Աբո Պողիկյան. Արմատական Լուծումներ


Աբո Պողիկյան. Արմատական Լուծումներ

  • 28-11-2012 13:12:29   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

«Հայրենակիցներու վերաբնակեցում» անունով ծրագիր մը կ՛աշխատի Հայաստանի մէջ, որու ճամբով Ռուսիա հաստատուիլ փափաքող հայաստանցի ընտանիքներու դիրութիւններ կը տրուին՝ գաղթելու իրենց հայրենի տուներէն եւ հաստատուելու սակաւաթիւ բնակչութիւն ունեցող ռուսական շրջաններ:

Հսկայ Ռուսիան կարծես մեր փոքրիկ հանրապետութեան վրայ դրած է իր յոյսը աշխատուժ ապահովելու, կամ իր բնակչութեան թիւը պահպանելու համար:
Երէկ տեղեկացանք, որ այս «ծառայութիւն»ը գոնէ ժամանակաւորապէս, դժբախտաբար շատ կարճ ժամանակի համար դադրած է գործելէ: Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց դժգոհութիւնը արտայայտած են անցեալին այս ծառայութեան գործունէութեան մասին, սակայն հաւանաբար ուժն ու կարողութիւնը չեն ունեցած արգիլելու մեր երկիրը արիւնաքամ ընող այս կեդրոնի աշխատանքը:
 
Հայաստանէն արտագաղթը անշուշտ միայն այս կեդրոնի պատճառով չէ, որ թափով կը շարունակուի: Սեփական երկրի մէջ յուսալի ապագան չտեսնելու, անգործութեան, անարդարութեան ու շարք մը այլ ազդակներու պատճառով պարբերաբար հասու կ՛ըլլանք վիճակագրական սարսափազդու տուեալներու, որոնք խուճապի կը մատնեն մեզ: Խուճապի կը մատնուինք, որովհետեւ չենք տեսներ պետութեան կողմէ յստակ ծրագիր մը, որ պիտի կանգնեցնէ արտագաղթը: Արհեստական արգելքներով, երկրէն դուրս գալու պայմաններու դժուարացումով այսօր կարելի չէ արտագաղթի առաք առնել: 
 
Տեղափոխուելու իրաւունքը միջազգայնօրէն կը նկատուի մարդկային տարրական իրաւունք եւ որեւէ բռնացում այդ իրաւունքի վրայ ընդունելի պիտի չըլլայ, պարզապէս պիտի յիշեցնէ խորհրդային տարիներու մթնոլորտը:
 
Այսօր Հայաստան առաւել եւս կը դիմագրաւէ արտագաղթի ծաւալներու մեծացման մարտահրաւէրներ: Եւրոպական երկիրները կ՛ուզեն դիւրացնել «վիզա»ներու հարցը Հայաստանի քաղաքացիներու համար, Ռուսիան իր «հայրենակիցներ»ը վերաբնակցենելու «անմեղ» ծրագիրներ կ՛իրականացնէ:
 
Հայաստանի իշխանութիւնները ի՞նչ կ՛ընեն: Անպատժելիութեան մթնոլորտ կը խրախուսեն, կաշառակերութեան դէմ մակերեսային պայքար կը տանին, արդար համակարգ տեսնելու պատրանքով ապրողներու յոյսերը ջարդ ու փշուր կ՛ընեն ու այդ գործելակերպով, այդ մօտեցումով, իրենց ձեռքերով լայն կը բանան արդագաղթի ճամբաները, կը դիւրացնեն Հայաստանը առանց հայի վերածելու ծածուկ թէ յայտնի դաւադրութիւններու իրականացումը:
 
Այս շարունակուող արիւնահոսութեան առաջքը առնելու անհրաժեշտութեան մասին վստահ ենք որ ոչ ոք, ոչ իսկ մեր պետութեան բարձրագոյն իշխանութեան օղակին մէջ աշխատող փտած պաշտօնեաները կը վիճին: Բայց գործնականօրէն, այս հարցին լուծում տալու, արմատական միջոցներով երկրի ամայացման հարցը լուծելու ծրագիր չենք տեսներ երկնակամարին վրայ: Կ՛ընդվզինք ու կը դատապարտենք արտագաղթը խրախուսող ամէն երեւոյթ:
 
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարեզ» թերթի խմբագիր
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play