Պահանջուեցաւ որ Թուրքիոյ զինէալ ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակէ Սեւան Պալըքճըի սպանութէան բոլոր մանրամասնութիւնները


Պահանջուեցաւ որ Թուրքիոյ զինէալ ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակէ Սեւան Պալըքճըի սպանութէան բոլոր մանրամասնութիւնները

  • 06-05-2011 18:19:21   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Մարդու Իրաւունքներու Միութէան ցեղապաշտութէան եւ անջատողականութէան դէմ պայքարի կոմիտէն երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց 24 Ապրիլին Պաթմանի Գոզլուք շրջանի մէջ սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճըի մահուան առթիւ եւ պահանջեց որ Թուրքիոյ Զինէալ Ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակէ այս »կասկածելի« մահուան բոլոր մանրամասնութիւնները։ Ասուլիսին կը մասնակցէր փաստաբան Էրէն Քէսքին, որ պահանջեց որ Սպայակոյտի Նախագահութիւնը, Սեւակի ընտանիքի անհանգստութիւնները նկատի ունենալով, գործուած եանցանքը որպէս մարդկութէան դէմ գործուած եանցանք նկատելով քննարկութէան նիւթ դարձնէ։ Պալըքճը ընտանիքի փաստաբան Հալաւուրթ եայտնեց որ փաստեր չկան այն մասին թէ Սեւակն ու ոճրագործը՝ Քըւանչ Աղալօղլու մտերիմ ընկերներ եղած են։ Սեւակի ընտանիքն ու փաստաբան Ճէմ Հալաւուրթ, որոնք Կիրակի Պաթման մեկնած էին եւ Գոզլուքի ոստիկանական պահակակէտի մէջ քննութիւններ կատարած, ըսաւ որ իրենց կասկածները աւելցած են հիմա եւ կան բացատրութէան կարօտ հետեւէալ կէտերը. * Ոստիկան զօրաց հրամանատարութէան կ'ողմէ հրապարակուած հաղորդագրութէան համաձայն, Սեւակը մետաղէայ փշաթելեր հիւսող խումբի մէջ էր, իսկ Աղալօղլու փշաթելեր հաստատողներու մօտ հերթապահութիւն կ’ընէր։ * Աղալօղլու կը պնդէր թէ հիմնաւոր պատճառ չկայ, որպէսզի հրամանատարները եանձնարարած ըլլային որպէսզի զինուորներ լեցնէին իրենց հրացանները։ * Սեւակն որ Քըւանչ Աղալօղլու մտերիմ ընկերներ չէին։ * Սեւակի իւղարկաւորութիւնը վերածուեցաւ մարտունակութէան ցուցադրութէան եւ թրքացումի հանդէսի։ * Սեւակի ոճրագործի անունը օրեր շարունակ չհրապարակուեցաւ։ Ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուած տեղեկատուութէանց համաձայն Քըւանչ Աղալօղլու իւլքիւճիւներու գաղափարներու համակիր էր։ Նոյն ասուլիսի ընթացքին մամուլին հաղորդուեցաւ որ այսպիսի կ'ասծակելի մահերով իրենց կէանքը կորսնցուցած են աւելի քան 500 զինուորներ։ Բացի ատկէ, փոքրամասնութիւններու դէմ թշնամութիւնն ու ատելութիւնը փողոցի մարդէն սկսէալ մինչեւ պետական մակարդակի վրայ բաւական տարածուն են։ Վերջին տարիներուն Թուրքիայ թատերաբեմ դարձաւ ոչ-մահմետական ծագումով հայրենակիցներու սպանութէան։ Բոլոր այս իրողութիւնները նկատի առնելով, Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութէան Միութիւնը պահանջեց որ թափանցիկ եւ արդար հետաքննութիւն մը կատարուի եւ մանրամասնութիւնները հրապարակուին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը