Ուսամէ Պին Լատին այսօր առտուան դէմ սպաննուեցաւ ամերիկեան ուժերու կողմէ


Ուսամէ Պին Լատին այսօր առտուան դէմ սպաննուեցաւ ամերիկեան ուժերու կողմէ

  • 02-05-2011 19:42:09   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Մարմարա Այսօր առաւօտեան միջազգային լրատու գործակալութիւններէ եւ հեռատեսիլային կայաններէ ներս ռումբի պէս պայթեցաւ լուր մը, որ անտարակոյս նոր էջ մը պիտի բանայ մարդկութեան նորագոյն պատմութեան մէջ։ Հաղորդուեցաւ որ սպաննուած էր Էլ Գաիտէ ահաբեկչական կազմակերպութեան առաջնորդ Ուսամէ Պին Լատին, որ պատասխանատու կը նկատուէր 2001ին Նիւ Եորքի առեւտրական երկու երկուորեակ շէնքերու վրայ կատարուած ահաբեկչական ծանր յարձակումէն եւ զանազան երկիրներու մէջ կատարուած բազմաթիւ այլ գործողութիւններէն։ Պին Լատին ամերիկեան ուժերու կողմէ սպաննուեցաւ Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մերձակայքը ու իր մարմինը անցաւ ամերիկացիներու ձեռքը։ Այսօր առաւօտեան հեռատեսիլի լրատու բոլոր կայանները ուղղակի սփռումներով հաղորդեցին այս լուրը, իսկ Ամերիկայի Նախագահ Պարաք Օպաման ալ պաշտօնական յայտարարութիւն մը ըրաւ ու հաստատելով Պին Լատինի սպաննուած ըլլալու տեղեկութիւնները, ըսաւ որ ասիկա իսլամի դէմ ուղղեալ պայքար մը չէ։ Օպամա Սպիտակ Տունէն կատարուած ելոյթով, նշեց թէ արդարութիւնը ի վերջոյ յաղթանակեց չարին դէմ։ Իր խօսքերով, Ուսամէ Պին Լատինի մարմինը կը գտնուի ամերիկեան զօրքերու մօտ, գործողութեան ընթացքին ո՛չ մէկ ամերիկացի իր կեանքը կորսնցուցած է, հասարակ քաղաքացիներ ալ չեն տուժած։ Ամերիկեան Էֆ Պի Այը Պին Լատինի ծինային նմոյշներու միջեւ բաղդատութիւններ ըրաւ եւ հաստատեց որ սպանեալը Ուսամէ Պին Լատինն է։ Պարաք Օպամա յայտարարեց թէ Պին Լատին ահաբեկիչ մըն է, որ պատասխանատու է հազարաւոր այրերու, կիներու եւ երախաներու սպանութիւններէն եւ անոր սպանութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով կարեւոր ձեռքբերում մըն է։ Ամերիկայի Նախագահը իր յայտարարութեան մէջ նշեց թէ Օգոստոս 2010ին Պին Լատինի ո՞ւր գտնուելու առընչութեամբ կարեւոր տեղեկութիւններ ստացած էին եւ Ամերիկայի գաղտնի գործակալութիւնը շարժման անցած էր Պին Լատինը սպաննելու ուղղութեամբ յատուկ ծրագիր մը մշակելու նպատակով։ Պին Լատին կը պահուըտէր Փաքիստանի մերձակայքը, շէնքի մը մէջ եւ երէկ գիշեր ամերիկեան ուժեր գործի լծուեցան զայն սպաննելու նպատակով։ Օպամա անգամ մը եւս ընդգծեց թէ ասիկա մահմետականներու դէմ ուղղեալ շարժում մը չէ։ Ըսաւ որ ինք հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած էր Փաքիստանի Նախագահ Ալի Ասըֆ Զէրտարիի հետ եւ ան ալ տեղեակ պահած էր զարգացումներէն։ Օպամա իր խօսքերը վերջացուց դիտել տալով թէ Ամերիկեան վարչակազմը անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումներուն կը դիմէ ամերիկեան ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ։ Միւս կողմէ, Ամերիկայի նախկին Նախագահ Ճորճ Պուշ քաղաքական կարեւոր նուաճում նկատեց Պին Լատինի սպանութիւնը։ Հազարաւոր ամերիկացիներ ալ հաւաքուեցան Սպիտակ Տան առջեւ եւ սկսան »տօնել« այս լուրը։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play