Սուրիոյ նախագահի կինը իր երեք զաւակներուն հետ միասին ապաստանած է Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքի մէջ


Սուրիոյ նախագահի կինը իր երեք զաւակներուն հետ միասին ապաստանած է Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքի մէջ

  • 12-05-2011 17:58:48   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Մարմարա Սուրիոյ իշխանութիւնները Հոմս ղրկած են հրասայլեր՝ հակա-կառավարական ցոյցերու դէմ պայքարելու համար։ Ռազմական ուժերը զրահասայլերով կը գնդակոծեն բնակելի թաղամասեր, մասնաւորաբար Պապ Ամրօ թաղամասը։ Ականատես մը պատմած է որ երկրի շրջաններէն մէկը արդէն չորս օրէ ի վեր շրջափակման մէջ է. հոն ջուր չկայ, ելեկտրականութիւն ու դեղորայք չկայ։ Մինչ Պաշար Էսատ կը փորձէ յաղթահարել երկրի մէջ ծայր տուած յուզումները, իր կողակիցը, որ երկքաղաքացիութիւն ունի, իր երախաներուն հետ միասին խոյս տուած է Լոնտոն։ Ինօ-Փրէսսա կը գրէ որ մինչ Սուրիոյ մէջ ժողովրդական ընդվզումները արիւնախեղդ կ’ըլլան, միւս կողմէ, բռնապետի կինը Անգլիա խոյս տուած է։ Արաբական դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Սուրիոյ Նախագահի 35ամեայ կինը՝ Էսմա Էսատ, երեք շաբաթ առաջ լքած է Դամասկոսը եւ իր երեք զաւակներուն հետ միասին ապաստանած է Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքի մէջ։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play