ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Ո՞վ է Իսկական Ճոն Քերին. Ամերիկայի Արտաքին Գործոց Նոր Նախարարը


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Ո՞վ է Իսկական Ճոն Քերին. Ամերիկայի Արտաքին Գործոց Նոր Նախարարը

  • 13-02-2013 16:46:41   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 

Քանի մը շաբաթ առաջ, երբ ծերակուտական Ճոն Քերիի անունը առաջին անգամ յիշատակուեցաւ՝ իբրեւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հաւանական յաջորդի, ես հայերը զգուշացուցի չափէն աւելի ոգեւորուելէ այն բանով, որ հայ համայնքի «լաւ բարեկամ»-ը պիտի ստանձնէ նման ազդեցիկ պաշտօն մը:
Երկար ժամանակի կարիք չեղաւ բացայայտելու, որ զգուշութեան վերաբերող իմ խօսքերս լիովին արդարացի էին: Հակառակ հայկական հարցերուն գծով Ճոն Քերիի աջակցութեան 30-ամեայ տարեգրութեան, նախորդ շաբաթ, նոր պաշտօնը ստանձնելէ քիչ առաջ, ան ապացուցեց, որ նոյնիսկ նման մտերիմ «բարեկամ»-ը կրնայ փոխել իր վաղեմի համոզումները` հիասթափեցնելով ամերիկահայ համայնքը:
Ցաւօք պարզուեցաւ, որ ծերակուտական Քերին չի տարբերիր նախագահ Օպամայէն, փոխնախագահ Պայտընէն եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթընէն: Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներ եւ նախագահական թեկնածուներ, անոնք բոլորն ալ շռայլ խոստումներ տուած էին` ձգտելով ստանալ ամերիկահայ ընտրողներուն աջակցութիւնը, սակայն բոլորովին անտեսելով զանոնք` պաշտօնավարութեան անցնելէ ետք:
Թէեւ ոմանք կրնան պնդել, որ հայերը պէտք է միայն իրենք զիրենք մեղադրեն անպարկեշտ քաղաքական գործիչներու վստահելնուն համար, սակայն կը կարծեմ, որ ընտրողները իրաւունք ունին ակնկալելու, որ ընտրուած պաշտօնեաները յարգեն իրենց խոստումները: Հակառակ պարագային, հանրութեան ստելը կը դառնայ ընդունելի գործելակերպ` առանց ունենալու այն հեռանկարը, որ խաբեբայ պաշտօնեաները կրնան փոխարինուիլ անկեղծներով։ 
Անցեալ շաբաթ ծերակուտական Քերին մէկ գիշերուան մէջ կերպարանափոխուեցաւ, երբ իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ խուսափեցաւ օգտագործելէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Նախապէս ծերակուտական Քերին խիստ քննադատութեան կ’ենթարկէր Միացեալ Նահանգներու նախագահներն ու արտաքին գործոց նախարարները` Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալնուն համար: Ճակատագիրի հեգնանքով, այժմ ան կը հրաժարի կատարելէ բան մը, որուն մասին երկար տարիներ շարունակ ինք կը քարոզէր ուրիշներուն:
Ծերակուտական Քերին ապացուցեց, որ ինք այն մարդը չէ, որ եղած է, երբ կը պատասխանէր հայկական հարցերուն առնչութեամբ դեմոկրատական ծերակուտականներ Ռոպերթ Մենենտեսի եւ Պարպարա Պոքսըրի գրաւոր հարցումներուն` ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին առջեւ, իր հաստատման շուրջ լսումերէն ետք:
Ի պատասխան Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող իր մօտեցումներուն հարցումի մը՝ ծերակուտական Քերին անամօթաբար կրկնեց նախագահ Օպամայի մեղմացուցիչ բառերը, զորս վերջինը սովորաբար կ’օգտագործէ ապրիլ 24-ի իր տարեկան ելոյթներուն ընթացքին: Արտաքին գործոց նախարարութեան թեկնածուն ծերակոյտին մէջ իր երկարամեայ ասպարէզին ողջ ընթացքին «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելէն ետք, յանկարծ կը խուսափի այդ եզրէն եւ կը գործածէ անգլերէն լեզուի բառարանին մէջ գտնուող տարբեր բառեր, բացի` ցեղասպանութենէն: Ահա թէ ի՛նչ ըսաւ ան.
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը յստակօրէն կ’ընդունի պատմական փաստը, որ Օսմանեան կայսրութեան մայրամուտին մէկուկէս միլիոն հայ կոտորուած կամ սպաննուած է տեղահանութեան ընթացքին, եւ կը ցաւի ատոր համար: Այդ իրադարձութիւնները դարձան 20-րդ դարու ամենասարսափելի վայրագութիւններէն մէկը, եւ Միացեալ Նահանգներ կը գիտակցին, որ կատարուածը մեծ ցաւ է Հայաստանի ժողովուրդին, բոլոր հայերուն, ինչպէս նաեւ համամարդկային արժէքներ կրող մարդոց համար: Միացեալ Նահանգներու նախագահը ամէն տարի՝ ապրիլ 24-ին, Յիշատակի օրուան ընթացքին կը յարգէ զոհերուն յիշատակը, որպէսզի մենք երբեք չմոռնանք պատմութեան այդ մութ էջը»:
Յաջորդ հարցումով իրեն յիշեցուցին, որ ինք հովանաւոր պիտի ըլլար Հայոց ցեղասպանութիւնը օրէնսդրօրէն ճանչնալու. Քերի խուսափեցաւ այս նիւթէն՝ պնդելով, որ ինք պարտաւոր է «հաւատարմօրէն ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ վարչակազմի քաղաքականութիւնը»:
Հիասթափեցնող էր նաեւ ծերակուտական Քերիի պատասխանը Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերող հարցումներուն: Ան պնդեց, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ նախագահ Օպամայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քլինթընի ձախողած ջանքերուն` ճնշում գործադրելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ վրայ արձանագրութիւններու վաւերացման համար: Չորս տարի առաջ, առանձին հանդիպման մը ընթացքին, երբ ծերակուտական Քերին ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին նախագահն էր, ես անոր բացատրեցի, թէ ինչո՛ւ Հայ-թրքական արձանագրութիւնները դատապարտուած են ձախողման եւ կը հակասեն Հայաստանի ազգային շահերուն: Այն ատեն իմ փաստարկումներս համոզիչ թուեցան ծերակուտականին: Իսկ այժմ ան փոխուած է եւ կ’աջակցի արձանագրութիւններուն վերաբերեալ Օպամայի վարչակազմի դիրքորոշման, իսկ Թուրքիան Ազրպէյճանի ճնշման տակ, բարեբախտաբար, կը հրաժարի զանոնք վաւերացնելէ:
Ի պատասխան այլ գրաւոր հարցումի մը՝ ծերակուտական Քերի նշեց, որ պատրաստ է հանդիպելու ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան հետ, բան մը, որմէ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին կը հրաժարէին նախագահ Օպաման եւ արտաքին գործոց նախարար Քլինթընը: Նման հանդիպում մը հայ համայնքին կարելիութիւն պիտի ընձեռէ բացատրելու ծերակուտական Քերիին, թէ ինչո՛ւ Օպամայի վարչակազմը ի զուր ժամանակ կը վատնէ` Թուրքիոյ ստիպելով վաւերացնել արձանագրութիւնները: Թուրք ղեկավարները յստակօրէն հասկցուցած են, որ իրենք արձանագրութիւնները աւարտին պիտի չհասցնեն, քանի դեռ հայերը Արցախի մէջ տարածքային զիջումներ չեն ըրած յօգուտ Ազրպէյճանի:
Թէեւ ամերիկահայերը չեն կրնար գոհ ըլլալ հայկական հարցերուն վերաբերեալ ծերակուտական Քերիի համոզոմներուն կտրուկ փոփոխութենէն, սակայն անկախ պատճառներէ, անոնք պարզապէս ստիպուած են այժմ հանդիպելու եւ աշխատելու անոր հետ, որ արդէն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնին վրայ է: Հայերուն միակ փափաքը այն է, որ իրենք պարբերաբար կարենան համագործակցիլ ԻՍԿԱԿԱՆ Ճոն Քերիին հետ, զոր կը ճանչնային եւ կը սիրէին վերջին 30 տարիներուն ընթացքին:
Թարգմանեց`
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«ԵՌԱԳՈՅՆ» կայքէջը
 
  -   Յօդուածներ