Պահանջուեցաւ որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակէ Սեւան Պալըքճըի սպանութեան բոլոր մանրամասնութիւնները


Պահանջուեցաւ որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակէ Սեւան Պալըքճըի սպանութեան բոլոր մանրամասնութիւնները

  • 06-05-2011 18:19:21   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Մարմարա Մարդու Իրաւունքներու Միութեան ցեղապաշտութեան եւ անջատողականութեան դէմ պայքարի կոմիտէն երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց 24 Ապրիլին Պաթմանի Գոզլուք շրջանի մէջ սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճըի մահուան առթիւ եւ պահանջեց որ Թուրքիոյ Զինեալ Ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակէ այս »կասկածելի« մահուան բոլոր մանրամասնութիւնները։ Ասուլիսին կը մասնակցէր փաստաբան Էրէն Քէսքին, որ պահանջեց որ Սպայակոյտի Նախագահութիւնը, Սեւակի ընտանիքի անհանգստութիւնները նկատի ունենալով, գործուած յանցանքը որպէս մարդկութեան դէմ գործուած յանցանք նկատելով քննարկութեան նիւթ դարձնէ։ Պալըքճը ընտանիքի փաստաբան Հալավուրթ յայտնեց որ փաստեր չկան այն մասին թէ Սեւակն ու ոճրագործը՝ Քըվանչ Աղալօղլու մտերիմ ընկերներ եղած են։ Սեւակի ընտանիքն ու փաստաբան Ճէմ Հալավուրթ, որոնք Կիրակի Պաթման մեկնած էին եւ Գոզլուքի ոստիկանական պահակակէտի մէջ քննութիւններ կատարած, ըսաւ որ իրենց կասկածները աւելցած են հիմա եւ կան բացատրութեան կարօտ հետեւեալ կէտերը. * Ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Սեւակը մետաղեայ փշաթելեր հիւսող խումբի մէջ էր, իսկ Աղալօղլու փշաթելեր հաստատողներու մօտ հերթապահութիւն կ’ընէր։ * Աղալօղլու կը պնդէր թէ հիմնաւոր պատճառ չկայ, որպէսզի հրամանատարները յանձնարարած ըլլային որպէսզի զինուորներ լեցնէին իրենց հրացանները։ * Սեւակն որ Քըվանչ Աղալօղլու մտերիմ ընկերներ չէին։ * Սեւակի յուղարկաւորութիւնը վերածուեցաւ մարտունակութեան ցուցադրութեան եւ թրքացումի հանդէսի։ * Սեւակի ոճրագործի անունը օրեր շարունակ չհրապարակուեցաւ։ Ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուած տեղեկատուութեանց համաձայն Քըվանչ Աղալօղլու իւլքիւճիւներու գաղափարներու համակիր էր։ Նոյն ասուլիսի ընթացքին մամուլին հաղորդուեցաւ որ այսպիսի կասծակելի մահերով իրենց կեանքը կորսնցուցած են աւելի քան 500 զինուորներ։ Բացի ատկէ, փոքրամասնութիւններու դէմ թշնամութիւնն ու ատելութիւնը փողոցի մարդէն սկսեալ մինչեւ պետական մակարդակի վրայ բաւական տարածուն են։ Վերջին տարիներուն Թուրքիա թատերաբեմ դարձաւ ոչ-մահմետական ծագումով հայրենակիցներու սպանութեան։ Բոլոր այս իրողութիւնները նկատի առնելով, Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Միութիւնը պահանջեց որ թափանցիկ եւ արդար հետաքննութիւն մը կատարուի եւ մանրամասնութիւնները հրապարակուին։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը