Յարութ Սասունեան.Ալիեւ, Էրտողան Եւ Փութին Ինչո՞ւ Կողմնակից Են Հայաստանի Վարչապետին


Յարութ Սասունեան.Ալիեւ, Էրտողան Եւ Փութին Ինչո՞ւ Կողմնակից Են Հայաստանի Վարչապետին

  • 12-03-2021 13:20:08   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Քանի որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը օրէ օր կը դառնայ աւելի քաոսային՝ անհիմն մեղադրանքները կը վերածուին սովորական երեւոյթի։ Այլեւս կարելի չէ ճշմարտութիւնը զատորոշել կեղծիքէն։
 
Ցաւօք, հայերը «դաւաճան», «թուրքերու կամ ատրպէյճանցիներու կողմէ գնուած» եւ նման արտայայտութիւններ կ՛օգտագործեն՝ առանց որեւէ ապացոյցի իրենց հայրենակիցները մեղադրելու համար: Բազմաթիւ անգամ լսած ենք, որ Արցախի յարակից տարածքները նախկին նախագահները զիջած են պատերազմէն շատ առաջ, եւ որ հայ դաւաճանները օգնած են թշնամիին՝ բացայայտելով մեր ռազմական գաղտնիքները կամ յորդորելով զինուորները՝ պատերազմի ընթացքին դադրեցնելու կռիւները: Այս մեղադրանքները այնքան յաճախակի  կրկնուած են, որ բազմաթիւ հայեր կը հաւատան անոնց իրաւութեան: Կարեւոր չէ, որ ոչ մէկ ապացոյց ունին. անոնք կը շարունակեն վարկաբեկել հեղինակութիւնը անոնց, որոնց հետ իրենք համաձայն չեն: Եթէ պատերազմի ընթացքին այդքան դաւաճաններ կային, ապա ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ այդ դաւաճաններէն  ոչ ոք ձերբակալուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ դաւաճանութեան յանցանքով: Սովորաբար, դաւաճանները պատերազմի ընթացքին անմիջապէս կը ձերբակալուին, կը դատապարտուին եւ կը գնդակահարուին:
 
Չեմ հաւատար, որ մեր մէջ դաւաճաններ կան, ոչ ալ այնպիսի հայեր, որոնք իրենց հոգին դրամի դիմաց ծախած են թշնամիին։ Այս պատմութիւնները յօրինուած են պարզապէս այն պատճառով, որ մենք իրարու համաձայն չենք։ Ցաւալի է, որ հայերու մեծ մասը չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է քաղաքակիրթ զրոյց վարել՝ առանց վիրաւորելու իրենց համաձայն չեղողները:
 
Հետագայ վերլուծութեանս մէջ ես պիտի խուսափիմ օգտագործելէ «դաւաճան» եւ «վաճառուած»  արտայայտութիւնները եւ կարելիս պիտի ընեմ հաւատարիմ մնալու փաստերուն, որքան ալ դժուար ըլլայ զանոնք կեղծիքէն զատորոշելը։
Հարց մը, որ այս օրերուն անընդհատ կը բարձրացուի այն է, որ, ըստ երեւոյթին, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահները  կը նախընտրեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընդդիմութենէն: Ասիկա չի նշանակեր, որ Փաշինեան դաւաճան է կամ կ՛աշխատի Հայաստանի թշնամիներու շահերուն համար: Իմ կարծիքով, Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսիա Փաշինեանի կողմնակից են հիմնական երկու պատճառով.
 
1)  Երեքն ալ կը գիտակցին, որ Արցախեան պատերազմին պարտուած եւ անձնատուութեան փաստաթուղթ ստորագրած Փաշինեան ի վիճակի չէ դէմ դնելու Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ յատկապէս Ռուսիոյ ցանկութիւններուն: Եթէ Փաշինեան՝ իբրեւ նախկին ընդդիմադիր, ամբողջովին հակառուսական էր, ապա փոխեց իր մօտեցումը եւ սատարեց ռուսական բոլոր նախաձեռնութիւններուն, նոյնիսկ պատերազմէն առաջ: Պատերազմէն ետք ան լիովին պարտական է Փութինի եւ չի համարձակիր դոյզն իսկ շեղիլ Ռուսիոյ նախագահին հրահանգներէն: Այս վիճակը յատկապէս շարունակուեցաւ այն իրողութենէն ետք, երբ նախագահ Փութին շատ անգամ գովեց Փաշինեանը՝ 10 Նոյեմբեր 2020ին եռակողմ համաձայնագիր ստորագրելուն եւ ատոր պայմաններուն հաւատարիմ մնալուն համար: Ատրպէյճան եւ Թուրքիա նոյնպէս գոհ են, որ Հայաստանի պարտութենէն ետք կայ  Փաշինեանի նման ղեկավար մը, որ ամբողջութեամբ կը գործադրէ համաձայնագրին պայմանները։
 
2)  Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսիա նաեւ կը հասկնան, որ Փաշինանի իշխանութեան տապալման պարագային անոր իրաւայաջորդը կրնայ այդքան ալ պատրաստ չըլլալ կատարելու եռակողմ համաձայնագրին պայմանները: Թէեւ պարտուած երկիրը չի կրնար վիճարկել իրեն պարտադրուած պայմանները, սակայն այն փաստը, որ Փաշինեանի հակառակորդները դէմ կ՛արտայայտուին համաձայնագրին, կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսիա կրնան ստիպուած ըլլալ գործ ունենալու Հայաստանի մէջ նոր ղեկավարի մը հետ, որ կասկածի տակ կ՛առնէ համաձայնագիրին պայմանները, զորս երեք երկիրները կատարուած իրողութիւն կը համարեն: Այնպէս որ, Ալիեւ, Էրտողան եւ Փութին, բնականաբար, կը նախընտրեն գործ ունենալ Փաշինեանի հետ՝ ելլելով իրենց սեփական շահերէն, այլ ոչ թէ այն պատճառով, որ Փաշինեան իրենց «գործակալ»ն է: Լաւագոյն պարագային, կրնանք ըսել, որ Փաշինեան դժկամութեամբ կը հետեւի այս երեք ղեկավարներուն։ Վատագոյն պարագային, ան իսկապէս կը հաւատայ, որ հրադադարի մասին համաձայնագիրը ձեռնտու է Հայաստանի՝ ճանապարհ հարթելու համար դէպի երթեւեկութեան ճամբաներու շրջափակման վերացում, այսպիսով նպաստելով Հայաստանի տնտեսութեան խթանման։
 
Մենք կրնանք ըլլալ վերոյիշեալ վերլուծութեան տարբեր կողմերը, բայց մէկ բան շատ յստակ է՝ Փաշինեան պէտք չէ հատէ կարմիր գիծերը, որոնք ամբողջովին կը հակասեն Հայաստանի ազգային շահերուն: Մէկ բան է, որ պարտուելէ ետք պարտաւոր կ՛ըլլաս  համաձայնելու թշնամիներու հետ, սակայն բոլորովին ուրիշ բան է՝ ոգեւորուած կերպով կատարել անոնց ցանկութիւնները` սխալմամբ հաւատալով, որ թշնամիին  պարտադրած  գործողութիւնները կը բխին Հայաստանի շահերէն: Ալիեւ եւ Էրտողան շատ անգամ նշած են, որ պատրաստ են թոյլ տալ Հայաստանի՝ օգտագործել իրենց երթեւեկութեան ճամբաները կարգ մը պայմաններու տակ. 
 
1) Վերադարձնել Արցախի տարածքները՝ Ատրպէյճանի (ինչ որ իրականացուած է ուժի գործադրութեամբ), 
 
2) Ճանչնալ  Թուրքիոյ  ներկայ սահմանները  (այլեւս հողատարածքներ չպահանջել Թուրքիայէն), 
 
3) Դադրեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային հետապնդումը: Վերջերս Ալիեւ նոր պահանջ մը աւելցուց՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը, որ կը նշանակէ, թէ Հայաստան պէտք է հրաժարի Արցախը իբրեւ հայկական տարածք պահանջելէ:
 
Իմ կարծիքով, Հայաստանի ներկայ ղեկավարները պէտք է մերժեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ այս պահանջները: Ասոնք կարմիր գիծեր են, զորս Հայաստանի ոչ մէկ կառավարութիւն պէտք է հատէ՝ ապագայ  հայ  սերունդները չզրկելու համար ազգի արդար պահանջները  հետապնդելու իրաւունքէն:
 
Կը մնայ պարզել, թէ Հայաստանի յաջորդ ղեկավարները արդեօք կը յաջողի՞ն ճամբաներ գտնել, որպէսզի պատերազմի կորուստները նուազագոյնի իջնեն: Այսուհանդերձ, մէկ բան յստակ է. Փաշինեան անյապաղ պէտք է հրաժարական տայ, որպէսզի նոր եւ աւելի իրաւասու ղեկավարութիւն մը փորձէ յաղթահարել այն աղէտալի իրավիճակը, որուն մատնուած է Հայաստան:
 
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play