Մարտ 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական նորակազմ յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը:
Ժողովական աշխատանքներուն ատենապետեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, իսկ ատենադպիրի պաշտօնը վարեց Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան:
Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մարզերէն ներս տեղի ունեցած վերջին զարգացումները եւ մատնանշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքները։
Առաջին հերթին, յաջորդաբար քննարկումի նիւթ դարձան եկեղեցական խորհուրդներու մեր Ս. Աթոռին մասնակցութիւնը եւ ապա աստուածաբանական երկխօսութիւններու պարզած ներկայ վիճակը: Ինչ կը վերաբերի միջ-կրօնական բնագաւառին, ժողովի ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու յարաբերութունը եւ այս ծիրէն ներս մեր Ս. Աթոռին բերած մասնակցութիւնը՝ շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Ներկաներուն կողմէ տրուեցան զեկոյցներ քննարկուած նիւթերուն գծով։
Աւելի քան երեք ժամ տեւած հադիպման աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց վերոյիշեալ մարզերէն ներս կատարուած աշխատանքներուն եւ յատուկ կերպով ընդգծեց միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց կարեւորութիւն տալու հրամայականը, հակառակ այն իրողութեան, որ ան սկսած է որոշ նահանջ արձանագրել: Հայրապետը յատկապէս ընդծգեց քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց առաջնահերթութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը, նկատի ունենալով ներկայ ժամանակներու պատահած վտանգալից դէպքերը, փաստօրէն բոլոր ընկերութեանց կեանքէն ներս: