Ամենաբարձր հեռատեսիլային աշտարակը Թուրքիայում


Ամենաբարձր հեռատեսիլային աշտարակը Թուրքիայում

  • 23-05-2012 16:52:21   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թոքիոյի մէջ երէկ այցելուներու առջեւ բացուեցաւ աշխարհի ամենաբարձր հեռատեսիլային աշտարակը, Թոքիօ Սկայթրի-ն։ Առաջին իսկ օրը այցելուներու թիւը կազմեց մօտաւորապէս 200 հազար։ Աշտարակի շինութիւնը վերջացաւ 29 Փետրուարին։ Շինութեան աշխատանքները սկսած էին 3.5 տարի առաջ։ Աշտարակի բարձրութիւնը 634 մեթր է։ Այցելուներու դիտահրապարակները կը գտնուին 360 ու 450 մեթր բարձրութիւններու վրայ։ Կþակնկալուի որ մէկ տարուայ ընթացքին այցելուներու թիւը կազմէ 32 միլիոն։ Առաջին երկու ամիսներուն տոմսակները պիտի վաճառուին համացանցի վրայ։ Այս նոր աշտարակը պիտի փոխարինէ քաղաքի 333 մեթր բարձրութեամբ հին աշտարակը եւ ազդանշաններ պիտի արձակէ նաեւ Թոքիոյէն դուրս։ Պի Պի Սի կը նշէ որ չինական Կուանչժոու քաղաքի Քանթոն Թավըր 600 մեթր բարձրութեամբ հեռատեսիլային աշտարակը այլեւս առաջատար չէ եւ բարձրութեամբ երկրորդն է աշխարհի մէջ։ Երրորդն է Թորոնթոյի Սի Էն Թավըր աշտարակը ¤553 մեթր, չորրորդը Մոսկուայի Օսթանքինօ աշտարակը 540 մեթր։ Իսկ առհասարակ աշխարհի ամենաբարձր կառոյց է Տուպայի Պուրճ Հալիֆա երկնաքերը 828 մեթր։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը