Հայաստանի Հրէական Համայնքի Ղեկավարը Խստօրէն Քննադատած Է Ատրպէյճանամէտ Քարոզիչները


Հայաստանի Հրէական Համայնքի Ղեկավարը Խստօրէն Քննադատած Է Ատրպէյճանամէտ Քարոզիչները

  • 31-01-2015 13:17:36   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Հայաստանի հրէական համայնքի նախագահ Ռիմա Վարժապետեան-Ֆելլըր վերջերս կործանարար յօդուած մը գրեց «Համաշխարհային Հրէականութիւնը Չի Կրնար Գործիք Դառնալ Հակահայ Քարոզիչներու Ձեռքին» վերնագիրով: Ան քննադատեց բոլոր անոնք, որոնք կ՛իրականացնեն նման քարոզչութիւն՝ գրելով «պատուիրուած եւ միակողմանի յօդուածներ… շահադիտական նկատառումներով»:
 
Նման գրողները կը փորձեն շահարկել Իսրայէլի քաղաքական շրջանակները եւ փառաբանել ատրպէյճանա-իսրայէլեան յարաբերութիւնները, որոնք հիմնականօրէն բաղկացած են զէնք՝ քարիւղի դիմաց գործարքներէն, Հայաստանը մեկուսացնելու եւ թուլացնելու նպատակով:
 
Ֆելլըր որպէս հակահայկական քարոզչութեան օրինակներ կը նշէ Մաքսիմ Կօուինի եւ Ալեքսանտր Մուրինսընի կողմէ «Հաարեց»ի (Haaretz), Արիէ Կութի կողմէ JNS.com-ի եւ Ալեքսանտր Մուրինսընի կողմէ «Տը Հիլ»ի (The Hill) մէջ տպագրուած վերջին յօդուածները:
 
Ըստ Ֆելլըրի՝ «միայն այս հեղինակներու կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը արդէն կասկած չեն ձգեր անոնց վերլուծութիւններուն միակողմանիութեան մասին: Հայաստանը որպէս հակասեմական երկիր ներկայացնող Մաքսիմ Կօուին հրապարակայնօրէն կը սատարէ Թուրքիոյ ծայրայեղ աջ, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան: Այս կուսակցութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան բացայայտ ժխտողական կեցուածքէն բացի, յայտնի է նաեւ հակասեմականութեան եւ այլատեացութեան քարոզչութեամբ: Սակայն, Կօուին աչք կը փակէ այս հանգամանքին վրայ»:
 
Այնուհետեւ Ֆելլըր կը պնդէ. որ «շատոնց արդէն ատրպէյճանական քարոզչամեքենայի ծառան դարձած Արիէ Կութը նաեւ Իսրայէլ-Ատրպէյճան միջազգային կազմակերպութեան անդամ է: Ալեքսանդր Մուրինսընը իր դոկտորական թեզին մէջ որպէս իրականութիւն կը ներկայացնէ այն, որ Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ Իսրայէլը դաշնակիցներ են, ինչպէս նաեւ կը զարգացնէ այն միտքը, որ այդ երկիրներէն որեւէ մէկուն թշնամին այդ եռեակի հակառակորդն է»:
 
Հայաստանի մէջ հրէական համայնքի ղեկավարը կը բացատրէ, որ հակասեմականութիւն գոյութիւն ունի աշխարհի բոլոր անկիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի մէջ: Սակայն նման դրսեւորումները, ըստ Ֆելլըրի, «երբեք չեն վայելեր ոչ միայն իշխանութիւններուն, այլ նաեւ քիչ թէ շատ ազդեցիկ հասարակական կամ քաղաքական ուժերու աջակցութիւնը վայելողներուն: Հայաստանի մէջ հրէական համայնքը իրեն կը զգայ պաշտպանուած եւ կը վայելէ իշխանութիւններուն յարգանքը իր իրաւունքներուն, մշակոյթին եւ սովորոյթներուն նկատմամբ»:
 
Ֆելլըր խիստ քննադատական արտայայտուած է Ալիեւի հասցէին. «Գաղտնիք չէ, թէ Ատրպէյճանի բռնակալը ինչ մեթոտներ կը կիրառէ Արեւմուտքի մէջ կարծիքի ձեւաւորման համար. ըստ էութեան, ատոր անդրադարձած են շատ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ, ինչպէս օրինակ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը 2014ի Սեպտեմբերին եւ Foreign Policy ամսագիրը 2014ի Յունիսին:Միջազգային ազդեցիկ հրէական կառոյցները պէտք չէ թոյլ տան իրենք իրենց ներքաշել նման շահարկումներու մէջ»:
 
Ֆելլըր կը նշէ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ տեղ գտած քանի մը մոլեռանդ հակասեմական օրինակներ. «1990ական թուականներուն, երբ Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատի ելուզակները կը կազմակերպէին եւ կ՛իրականացնէին այնտեղի հայ բնակչութեան կոտորածներն ու տեղահանութիւնները, անոնց ամենատարածուած կարգախօսներէն մէկն էր՝ «Ատրպէյճանը կը ծաղկի առանց հայերու եւ հրեաներու»: Որքան ալ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները փորձեն իրենք իրենց ներկայացնել որպէս Իսրայէլի բարեկամ, անոնք չեն կրնար ըլլալ հրեաներուն բարեկամը: Եթէ ոեւէ մէկուն մօտ այս փաստարկը կասկած կը յարուցանէ, կը խնդրեմ կարդալ ալիեւեան վարչակարգին կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ բազմաթիւ ճչացող դէպքերու մասին հրապարակումները, կամ առնուազն Եւրոպայի մէջ հակասեմական ցոյցեր ֆինանսաւորելու վերաբերեալ յօդուածները: Կասկածէ վեր է, որ Ատրպէյճան կ՛օգտագործէ Իրանի եւ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները՝ Իսրայէլի մէջ ինքզինք ներկայացնելով որպէս հակաիրանեան քաղաքականութեան ամենավստահելի գործընկեր: Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարները շատ վտանգաւոր խաղ կը խաղան, եթէ կը կարծեն, որ կրնան Իսրայէլն ու համաշխարհային հրէականութիւնը օգտագործել իրենց անհատական շահերը առաջ տանելու համար»:
 
Այնուհետեւ հրէական համայնքի արդարամիտ ղեկավարը կը դատապարտէ ատրպէյճանամէտ հայեացքներով յայտնի քոնկրեսական Սթիւ Սթոքմընը՝ իր ելոյթին մէջ Արիէ Կութի քարոզչական յօդուածը ընդգրկելուն համար: «Ասիկա բացայայտ անարգանք է ոչ միայն պարոն Սթոքմընի ընտրողներուն, այլ նաեւ ամերիկեան ժողովրդավարութեան նկատմամբ: Պէտք չէ թոյլ տալ Ամերիկայի օրէնսդիր իշխանութեան ամպիոնէն պատուիրուած եւ կեղծ թէզերու բարձրաձայնումը: Կարելի չէ խօսքի ազատութեան շղարշին տակ ներկայացնել ատելութեան քարոզչութիւն եւ բռնակալ առաջնորդի շահերը սպասարկող օրակարգ, յատկապէս, երբ ան կը շահագործէ հրեաները, մասնաւորապէս Հայաստանի հրէական համայնքը», կ՛ըսէ Ֆելլըր:
 
Ֆելլըր իր յօդուածը կ՛եզրափակէ՝ արդարացիօրէն զգուշացնելով «Միացեալ Նահանգներու հրէական համայնքը՝ զգօն ըլլալու եւ դատապարտելու հրէական գործօնը նման ստոր ձեւով օգտագործել փորձող որոշակի քաղաքական շրջանակներու որեւէ ձեռնարկ»։
 
 
 
Յարութ Սասունեան
 “Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
www.TheCaliforniaCourier.com
 
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
 
  -   Յօդուածներ