ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ամերիկացի Օրէնսդիրները Խախտած են Օրէնքները` Ատրպէյճան եւ Թուրքիա Ուղեւորուելու Ընթացքին


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Ամերիկացի Օրէնսդիրները Խախտած են Օրէնքները` Ատրպէյճան եւ Թուրքիա Ուղեւորուելու Ընթացքին

  • 22-05-2015 12:18:11   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ շաբաթ «Ուաշինկթըն փոստ» թերթը իր «Քոնկրէսի տասը անդամներու ուղեւորութիւնը գաղտնի ֆինանսաւորուած է օտար պետութեան կողմէ» խորագիրով ծաւալուն յօդուածին մէջ բացայայտեց 2013 թ. Պաքուի համաժողովին մասնակցած 10 օրէնսդիրներու եւ անոնց աշխատակազմի 32 անդամներու ամբողջովին վճարուած ուղեւորութեան աղմկայարոյց մանրամասները: Համաժողովին իբրեւ հրաւիրեալ բանախօսներ մասնակցած էին նաեւ նախագահ Օպամայի երեք բարձրաստիճան խորհրդականները` Ռոպերթ Կիպսը, Ճիմ Մեսինան եւ Տէյվիտ Փլաֆը:
Պաքուի մէջ միջազգային քարիւղի համար հաւաքի կազմակերպիչը` Ատրպէյճանի Հանրապետութեան «Սոգար» պետական քարիւղի ընկերութիւնը, ըստ «Ուաշինկթըն փոստ»-ի ձեռք բերած Քոնկրէսի Կարգուձեւի յանձնաժողովի գաղտնի զեկոյցի, ամերիկեան երկու ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու միջոցով փոխանցած է 750 հազար տոլար ուղեւորութեան «ֆինանսաւորման աղբիւրը պահելու համար»: Եւս 750 հազար տոլար նուիրաբերած են «Պրիթիշ փեթրոլիում», «Քոնոգոֆիլիբս» եւ «Քէյպիէր» ընկերութիւնները` թռիչքի տոմսերու, հիւրանոցային ծախսերու եւ նուէրներու համար:
Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ «մինչեւ 2013 թ. Մայիս 28-29-ի համաժողովը, «Սոգար»-ը եւ ուժանիւթի քանի մը մեծ ընկերութիւններ (ներառեալ Իրանի ազգային քարիւղի ընկերութիւնը) փորձած էին ազատուիլ Իրանի նկատմամբ ԱՄՆ տնտեսական պատժամիջոցներէն` Կասպից ծովու 28 միլիառ տոլար արժողութեամբ կազատարին համար»:  Ի դէպ, համաժողովէն մէկ ամիս առաջ, «Սոգար»-ը Հիւսթընի մէջ հիմնադրեց «Ատրպէյճանի բարեկամներու ասամպլէա» ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը` անոր հաշուին փոխանցելով 750 հազար տոլար: Իսկ այս ծրագիրին մէջ ներգրաւուած երկրորդ ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը «թուրք ամերիկացիներու եւ եւրասիացիներու խորհուրդ»-ն էր, որ նոյնպէս հիմնադրուեցաւ Հիւսթընի մէջ: Երկու կազմակերպութիւնները, Քեմալ Օքսիւզի գլխաւորութեամբ, արձանագրուած էին Հիւսթընի միեւնոյն հասցէին: Քոնկրէսը հաստատեց շարք մը օրինագիծեր, որոնցմով պատժեց Իրանը` միեւնոյն ժամանակ արտօնութիւններ սահմանելով «Սոգար»-ի նախագիծին համար: Այնուհետեւ, Օպամայի ստորագրելէն յետոյ անոնք օրէնքի ուժ ստացան:
Պաքու մեկնած տասը քոնկրէսականներն էին. Ճիմ Պրայտընշթայնը (Օքլահոմա), Իվէթ Քլարգը (Նիւ Եորք), Տենի Տեւիսը (Իլինոյս), Միշէլ Կրիշամը (Նիւ Մեքսիքօ), Ռուբէն Հինոճոզան (Թեքսաս), Լէոնարտ Լանսը (Նիւ Ճըրսի), Շէլայ Ճեքսըն Լին (Թեքսաս), Կրեգորի Միքսը (Նիւ Եորք), Թետ Փոյը (Թեքսաս) եւ Սթիւ Սթոքմանը (Թեքսաս):
Կարգուձեւի յանձնաժողովի հետաքննողները բացայայտեցին, որ այս օրէնսդիրները, իրենց ամուսիններու եւ հարսնցուներու ընկերակցութեամբ, ստացած էին շարք մը նուէրներ, ներառեալ «բիւրեղապակեայ թէյի սպասքներ, մետաքսէ շալեր, փիրուզէ օղեր, ոսկենախշ ամաններ եւ ատրպէյճանական գորգեր…. Բոլոր օրէնսդիրները ստացած են առնուազն մէկ, իսկ ոմանք` երկու գորգ, որոնցմէ մէկը փոքր չափով` նախատեսուած աղօթքի համար, իսկ միւսը` մեծ: Գորգեր ստացան նաեւ աշխատակազմի շատ անդամներ»:
Իրենց անօրինական կամ ոչ պատշաճ գործողութիւնները արդարացնելու նպատակով այս օրէնսդիրներէն ոմանք ծիծաղելի յայտարարութիւններ ըրին Քոնկրէսի յանձնաժողովի հետաքննողներուն.
- Քոնկրէսական Տեւիսը յայտարարեց, որ Պաքուի համաժողովին ժամանակ ան «ստացած է մէկ գորգ, որ բերած էին իր հիւրանոցային սենեակ»: Ան ըսաւ, որ մտածած է այդ գորգը որեւէ թանգարանի կամ բարեսիրական միութեան նուիրելու մասին…
- Քոնկրէսական Հինոճոզան ըսաւ. «Ես կը կարծէի, որ իմ ստացած յուշանուէրները նուազագոյն արժէք ունին եւ կը համապատասխանեն Ներկայացուցիչներու պալատի Նուէրներու մասին կանոններուն»:
- Ներկայացուցիչ Միքսի մամուլի քարտուղար Լատան Ահմատին յայտարարեց, որ քոնկրէսականը «ենթադրած է, թէ գորգը արտօնուած համարուող նուէր է»:
- Քոնկրէսական Լանսի աշխատակազմի բարձրաստիճան անդամ «Ուաշինկթըն փոստ»-ին ըսաւ, որ քոնկրէսականը «Ուաշինկթըն վերադառնալէն յետոյ վերադարձուցած է իր ստացած մէկ գորգը: Աշխատակազմի անդամը նաեւ նշեց, որ Լանսը զոյգ մը օղ ստացած է եւ փոխհատուցած 100 տոլար համաժողովի կազմակերպման օժանդակող ոչ առեւտրային խումբին՝ Նիւ Ճըրսի վերադառնալէն անմիջապէս յետոյ»:
- Քոնկրէսական Կրիշամը կարգուձեւի յանձնաժողովի հետաքննողներուն ըսաւ, որ ան  չէ յայտնած գորգերուն մասին, որովհետեւ չէ կարծած, թէ անոնք առանձնապէս արժէքաւոր են: Ան նաեւ զանոնք ոչ հրապուրիչ համարած է. «ատիկա այն կարպետը չէր, որ ես պիտի փափաքէի գնել»:
- Քոնկրէսական Պրայտընշթայնը միակ օրէնսդիրն էր, որ բացայայտեց գորգերու մասին իր ֆինանսական զեկոյցին մէջ. «ան  փոքր գորգը գնահատած էր 2500 տոլար, իսկ մեծը` 3500»:
«Ուաշինկթըն փոստ»-ը, մէջբերելով Կարգուձեւի յանձնաժողովի զեկոյցէն, բացայայտեց, որ ներկայացուցիչներ Քլարգը, Կրիշամը, Հինոճոզան, Լանսը եւ անոնց աշխատակազմի անդամները այդ ուղեւորութեան ընթացքին նաեւ «մեկնած են Թուրքիա, այցելած Սթամպուլ, Անգարա կամ երկուքը միասին…. Բոլոր ծախսերը հոգացած է «բարեկամութեան եւ համագործակցութեան Պոսփորի ատլանտեան մշակութային միութիւն» թրքական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը, ըսուած է զեկոյցին մէջ: Օրէնսդիրները չեն բացայայտած այդ կազմակերպութեան դերը»:
Քոնկրէսի Կարգուձեւի յանձնաժողովը եզրակացուց. ««Սոգար»-ը եւ «Ատրպէյճանի բարեկամներու ասամպլէա»-ն նուէրներ մատուցած են Քոնկրէսի ճամբորդներուն ճանապարհածախսերու անթոյլատրելի ձեւով` խախտելով Ներկայացուցիչներու պալատի կանոնները, կանոնակարգերը եւ դաշնային օրէնքը» , իսկ «Թուրքիա ուղեւորուած քոնկրէսականները ճանապարհածախսի վճարները ընդունած են անթոյլատրելի աղբիւրներէ, որ յանգեցուցած է անթոյլատրելի նուէրի` խախտելով Ներկայացուցիչներու պալատի կանոններն ու կանոնակարգերը»: Բացի այդ, հետաքննողները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի կառավարութեան առընթեր հինգ ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնները հաստատեցին, որ իրենք հովանաւորած են համաժողովը` լրացնելով յայտարարագրեր Կարգուձեւի յանձնաժողովին հետ 2013 թ. Ապրիլ եւ Մարտ ամիսներուն: «Հինգ հովանաւոր կազմակերպութիւնները չեն օժանդակած քոնկրէսականներու ճանապարհորդութեան` չնայած կեղծ հաւաստիացման ձեւերու, որ ներկայացուցած են կարգուձեւի յանձնաժողովին»: «Ուաշինկթըն փոստ» թերթը հաղորդեց, որ այս տուեալները յանձնուած են Կարգուձեւի յանձնաժողով` հետաքննելու Քոնկրէսի կանոնակարգի եւ դաշնային օրէնքներու հնարաւոր խախտումները, որոնք կ՝արգիլեն օտարերկրեայ պետութիւններու կողմէն Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վրայ ազդելու փորձերը:
Խիստ մտահոգիչ է, որ քոնկրէսականները պատրաստ են վաճառել իրենց քուէները ատրպէյճանական եւ թրքական կաշառակերութեամբ համակուած կառոյցներուն՝ ձրի գորգի մը համար…
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր  
 
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց Եռագոյն-ը
 
  -   Յօդուածներ