Ակադեմական արմավենիի հանձնման արարողությունը Արսեն Չաքարյանին


Ակադեմական արմավենիի հանձնման արարողությունը Արսեն Չաքարյանին

  • 28-06-2012 12:42:45   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Երկուշաբթի՝ Յունիս 18ին, Համաշխարհային Բ. պատերազմի խորհրդանշական այդ օրը, տեղի ունեցաւ Ակադեմական արմաւենիի յանձնումի արարողութիւնը Արսէն Չաքարեանին: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Գրեմլէն-Պիսէթրի (Վալ-տը-Մառն նահանգ) «Ալպէր Գրոն» միջնակարգ վարժարանին մէջ: Արսէն Չաքարեան, որ Փետրուարին արդէն արժանացած էր Պատուոյ լեգէոնի սպայի կոչումին, Ակադեմական արմաւենին ստացաւ Գրէթէյլի ակադեմիայի տեսուչին՝ Ուիլիամ Մարուայի ձեռքէն: Այս տիտղոսը ստեղծուած է 1808ին՝ մեծարելու համար Համալսարանի արժանապատիւ անդամները. Ակադեմական արմաւենին ֆրանսական միակ շքանշանն է, որ Առաջին Կայսրութեան օրերէն հասած է մեզի: Մրցանակին շրջագիծը ընդլայնուած է, քանի ան այլեւս կը շնորհուի նաեւ անոնց որոնք իրենց մասնագիտութիւնը, կարողութիւնները ի սպաս կը դնեն Ազգային կրթութեան: Պարոններ Ֆրանսուա Տէփէն եւ Ժան-Մարք Պելվիսի՝ «Ալպէր Գրոն» միջնակարգին տնօրէնն ու փոխ-տնօրէնը, բացին արարողութիւնը: Վարժարանին հանդիսութիւններու սրահը ծայրէ ծայր լեցուած էր. պատերը զարդարուած էին Արսէն Չաքարեանի պաստառներով, մեծ մասամբ՝ ծովանկարներ: Գրէթէյլի ակադեմիայի տեսուչը գծեց Արսէն Չաքարեանի կեանքի ուղեգիծը քաղաքացիական եւ զինուորական մեծ թիւով անձնաւորութիւններու ներկայութեան: Հոն էին Գրեմլէն-Պիսէթրի քաղաքապետ եւ Իլ-տը-Ֆրանսի Շրջանային Խորհուրդի խորհրդական Ժան-Լիւք Լօռան, Փիէր Մօյա (Ազգային Կրթութեան մօտ ակադեմական ծառայութիւններու տնօրէն), Հանրի Ռընէ («AMOPA 94»ի* նախագահ), բայց նաեւ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու բազմաթիւ ընկերակցութիւններ, որոնց մէջ նաեւ ANACRA՝ Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու Միութիւնը: Չաքարեան ծնած է 1916 Դեկտեմբերին Անատոլիա. ընտանիքը փախչած է Պուլկարիա, ուրկէ եկած է Ֆրանսա 1930ին եւ հաստատուած: Չաքարեան կ?անդամագրուի CGT-ին, ուր կը ծանօթանայ Միսաք Մանուշեանին: 1937ին մուտք կը գործէ ֆրանսական բանակ եւ մինչեւ 1940՝ իր զօրացրումը, կը պայքարի: Այնուհետեւ, ան կը մասնակցի Դիմադրական շարժումին, կը միանայ Միսաք Մանուշեանին: Այս վերջնոյն ձերբակալութենէն ետք՝ Չաքարեան կը շարունակէ իր ընդյատակեայ գործունէութիւնը, կը միանայ Լուառէի դիմադրականներուն՝ ազատագրելու համար Մոնթարժին: “Պատմութիւնը կրնար հոս կանգ առնել”, կ?ընդգծէ տեսուչը եւ կը շարունակէ, թէ Արսէն Չաքարեան, սակայն, իր ամբողջ ժամանակը տրամադրեց աշակերտներու հետ հանդիպումներու՝ ինչպէս Գրէթէյլի ակադեմիայի աշակերտներուն՝ անոնց ներկայացնելու համար Մանուշեանի խումբը: 1950էն սկսեալ՝ Արսէն Չաքարեան կը դառնայ պատմաբան, Մոն-Վալէրիէնի մէջ գնդակահարուածներու յանձնաժողովի որպէս անդամ, կը դառնայ հետազօտութիւններու պատասխանատու՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ: Տեսուչին կողմէ շքանշանին յանձնումէն ետք՝ «Գրոն» միջնակարգի աշակերտները յուզիչ նուէրներ ըրին Արսէն Չաքարեանին, Դիմադրական շարժումի ենթախորքին վրայ՝ բանաստեղծութեան, գծագրութիւններու, տեսանիւթի եւ վարժարանին երգչախումբին կողմէ հրամցուած երգերու ձեւով: Գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ Մելանիա Նիթիսի եւ Ժիրայր Տէր-Յարութիւնեանի համերգով, որ կ?ակնարկէր Արսէն Չաքարեանի կեանքին: Նախ, «Ատանայի ողբը», որ դրոշմած է իր երիտասարդութիւնը, ապա թառով յանպատրաստից յօրինում մը՝ Լուի Արականի «Strophes pour se souvenir» բանաստեղծութեան վրայ, որ դիմադրական իր յանձնառութեան ցոլացումն էր, հուսկ՝ Գուսան Աշոտի «Սարի սիրուն եար»ը, որպէս ձօն՝ Արսէն եւ Ժագլին Չաքարեան ?զոյգին: Արարողութիւնը վերջ գտաւ հիւրասիրիւթեամբ մը, որու ընթացքին Ա. Չաքարեան ներկայացուց իր պաստառները, բայց նաեւ մակագրեց իր վերջին գիրքը՝ «Les Commandos de l’Affiche rouge», զոր լոյս ընծայած է Ռոշէ հրատարակչատունը, եւ որու համահեղինակն է՝ Հելէն Քէօսէեան-Պայրամեան: Չաքարեան առաջին օրինակը մակագրեց տեսուչ Մարուային համար: Աւելի քան 96 տարեկան այս արտասովոր անձնաւորութիւնը կը շարունակէ այցելել դպրոցներ ու պատմել իր կտրած ճամբուն մասին: Թէ ոչ, ո՞վ պիտի յիշէր այսօր FTP-MOI խումբին զինեալ արարքները, թէ Միսաք Մանուշեանի ղեկավարած «Քսաներեք օտարականները», ինչպէս կը գրէր Արակոն, սարսուռ պատճառեցին Նացիներուն, թէ ծունկի բերին Վիշիի ոստիկանութիւնը՝ իրենց արիւնը թափելով Ֆրանսայի համար: Շ. Թ. «ՆՅ»
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play