«Աստուած Հոգին Ողորմի»՝ Ալ. Թամանեանի, Կ. Դեմիրճեանի, Ճ. Կիրակոսեանի…


«Աստուած Հոգին Ողորմի»՝ Ալ. Թամանեանի, Կ. Դեմիրճեանի, Ճ. Կիրակոսեանի…

  • 03-05-2013 20:05:48   | Հայաստան  |  Վերլուծություն

 

 
Սեփականաշնորհումի անունո՜վ ու սեփականաշնորհումի օրհնութեա՜մբ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը շարունակուին վայրագ քաղաքականութեան տխրահռչակ գործողութիւնները, մէկ կողմէն՝ շահարկելով սեփականաշնորհումի հնարաւորութիւնները, միւս կողմէն՝ աճուրդի հանելով ազգային ժառանգութիւնները։ Օր-ցերեկով այս զաւթումներն ու պղծումները նորութիւն չեն անկախ Հայաստանին համար։ Կարելի է թուել բազմաթիւ «ողբերգութիւններ», երբ իշխանութիւններ-բացարձակատէրեր ու սակաւապետեր, անայլայլ կողոպտեցին պետական կառոյցներ, անձնականացուցին ազգային հաստատութիւններ, քանդեցին մշակութային օրրաններ, խլեցին քաղաքացիական սեփականութիւններ, չեզոքացուցին պատմական յուշարձաններ։ 
 
Այս առնչութեամբ, օրին, թունդ ահազանգներ հնչեցուցինք, հրապարակագրական բազմաթիւ «Հին Էրիվան» ճաշարանը գրութիւններով, նոյնիսկ վախնալով որ օր մը Սեւանայ լիճը կրնայ… վաճառքի ճակատագրին ենթարկուիլ։ 
 
Չափազանցութիւններ չէին ասոնք, այլ դառն իրականութիւններ, սակայն, սեփականաշնորհումի ամպհովանիին տակ, տակաւ առ տակաւ պետական- կառավարական ցանցերը, իրենց պատմական, ճարտարապետական, ստեղծագործական, կոթողային թէ այլ տարբերակներով, փուլ կու գան կամ կը ձեւափոխուին, առաջին հերթին քաղաքամայր Երեւանը պարպելով իր ազգա-օրինակելիութենէն եւ խորթացնելով իր հարազատութենէն։ 
 
Արդարացո՞ւմը այս բոլորին, որ ցնդաբանութեան համազօր է, (իբր թէ) Երեւանը աւելի գեղեցկացնելն ու արդիականացնելն է, եւ կամ՝ աւելի հզօր ու առինքնող զբօսաշրջիկային մայրաքաղաքի վերածելն է։ Խորհրդային կարգերու շրջանի Երեւանը ինչո՞վ անգրաւիչ եւ անհաղորդ էր. ընդհակառակը՝ իր դասական, պատմամշակութային ու կանաչազարդային տեսարաններով հիացմունք կը պատճառէր այցելուներուն։ 
 
«Կոլտըն Փալաս» պանդոկը 
 
Ոչ ոք կ’ըսէ թէ՝ Երեւանը պէտք չէ նոր դիմագիծ ստանայ կամ նորարարութիւններով չպարարուի, սակայն, երբ այդ բոլորը կ’ըլլան, տեղ մը՝ փերեզակային հաշուենկատութեամբ եւ անյագ ընչաքաղցութեամբ, ուրիշ տեղ մը՝ հայ ժողովուրդին «խօսող» հարստութիւնները սեփականացնելու կամ… ոտնակոխելու հաշւոյն, ատոնք ԱՆՆԵՐԵԼԻ յանցագործութիւններ են։ 
 
Յետոյ՝ ո՞վ իրաւունք տուած է պետական այրերուն սանձարձակօրէն գործել կամ սանձարձակօրէն վերաբերուիլ ներկայ Հայաստան-աշխարհին հետ, զայն «շողգամ»ի վերածելով, ըստ կամս ու քեֆ-ս քաշքշելով զայն։ 
 
Ուրիշ կարեւոր ու հրատապ պարագայ մըն է գիւղական շրջաններու անմխիթար, չըսելու համար անտէր վիճակը, որ հասած է մտահոգիչ սահմաններու, շինարարական, կենցաղային ու տնտեսական առումներով։ 
 
Ինչո՞ւ նոյն հոգատարութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը չկան արտերեւանեան քաղաքներուն, գիւղեուն, գաւառներուն կամ աւաններուն նկատմամբ, զանոնք շէնցնելու եւ արդիականացնելու, գէթ մայրաքաղաքի «շուք-շքեղութենէն» փայլքեր սփռելով անոնց վրայ եւս։ 
 
Սփիւռքահայեր, որոնց մէջ չեն պակսիր ցուցամոլներ, ինչո՞ւ իրենց ներդրումները ու լումաները չեն հոսեցներ հոն (խօսքը եկեղեցաշինութեան կամ եկեղեցանորոգութեան չի վերաբերիր), այլ կ’ուզեն միայն խանդավառուիլ ու խանդավառել Երեւանի մէջ կառուցուածով կամ վայելամիջոցներով։ 
 
Տեսարան Հանրապետութեան հրապարակէն աջին՝ արտաքին գործոց նախարարութեան մասնաշէնքը 
 
Երեւանը արդէն «ողողուած» է պանդոկներով, ճաշարաններով, «քազինօ»ներով, պերճանքի ու պճնանքի գօտիներով, ուր, աւա՜ղ, չքացած են գրախանութները, գրատուները, գրավաճառները, գրասրահները, երբ՝ կար ժամանակ, անոնք կը կազմէին Երեւանի հպարտութեան դափնեպսակը։ 
 
Բայց, պետական այրերը հետաքրքրուա՞ծ են այս վերիվայրումներով, ունի՞ն գիտակցութիւնը կատարուածին. խիստ տարակուսելի է, այլապէս՝ այս աստիճանի անպատասխանատու ու թափթփած վիճակի մէջ չէին ըլլար, ոչ ալ՝ պարտուողական կամ դասալիք։ 
 
Անշուշտ, մեզի (եւ վստահաբար ուրիշներու) համար այս թղթածրարը միշտ բաց է, այնքան ատեն որ, յանո՜ւն սեփականաշնորհումի, լլկումները կը շարունակուին, սակայն, ներկայ խորհրդածութեան նիւթը նոր գայթակղութիւն մըն է, երբ հանուր հայութեան (աշխարհի՞ն) «կ’աւետուի» Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ամրագրուած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մասնաշէնքին վաճառումը ու զայն պանդոկի վերածելու ծրագիրը։ 
 
Ալեքսանդր Թամանեանի դիմանկարը գործ Մարտիրոս Սարեանի, 1933 
 
Թերեւս միամիտներ կամ բարեմիտներ մտածեն, թէ՝ ատոր մէջ ի՞նչ կայ. նոր պանդոկ մը եւս կը կառուցուի Երեւանի սիրտին վրայ։ ՍԽԱ՛Լ։ 
 
Աշխարհը հմայող այդ անկրկնելի հրապարակն ու հոյակապ մասնաշէնքերը, իրենց ճարտարապետական բացառիկ յղացքով, ամբողջութիւն մը կը ներկայացնեն, իբրեւ կառավարական միաձոյլ ներդաշնակութիւն մը, որուն հեղինակը՝ անմահանուն հանճարեղ Ալեքսանդր Թամանեանը, ինչպիսի՜ ազգային ոգեշունչ տեսիլքով մը զայն իրականացուցած է։ 
 
Իսկ հիմա՞՝ կառավարութիւնը անոր մէկ մասը վերածել կու տայ պանդոկի (հի՜նգ աստղանի), այդ հրապարակին ու մասնաշէնքերուն խոր-իմաստային բնոյթը, տեսքն ու դերը եղծանելով, իսկ վաղը՝ ո՞վ երաշխիք կրնայ տալ, թէ միւս մասնաշէնքերը եւս չեն կրնար նոյն ճակատագիրին հետեւիլ, երբ «ագռաւ»ները հոս ու հոն կը թռչկոտին…։ Եթէ անպայման պանդոկաշինութիւնն է որ Երեւանը պիտի գեղեցկացնէ ու հմայէ (այս ի՜նչ սէր), ապա, առնուազն, վաճառող-ծախող կողմեր, թող վար առնեն իրենց թունաւոր թաթերը ժողովուրդին ու հայրենիքին անգին սեփականութիւններէն, այլապէս՝ նախագահական, խորհրդարանական, կառավարական պալատները թող վերածեն պանդոկներու…։ 
 
Վերջին հաշուով, ո՛չ Երեւանը, ո՛չ ալ ընդհանրապէս Հայաստանը «պանդոկային» հայրենիք է, (ականջը խօսի-չխօսի Պրն. Քոչարեանին…), որովհետեւ ամէն ինչ չափ ու կշիռ, սահման ու արգելք ունի, զգաստանալ պէտք է ու՝ զգաստացնել։ 
 
Այն ինչ-որ կերտուեցաւ ու շահուեցաւ Բ. Հանրապետութեան օրօք, է՛ սեփականութիւնը Գ. հանրապետութեան ու համայն հայ ժողովուրդին, ո՛չ ոք իրաւունք ունի զայն շահարկելու, շահադէտելու ու շահագործելու, ի՛նչ ալ ըլլան առիթները, պայմաններն ու պահանջքները։ Ի դէպ, Հայաստանի մէջ կայացած լրագրողներու Զ. համագումարը, (4-6 Հոկտեմբեր), այս ուղղութեամբ ըսելիք մը ունէ՞ր, թէ՞՝ մեծ մասը լսեց, խնկարկեց, գեղգեղեց ու… լիաթո՜ք վերադարձաւ։ 
 
Մինչ այդ, Աստուած հոգին ողորմի անզուգական հանճարեղ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանին, ազգային-հասարակական-կուսակցական ներհուն գործիչ Կարէն Դեմիրճեանին, Խորհրդային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ պատմագէտ- ցեղասպանագէտ-դիւանագէտ Ճոն Կիրակոսեանին եւ շատ ուրիշներու, որոնք այս այլանդակութիւններուն ականատես չեն…։ 
 
 
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ 
Պէյրութ, Լիբանան 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play