Ուսամէ Պին Լատին այսօր առտուան դէմ սպաննուեցաւ ամերիկէան ուժերու կ'ողմէ


Ուսամէ Պին Լատին այսօր առտուան դէմ սպաննուեցաւ ամերիկէան ուժերու կ'ողմէ

  • 02-05-2011 19:42:09   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Այսօր առաւօտէան միջազգային լրատու գործակալութիւններէ եւ հեռատեսիլային կ'այաններէ ներս ռումբի պէս պայթեցաւ լուր մը, որ անտարակոյս նոր էջ մը պիտի բանայ մարդկութէան նորագոյն պատմութէան մէջ։ Հաղորդուեցաւ որ սպաննուած էր Էլ Գաիտէ ահաբեկչական կազմակերպութէան առաջնորդ Ուսամէ Պին Լատին, որ պատասխանատու կը նկատուէր 2001ին Նիւ Էորքի առեւտրական երկու երկուորէակ շէնքերու վրայ կատարուած ահաբեկչական ծանր եարձակումէն եւ զանազան երկիրներու մէջ կատարուած բազմաթիւ այլ գործողութիւններէն։ Պին Լատին ամերիկէան ուժերու կ'ողմէ սպաննուեցաւ Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մերձակայքը ու իր մարմինը անցաւ ամերիկացիներու ձեռքը։ Այսօր առաւօտէան հեռատեսիլի լրատու բոլոր կայանները ուղղակի սփռումներով հաղորդեցին այս լուրը, իսկ Ամերիկայի Նախագահ Պարաք Օպաման ալ պաշտօնական եայտարարութիւն մը ըրաւ ու հաստատելով Պին Լատինի սպաննուած ըլլալու տեղեկութիւնները, ըսաւ որ ասիկայ իսլամի դէմ ուղղէալ պայքար մը չէ։ Օպամայ Սպիտակ Տունէն կատարուած ելոյթով, նշեց թէ արդարութիւնը ի վերջոյ եաղթանակեց չարին դէմ։ Իր խօսքերով, Ուսամէ Պին Լատինի մարմինը կը գտնուի ամերիկէան զօրքերու մօտ, գործողութէան ընթացքին ո՛չ մէկ ամերիկացի իր կէանքը կորսնցուցած է, հասարակ քաղաքացիներ ալ չեն տուժած։ Ամերիկէան Էֆ Պի Այը Պին Լատինի ծինային նմոյշներու միջեւ բաղդատութիւններ ըրաւ եւ հաստատեց որ սպանէալը Ուսամէ Պին Լատինն է։ Պարաք Օպամայ եայտարարեց թէ Պին Լատին ահաբեկիչ մըն է, որ պատասխանատու է հազարաւոր այրերու, կիներու եւ երախաներու սպանութիւններէն եւ անոր սպանութիւնը ահաբեկչութէան դէմ պայքարի գծով կարեւոր ձեռքբերում մըն է։ Ամերիկայի Նախագահը իր եայտարարութէան մէջ նշեց թէ Օգոստոս 2010ին Պին Լատինի ու՞ր գտնուելու առընչութէամբ կարեւոր տեղեկութիւններ ստացած էին եւ Ամերիկայի գաղտնի գործակալութիւնը շարժման անցած էր Պին Լատինը սպաննելու ուղղութէամբ եատուկ ծրագիր մը մշակելու նպատակով։ Պին Լատին կը պահուըտէր Փաքիստանի մերձակայքը, շէնքի մը մէջ եւ երէկ գիշեր ամերիկէան ուժեր գործի լծուեցան զայն սպաննելու նպատակով։ Օպամայ անգամ մը եւս ընդգծեց թէ ասիկայ մահմետականներու դէմ ուղղէալ շարժում մը չէ։ Ըսաւ որ ինք հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած էր Փաքիստանի Նախագահ Ալի Ասըֆ Զէրտարիի հետ եւ ան ալ տեղէակ պահած էր զարգացումներէն։ Օպամայ իր խօսքերը վերջացուց դիտել տալով թէ Ամերիկէան վարչակազմը անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներուն կը դիմէ ամերիկէան ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու ուղղութէամբ։ Միւս կողմէ, Ամերիկայի նախկին Նախագահ Ճորճ Պուշ քաղաքական կարեւոր նուաճում նկատեց Պին Լատինի սպանութիւնը։ Հազարաւոր ամերիկացիներ ալ հաւաքուեցան Սպիտակ Տան առջեւ եւ սկսան »տօնել« այս լուրը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը