Յոյներու ցեղասպանութեան մասին հայերէն լեզուով առաջին հրատարակութիւնը


Յոյներու ցեղասպանութեան մասին հայերէն լեզուով առաջին հրատարակութիւնը

  • 12-05-2014 14:26:36   | Հունաստան  |  Նոր գրքեր


Լոյս տեսաւ Թէոֆանիս Մալքիտիսի

Յոյներու ցեղասպանութիւնը 
(Թրակիա-Փոքր Ասիա-Պոնտոս) 
գիրքը

Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող յոյներու խճանկարը կազմող այլազան հարցերուն կարեւորութիւն կը տրուի բազմաթիւ, յատկապէս նոր սերունդին պատկանող կողմնակիցներու կողմէ:

Այդ խճանկարը սկսաւ քանդուիլ 20րդ դարու սկիզբին եւ ամբողջացաւ 1922-1923 թուականին: 
Գաղթականներու զաւակ՝ 3րդ եւ 4րդ սերունդի պատկանող երիտասարդներ չեն սահմանափակուիր ծանօթ իրողութիւններու գիտակցութեամբ միայն, ոչ ալ կայացած մօտեցումներ կ'որդեգրեն: Անոնց համար՝ ծագում կը նշանակէ մշակոյթ, թատրոն, երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, խոհանոց, հնամեայ յունական, բիւզանդական եւ արդի հելլենական մշակոյթ, կրթութիւն, Ցեղասպանութիւն:
Միջազգային գետնի վրայ այս հարցերուն արծարծումը կը բանայ անոնց պատմութեան, մշակոյթին ու ծագման վերատիրացման ուղին՝ միաժամանակ մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող համաշխարհային շարժման մէջ առնելով։
Հետեւաբար, Ցեղասպանութեան հետ կապուած պատմական փաստերէն անդին, -որոնց շուրջ վերջերս կը ծաւալին բուռն հարցադրումներ, նոյնիսկ ժխտում հանդիսադրող քննարկումներ-, գիրքը կ'անդրադառնայ օսմանեան պետութեան մէջ ապրող յոյներու դէմ գործուած ցեղասպանութեան դրդապատճառներուն:
Հայերէն լեզուով հրատարակուած առաջին այս գիրքը կը նպատակադրէ երիտթուրքերու եւ քեմալականներու կողմէ յոյներու դէմ գործուած ցեղասպանութեան ոճիրին բացայայտումը՝ նշանակալի ներդրում բերելով յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին:
Գիրքին հայերէն լեզուով հրատարակումը խորհրդանշական բնոյթ կը կրէ, նոյն դահիճին կողմէ զոհուած միլիոնաւոր հայերու լեզուով կարդալու համար յոյներու ցեղասպանութեան մասին: Հայերու եւ յոյներու միջեւ կիսուած 20րդ դարու սկիզբի մահուան երթը՝ այսօր պահանջատիրական պայքարի միջոցաւ, կը դառնայ արդարացման եւ յարութեան ճանապարհ:
Ներկայ պահուն, երբ այլ ազգեր նոր ցեղասպանութիւններու կ'ենթարկուին, անհրաժեշտ է առաջին քայլը կատարել, Յոյներու ցեղասպանութեան յանցանքը ճանչնալու համար: Յոյները իրաւունք ունին յամառօրէն պահանջելու ցեղասպանութեան ճանաչումը, պահանջելու իրենց դէմ կատարուած ոճրագործութիւններու եւ անարդարութիւններու ճանաչումը: Յաւելեալ՝ որքան մեծ է գործուած անարդարութիւնը, -երբ յոյներու աւելի քան 50%ը սպաննուեցաւ,- որքան աւելի ժամանակ թաքցուեցան փաստերը, այնքան աւելի ուժեղ կը դառնայ ճանաչումը ապահովելու ձգտումը: 
Ճանաչում՝ որ ինքնին պայքարի կարեւոր միջոց է, ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան:
Ճանաչում՝ որ հաստատումն է յոյն ժողովուրդի իրաւունքի հաստատման, յարգելու իր գոյութիւնը միջազգային օրէնքի եւ պատմական ճշմարտութեան համաձայն: 
Թէոֆանիս Մալքիտիսի գիրքի խորագիրն է «Յոյներու ցեղասպանութիւնը (Թրակիա-Փոքր Ասիա-Պոնտոս)» եւ թարգմանութիւնը կատարած է Թեհմինէ Մարտոյեան (Հայոց Ցեղասպանութեան պետական թանգարան-ինսթիթութի գիտաշխատող)։ Հրատարակուած է Երեւան, Մայիս 2014ին։


Կենսագրական

Թէոֆանիս Մալքիտիս ծնած է Ալեքսանտրուպոլիս, Ատրիանուպոլսէն գաղթական հասած ծնողքէ, որոնք Յունաստան հաստատուեցան Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք: Ան ունի ընկերային-սոցիալական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան եւ անդամ է Ցեղասպանութիւններու հետազօտման միջազգային ակադեմիոյ, որ 2007ին ճանչնցաւ Հայերու, Յոյներու եւ Ասորիներու ցեղասպանութիւնները:
Փրոֆէսէօրը հանդէս եկած է Ցեղասպանութեան վերաբերեալ աշխատանքներով Յունաստանի եւ արտասահմանի գիտական հանդիպումներու, խորհրդաժողովներու եւ սեմինարներու մէջ: Հայերու, Յոյներու եւ Ասորիներու ցեղասպանութեանց ճանաչման գործընթացին մէջ իր ունեցած ներդրումին համար պատուուած է Յունաստանի եւ արտասահմանի մէջ:
Թէոֆանիս Մալքիտիսի գրութիւնները թարգմանուած են հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, սպաներէն, ռուսերէն, թրքերէն, ռումաներէն, ալպաներէն լեզուներուն մէջ: Ինք իր կարգին յունարէնի թարգմանած է Հայերու եւ Յոյներու ցեղասպանութեանց վերաբերող գիրքեր:

Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play