Սուրիոյ նախագահի կինը իր երեք զաւակներուն հետ միասին ապաստանած է Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքի մէջ


Սուրիոյ նախագահի կինը իր երեք զաւակներուն հետ միասին ապաստանած է Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքի մէջ

  • 12-05-2011 17:58:48   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Սուրիոյ իշխանութիւնները Հոմս ղրկած են հրասայլեր՝ հակա-կառավարական ցոյցերու դէմ պայքարելու համար։ Ռազմական ուժերը զրահասայլերով կը գնդակոծեն բնակելի թաղամասեր, մասնաւորաբար Պապ Ամրօ թաղամասը։ Ականատես մը պատմած է որ երկրի շրջաններէն մէկը արդէն չորս օրէ ի վեր շրջափակման մէջ է. հոն ջուր չկայ, ելեկտրականութիւն ու դեղորայք չկայ։ Մինչ Պաշար Էսատ կը փորձէ եաղթահարել երկրի մէջ ծայր տուած իւզումները, իր կողակիցը, որ երկքաղաքացիութիւն ունի, իր երախաներուն հետ միասին խոյս տուած է Լոնտօն։ Ինօ-փրէսսայ կը գրէ որ մինչ Սուրիոյ մէջ ժողովրդական ընդվզումները արիւնախեղդ կ’ըլլան, միւս կողմէ, բռնապետի կինը Անգլիա խոյս տուած է։ Արաբական դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Սուրիոյ Նախագահի 35ամէայ կինը՝ Էսմա Էսատ, երեք շաբաթ առաջ լքած է Դամասկոսը եւ իր երեք զաւակներուն հետ միասին ապաստանած է Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքի մէջ։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը