Ակնարկ. Մետաքսի Ճամբուն Հայկական Ուրուագծումները


Ակնարկ. Մետաքսի Ճամբուն Հայկական Ուրուագծումները

  • 12-01-2019 14:28:22   |   |  Վերլուծություն

Մետաքսի ճամբան պատմական հին ժամանակներէն ի վեր ո՛չ միայն առեւտրատնտեսական, այլ նաեւ քաղաքական առումով ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունեցած է առնչակից երկիրներուն համար:
 
Այդ ճամբու գործարկման, վերահսկողութեան համար ազդեցութեան գօտիներու բանեցման բախումներ, ընդհարումներ, հասարակաց շահերու ձեւաւորումներ եւ անշուշտ պետական քաղաքականութիւններու հատման, խաչաձեւման կամ համադրման կէտեր ստեղծուած են տարբեր փուլերու:
 
Համաշխարհայնացումը աշխարհագրական տարածութիւններու կամ սահմանակից մերձաւորութիւններու ազդեցութիւնը որոշ առումով չէզոքացուցած է: Սահմաններն ու աշխարհագրական հեռաւորութիւնները նախկին անփոխարինելիութիւնն ու անշրջանցելիութիւնը չեն ներկայացներ վիրթուալ շուկաներու գերաշխուժացման իրականութեան դիմաց:
 
Այնուամենայնիւ, ցամաքային կապը յատկապէս զինուորական, առեւտրատնտեսական եւ յատկապէս ապրանքաշրջանառութեան համար կը շարունակէր պահել իր գործունակութիւնը:
 
Երկրագունդի երկբեւեռացումէն դէպի միաբեւեռ դրութեան անցումը, ապա, գէթ տպաւորութեան սահմաններուն մէջ բազմաբեւեռային համակարգի մը ուրուագծուող գործընթացը եւ վերջապէս տնտեսական նոր հսկային կայացումը արդէն տեսանելի կը դարձնէ այսօրուան համակարգի Ծայրագոյն Արեւելքի կամ Չինաստանի բեւեռային տնտեսաքաղաքական կերպարը:
 
Չինաստանը միջազգային շուկայ մուտք կը գործէ մեծ դռներէ եւ նոյնիսկ տնտեսական հսկաներուն կը պարտաւորեցնէ ոչ անպայման հորիզոնական դիրքերէ բանակցիլ իրեն հետ: Չինական այլընտրանքը ամէնուրեք է:
 
Իրողական այս պարունակին մէջ պէտք է ընկալել նաեւ պատմական Մետաքսի ճամբուն վերագործարկման համար Չինաստանի կառավարութեան մշակած հայեցակարգը: Ակադեմական շրջանակներ, հասարակական կազմակերպութիւններ այժմէական հրատապութեամբ կ՛արծարծեն խնդիրը` ճանապարհային քարտէսի ձեւաւորման նմուշներ ներկայացնելով քննարկումներու:
 
Հայկական առումով թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներու վրայ Մետաքսի ճամբու հեռանկարը ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունեցած է: Նախ անշուշտ պատմական առումով, երբ պատմական հայրենիքն ու Կիլիկեան Հայաստանը  աշխարհագրականօրէն ներգրաւուած էին այդ ռազմավարական ճանապարհին. եւ ապա բնականաբար ` այժմէական իմաստով:
 
Հակառակորդներու կողմէ շրջափակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը Իրանէն, Ռուսիայէն անցնող այս ճամբուն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք երկարման ընթացքի կամրջումի դեր ունի, ինչ որ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական առումներով համազօր է մեր երկրի ապաշրջափակման եւ ապամեկուսացման:
 
Պատմական ճանապարհին առնչուած եղած են 63 երկիրներ` ասիական, (միջին եւ ծայրագոյն  արեւելեան), եւրոպական, ափրիկեան: Ցամաքամասեր եւ տարբեր երկիրներու ժողովուրդներ փոխկապակցող այս ճանապարհային գործընթացը ըստ էութեան ստեղծած է նաեւ տարբեր կրօններու, մշակոյթներու, լեզուներու, ազգագրութիւններու, հաւատքներու փոխյարաբերութիւններ:
 
Իսկ պատմական Կիլիկիան այս առումով եղած է երկխօսութեան եւ նշուած ոլորտներուն միջեւ փոխյարաբերութիւններու աշխարհաքաղաքական կարեւորագոյն կէտերէն մէկը:
 
Պատմական եւ յատկապէս կրօնամշակութային եւ համամարդկային արժէքներու վերարծարծման նպատակներով Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ կաթողիկոսութիւնը ձեռնարկած է Մետաքսի ճամբուն այս թեմաներուն առնչուած խորհրդաժողովի մը, որուն կը մասնակցին Չինաստանէն, Եւրոպայէն եւ Միջին Արեւելքէն ակադեմականներ, փորձագէտներ, պատմաբաններ եւ տնտեսագէտներ:
 
Մետաքսի ճամբու վերագործարկման աշխարհաքաղաքական ծրագիրը խիստ հեռանկարային է հայկական կողմէ դիտուած: Իսկ այս առումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւնը այդ հեռանկարի հայկական ուրուագծումներուն հիմնովին նպաստող քայլ է:
 
«Ա.»
 
Share This Article
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play