ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Եւրոպական Կովերը Չեն Կրնար Դիմանալ Ազրպէյճանի Աղքատ Կենսապայմաններուն


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Եւրոպական Կովերը Չեն Կրնար Դիմանալ Ազրպէյճանի Աղքատ Կենսապայմաններուն

  • 17-01-2013 10:16:23   |   |  Յօդուածներ

 

 Տօնական տրամադրութեան համահունչ` այս տարուան իմ վերջին յօդուածս կը նուիրուի ծիծաղաշարժ նիւթի մը: 
«Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան թղթակից Սաատաթ Աքիֆկիզին իր «Ներածուած խոշոր եղջերաւոր անասունները բարիք չեն Ազրպէյճանի համար» վերնագիրով յօդուածով կը տեղեկացնէ, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը 23 միլիոն տոլար ծախսած է «Գերմանիայէն եւ Աւստրիայէն 4500 գլուխ ցեղային կովեր ներածելու համար` անասուններու որակն ու կաթնատւութիւնը բարձրացնելու նպատակով»: Աքիֆկիզին կը գրէ, որ իւրաքանչիւր եւրոպական կովէ կ՜ակնկալուէր օրական 40 լիթր կաթ մթերել` ի տարբերութիւն տեղական ազրպէյճանական կովերու, որոնք ընդամէնը 9 լիթր կաթ կու տային: 
Ցաւօք, ծրագիրը ձախողեցաւ, եւ ներդրուած միջոցները վատնուեցան: Եւրոպական բարձրակարգ բազմաթիւ կովեր չկրցան կենդանի մնալ Ազրպէյճանի մէջ տիրող թշուառ կենսապայմաններուն: 
Պաքուի պաշտօնատարները ագարակապանները մեղադրեցին «ներածուած կովերու ոչ պատշաճ խնամքի համար, անոնք, ըստ երեւոյթին, յատուկ գուրգուրանք կը պահանջեն: Գիւղատնտեսական հարցերով ազրպէյճանցի վերլուծաբան Ուահիտ Մահարամովը բացատրեց, որ արտերկրէն ներկրուած եղջերաւոր անասունները «բարձրորակ կեր, յատուկ մաքրութիւն ու խնամք կը պահանջեն»: 
Միւս կողմէ, ագարակապանները կը բողոքեն, որ իրենք չեն կրնար օտար կովերու հանդէպ նման շռայլ խնամք եւ ուշադրութիւն ցուցաբերել, քանի որ «անիկա կը յանգեցնէ կաթի մթերման գիներու կտրուկ աճի»: 
Ագարակապան Թարպիա Եւսիֆովան դժգոհ է, որ ներածուած կովերուն համար իր կատարած խոշոր ներդրումային ծախսերը  չեն փոխհատուցուիր. «Մեր արտադրած կաթին գինը յաճախորդներուն մեծ մասին համար սուղ է, քանի որ անասուններու կերակրման համար անհրաժեշտ անասնակերը շատ բարձր գինով ձեռք կը բերենք»: 
Ահա թէ ինչպէս կը գործէ կառավարութեան «կովի վարձակալութիւնը». ագարակապանները պետութեան հսկողութեան տակ գտնուող «Ակրոլիզինկ» ընկերութենէն կովերը վարձակալելու ժամանակ կը վճարեն կովերու արժէքին կէսը, իսկ մնացած մասը պէտք է մարեն երեք տարուան ընթացքին: Ագարակապանները պէտք է «ունենան իրենց սեփական արօտավայրը եւ իրենց գոմերուն մէջ խստօրէն պահպանեն կանոնակարգը»: Աքիֆկիզին կը բացատրէ, որ̀ «խոնաւութիւնն ու լուսաւորութիւնը պէտք է պատշաճ ըլլան, իսկ կերակրումն ու առողջապահական պայմանները եւրոպական անասունները պէտք է յիշեցնեն անոնց երկրին պայմանները»:
 Այնուամենայնիւ, ներմուծուած կովերուն համար Ազրպէյճանի պայմանները շատ հեռու են գերազանց ըլլալէ: Երբ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակիցը այցելած է Ղուշչի գիւղի մէջ գտնուող Ֆիրուտին Հասանովին ագարակը, ան տեղեկացած է, որ ագարակապանը ստիպուած̀ իր 30 ցեղական կովերը բաժնած է Պաքուի շրջակայքը ապրող հարազատներուն, քանի որ ի վիճակի չէ եղած համապատասխան կենսապայմաններ ապահովելու անոնց համար: 
Աքիֆկիզին Հասանովին ագարակը կը նկարագրէ իբրեւ «աղտոտ տեսք ունեցող ախոռ մը, որ կարծես թէ ամիսներով չէր մաքրուած: Այն լեցուած էր գոմաղբով, պատերու վրայէն կը վազէին սարդերը, իսկ ճանճերը կը պտտէին կերակրամաններուն շուրջ»: 
Հասանով բացատրած է, որ̀ «ի վիճակի չէ բարեկարգելու իր գոմերը, որովհետեւ գիւղին մէջ չի կրնար վաճառել իր կովերուն կաթը» այն գինով, որ կը ծածկէ անոր ծախսերը: 
Իրավիճակը աւելի կը բարդանայ, քանի որ ագարակապանները «Ակրոլիզինկ» ընկերութեան պէտք է վճարեն վարձակալութեան ամբողջ գումարը, նոյնիսկ եթէ կովերը վաղաժամ սատկին: «Ազատութիւն» ռատիոկայանը կը հաղորդէ, որ̀ «2009 թուականէն սկսած̀ ներկրուած կովերու առնուազն 260-ը սատկած է, իսկ կորուստները կազմած են 1.3 միլիոն տոլար»: Յայտնի չէ, թէ այդ կովերէն քանին անձնասպան եղած են` չդիմանալով տիրող նման անտանելի պայմաններուն: 
Պատմութիւնը աւելի լուրջ շրջադարձ կը ստանայ, երբ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին թղթակիցը լուրջ հարցեր կը բարձրացնէ եւրոպական կովերու գինին եւ զանոնք ներկրող ընկերութիւններուն ինքնութեան մասին: 
Գիւղատնտեսական հարցերով վերլուծաբան Մահարամովը կը նշէ, որ̀ «այն գիները, որոնք ատրպէյճանցի ագարակապաններէն կը պահանջեն վճարել ցեղային կովերու համար, զգալիօրէն բարձր են, քան̀ այլ երկրներու մէջ»: «Ազատութիւն» կայանը պարզած է, որ̀ «Աւստրիայէն ներմուծուած իւրաքանչիւր ցեղային կովու արժէքը կազմած է 5 հազար տոլար, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ ան շուրջ 3 հազար տոլար է»: 
Ըստ «Ակրոլիզինկ» ընկերութեան` Ազրպէյճան եւրոպական կովեր ներմուծելու դիմում-մրցոյթի յաղթողներ ճանչցուած երեք անյայտ ընկերութիւններ` «Ռիսթա Ալիանս», «Նինոքս Ալիանս» եւ «Սուիսփոյնթ Մըրչընթց լիմիթըտ». վերջինս Նոր Զելանտայի մէջ արձանագրուած է 2009-2011 թուականներուն: «Ազատութիւն» ռատիոկայանը բացայայտած է. «Նոր Զելանտայի առեւտրական գրանցամատեանի կայքէջին մէջ կը նշուի, որ այդ ընկերութիւնը կը ղեկավարէ Լաթվիոյ քաղաքացի Ինտա Պիլտերը»: 
Գրանցամատեանի որոնումը ցոյց տուած է, որ «Պիլտեր հարիւրաւոր ընկերութիւններու տնօրէն կամ բաժնետէր է: Այս տարուան սկզբին ուքրանական «Զերկալօ նեդելի» թերթը հաղորդած է, որ այդ ընկերութիւններէն մէկը` «Ֆալքոնա սիսթըմզ»ը կապ ունի պետական ընկերութիւններու աւելի քան 150 միլիոն տոլար գումարի կասկածուող խարդախութեան մէջ»: 
Մահարամովը կասկածներ ունի եւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է. «Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ կառավարութիւնը հապշտապ պիւտճէական միջոցներ ուղղած է (արտերկրէն խոշոր եղջերաւոր անասուններ ձեռք բերելու համար) առանց որեւէ նախապատրաստութեան, ապա կրնաք կասկածիլ, որ այս գործին մէջ առկայ են նաեւ այլ մտադրութիւններ»: 
Ներածուած կովերուն մասին խօսելու ժամանակ Մահարամովը պէտք է շատ զգուշ ըլլայ: 2009 թուականին ազրպէյճանցի պլոքըր Էմին Միլին բանտարկուած էր, որովհետեւ գրած էր, թէ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ներածուած էշերու համար շատ մեծ գումարներ վճարած էր:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`«Եռագոյն» կայքէջը
 
 
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ