Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճէան վարժարանը կրկին առաջնութիւն շահեցաւ Միջազգային Մայնտ Լապ մտային խաղերու Թուրքիոյ աւարտական մրցումներուն մէջ


Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճէան վարժարանը կրկին առաջնութիւն շահեցաւ Միջազգային Մայնտ Լապ մտային խաղերու Թուրքիոյ աւարտական մրցումներուն մէջ

  • 16-05-2011 18:43:06   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Հաճոյքով ու մեծ հպարտութէամբ կը տեղեկանանք թէ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճէան վարժարանը կրկին առաջնութիւն շահեցաւ Միջազգային Մայնտ Լապ մտային խաղերու Թուրքիոյ աւարտական մրցումներուն մէջ, որոնց մասնակցեցան 15 վարժարաններ։ Եզրափակիչ հասած 15 վարժարաններէն էօթը հայկական վարժարաններ էին. Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճէանը, Եշիլգիւղի հայոց վարժարանը, Արամէան-ունճէան վարժարանը, Տատէան վարժարանը, Գարակէօզէան վարժարանը, Էսաէան վարժարանը, Մխիթարէան վարժարանը, բայց Մէրամէթճէան վարժարանի ու Ըշըք վարժարանի խումբը ախոյենութէան գլխաւոր եաւակնորդները կը հանդիսանային։ Մրցումը կայացաւ Շաբաթ կէսօրին, Աթաշէհիրի »մայր գիտութէան կրթութէան հաստատութիւն« կեդրոնին մէջ եւ ինչպէս նախորդ երկու տարիներուն, Ֆէրիգիւղցի աշակերտները կրկին մեր սիրտերը ուռեցուցին անհուն հրճուանքով մը։ Անոնք երրորդ անգամ անընդմէջ տիրացան ախոյենութէան բաժակին։ Թուրքիոյ 5րդ աւարտականներուն, Մէրամէթճէան վարժարանէն »Օքթի« մրցումի մասնակցեցաւ Արտա Թարաքճըօղլու, »Չէքըրս« մրցումին՝ Սէրտար Փարմաքսըզ, Ապալոն«ին Մէրի Գուզուճու, եւ »Քորիտոր«ին՝ Լարիսա Ըլկարլար։ Մրցումները կայացան հինգ հանգրուանով եւ Մէրամէթճէանցիներ առանց պարտութիւն կրելու միանձնէայ առաջատար հանդիսացան ու առաջնութիւնը շահեցան։ Բացի խմբային եաղթանակներէն, Մէրի Գուզուճու եւ Լարիսսայ Ըլկարլար եաղթանակով վերջացուցին իրենց բոլոր խաղերը եւ լազէրով մէկմէկ մատիտ որպէս նուէր ստացան։ Խումբի մէջ պահեստի անդամներ էին Րաֆֆի Աշճէան, Սիմոն Էօզէր, Սարին Թաշհան։ Մէրամէթճէան վարժարանէն վերջ երկրորդ կարգը գրաւեց Եշիլգիւղի Հայոց վարժարանի խումբը, իսկ երրորդութիւնը շահեցաւ Ֆէւզիյէ Դպրոցներու Ըշըք նախակրթարանը։ »Մայնտ Լապ«ի միջազգային ողիմպիականները այս տարի պիտի կայանան 14-16 Իւնիսին Փորթուկալի Քասքէ քաղաքին մէջ։ Ինչպէս պիտի յիշուի, էրիգիւղցի աշակերտները 2009ին Վենետիկի ողիմպիականներուն երկրորդ հանդիսացած էին, իսկ անցէալ տարի ալ կրկին Թուրքիան ներկայացուցած էին Պուտափէշթի մէջ կայացած ողիմպիականներուն։ Մրցումէն ետք Ֆէրիգիւղցի աշակերտներն ու վարժարանի պատասխանատուները մեծ խանդավառութէամբ դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակիցները, վարժարանի պատասխանատուներ եւ ծնողներ հաւաքուեցան եկեղեցւոյ երդիքին տակ ու ծափահարութիւններով իրենց գնահատանքը եայտնեցին ախոյէան աշակերտներուն։ ՄԱՐՄԱՐԱ եւս իր ձայնը կը միացնէ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին ու ջերմօրէն կը շնորհաւորէ այս խելացի աշակերտները, վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Արփի Մանուկէանը, ուղեցոյց ուսուցիչ Սթէլլայ Պէնսասոնն ու »Մայնտ լապ« խաղերու ուսուցիչ Միրէյ Լօլօն։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը