարանի խումբը, իսկ երրորդութիւնը շահեցաւ Ֆէվզիյէ Դպրոցներու Ըշըք նախակրթարանը։ »Մայնտ Լապ«ի միջազգային ողիմպիականները այս տարի պիտի կայանան 14-16 Յունիսին Փորթուկալի Քասքէ քաղաքին մէջ։ Ինչպէս պիտի յիշուի, էրիգիւղցի աշակերտները 2009ին Վենետիկի ողիմպիականներուն երկրորդ հանդիսացած էին, իսկ անցեալ տարի ալ կրկին Թուրքիան ներկայացուցած էին Պուտափէշթի մէջ կայացած ողիմպիականներուն։ Մրցումէն ետք Ֆէրիգիւղցի աշակերտներն ու վարժարանի պատասխանատուները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակիցները, վարժարանի պատասխանատուներ եւ ծնողներ հաւաքուեցան եկեղեցւոյ երդիքին տակ ու ծափահարութիւններով իրենց գնահատանքը յայտնեցին ախոյեան աշակերտներուն։ ՄԱՐՄԱՐԱ եւս իր ձայնը կը միացնէ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին ու ջերմօրէն կը շնորհաւորէ այս խելացի աշակերտները, վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Արփի Մանուկեանը, ուղեցոյց ուսուցիչ Սթէլլա Պէնսասոնն ու »Մայնտ լապ« խաղերու ուսուցիչ Միրէյ Լօլօն։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play