ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Լոս Անճելըսի Մէջ Ատրպէյճանի Հիւպատոսը Պէտք է Սորվի Գիրկի Համակարգիչ Օգտագործել


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ.Լոս Անճելըսի Մէջ Ատրպէյճանի Հիւպատոսը Պէտք է Սորվի Գիրկի Համակարգիչ Օգտագործել

  • 28-11-2012 15:00:19   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 

Նախորդ շաբաթ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին առնչուող ծիծաղաշարժ դէպք մը տեղի ունեցաւ, երբ ան լսատեսողական ներկայացումով մը հանդէս պիտի գար  Լոս Անճելըսի Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի մէջ։ 
 Գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղաեւ մօտեցաւ ամպիոնին, միացուց իր արդի գիրկի համակարգիչը եւ հպարտութեամբ լսարանին կոչ ուղղեց՝ պատին ամրացուած մեծ պաստառին վրայ դիտելու Ատրպէյճանէն տեսարաններ: Սակայն սոսկած, երբ նկատեց, որ պաստառին վրայ ոչինչ կ՛երեւէր՝ բացի մասնակի սառած պատկերէ մը:
  Հիւպատոսի օգնականներն ու Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահը փութացին բեմ եւ սկսան սեղմել գիրկի համակարգիչին վրայի բոլոր հաւանական կոճակները, մինչ հիւրերը անհամբեր կը սպասէին: Պարոն Աղաեւ ո՛չ միայն չկրցաւ ցուցադրել իր հայրենի երկիրը, այլեւ նոյնիսկ չկրցաւ արտասանել իր խօսքը, որ արգելափակուած էր իր չհամագործակցող գիրկի համակարգիչին մէջ։ 
 Յուսահատած, ատրպէյճանցի դիւանագէտը սկսաւ խօսիլ անպատրաստից կերպով՝ գրպանէն հանելով թուղթի կտոր մը, որուն վրայ քանի մը բան մրոտած էր: Ասիկա սկիզբը եղաւ չարագուշակ երեկոյի մը, որ նախատեսուած էր ըլլալ Ատրպէյճանի տպաւորիչ յառաջընթացը ցուցադրելու եւ գերարդիական սարքերով լսարանը շլացնելու առիթ մը:
  Գլխաւոր հիւպատոսը բաւական յուզուած կը թուէր ըլլալ ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին: Հաւանաբար, անոր համար անսովոր էր ելոյթ ունենալու նման վեհաժողովի մը ընթացքին եւ կամ ջղային էր, որովհետեւ «դահլիճին մէջ կային հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներ», ներառեալ` ես եւ խումբ մը հայեր:
  Պարոն Աղաեւը մանրամասնօրէն խօսեցաւ Հայաստանի կողմէ իր երկրի տարածքին մէկ մասին «բռնագրաւման» մասին` ակնարկելով Արցախի ազատագրումին: Այս հակամարտութիւնը անուանելով «Ատրպէյճանի գերագոյն հարցը»՝ ան իր վիշտը արտայայտեց այն մասին, որ «մէկ միլիոն ատրպէյճանցիներ այսօր գաղթական դարձած է»: Բայց եւ այնպէս ան չկրցաւ բացատրել, թէ ինչո՞ւ քարիւղի միլիառաւոր տոլարներու եկամուտ ունեցող կառավարութիւն մը արտօնած է, որ այդքան մեծ թիւով իր քաղաքացիները աւելի քան 20 տարի ապրին ծայրայեղ չքաւորութեան մէջ:
 Գլխաւոր հիւպատոսը՝ հետեւելով թրքական վարչակարգին, լուրջ խժաբանութիւն մը կատարեց՝  Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանելով «այսպէս կոչուած ցեղասպանութիւն»: Արդեօք ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն կողմէ խոհեմութի՞ւն է հայութիւնը նախատելը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալով, երբ անոնք արդէն անել վիճակի մէջ են արցախեան հարցով: Ինչո՞ւ ատրպէյճանի ղեկավարները կ’ուզեն բարդացնել իրենց կացութիւնը՝ իրենք զիրենք առնչելով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան հետ եւ աւելի՛ն, հակառակելով հայերուն հետ՝ անոնց հետ խաղաղ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու հաւանականութեան նուազեցնելով:
 Իր ելոյթին մէջ պարոն Աղաեւ` բոլորովին անտեսելով Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն, ներառեալ ազգային փոքրամասնութիւններու` մարդու իրաւունքներու զանգուածային ոտնահարումը, Ատրպէյճանը կեղծօրէն ներկայացուց իբրեւ «կրօնական եւ ազգային հանդուրժողականութեան» երկիր: Ան շարունակեց պատմութիւնը նենգափոխել՝ մոռնալով հայերու ջարդերը Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ, եւ պնդեց, որ հայերը լիարժէք ազատութիւն ունեցած են Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ: Ան նաեւ իսլամ Ատրպէյճանը ներկայացուց իբրեւ «քրիստոնէութիւն ընդունած հնագոյն պետութիւներէն մէկը՝ Ք.Ե. 313 թուականին»:
  Լսարանին մէջ քանի մը հոգիի կողմէ նախապէս համադրուած քանի մը հարցումներէ ետք, թէ Ատրպէյճան ի՞նչ ձեւով «հանդուրժողական» է «լեռնային հրեաներ»-ուն հանդէպ եւ ինչ լաւ յարաբերութիւններու մէջ է Իսրայէլի հետ, Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահը զգուշաւոր կերպով խուսափեցաւ ինծի հարցում ուղղելու առիթ տալէ: Բարեբախտաբար, երկու այլ հայերու` Հայ երիտասարդական միութեան նախագահ Արութին Յարութիւնեանին եւ Հայ իրաւաբանական միութեան նախագահ Կարօ Ղազարեանին ընձեռնուեցաւ հարցումներ ուղղելու կարելիութիւնը: Երկուքն ալ բարձրացուցին ատրպէյճանցի կացինահարող զինուոր Ռամիլ Սաֆարովի հարցը, որ Հունգարիոյ մէջ ՆԱԹՕի դասընթացքներու ընթացքին սպաննած էր քնացած հայ սպան: Հունգարիոյ կառավարութեան կողմէ Սաֆարովը բանտէն վաղաժամ ազատ արձակուելէ եւ Ատրպէյճանին արտայանձնելէն ետք` նախագահ Ալիեւը ներում շնորհեց եւ փառաբանեց կացինահարող մարդասպանը: Ատրպէյճանցի գլխաւոր հիւպատոսը` յիմարօրէն հակասելով իր նախագահը` հաստատեց, որ Ատրպէյճան «չի ներեր» Սաֆարովի ոճրագործութիւնը:
 Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ պարոն Աղաեւի յայտնուիլը քանի մը մտահոգիչ հարցումներու ծագման առիթ կու տայ: Ինչո՞ւ Խորհուրդը նման անսովոր քայլ առաւ` ցածկեկ պաշտօնով գլխաւոր հիւպատոս մը հրաւիրելու, որպէսզի ներկայացնէ «մրցակցային տեսակէտ»՝ 24 Սեպտեմբերին միեւնոյն վայրին մէջ  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի կողմէ ներկայացուածին: Հետաքրքրական է, թէ Ատրպէյճան ինչո՞վ խթանած է Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդը` կրտսեր դիւանագէտի ելոյթը ապահովելու համար, բան մը, որ հաւանաբար նուաստացնէ այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան վարկը:
  Քանի մը օր ետք, երբ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան կայքէջի վրայ տեղադրուեցաւ պարոն Աղաեւի ելոյթին բաւական լաւ կերպով խմբագրուած տեսանիւթը, ուրկէ բոլորովին վերցուած էին գիրկի համակարգիչին առնչուած խանգարումները: 48 վայրկեաննոց ճառը եւ հարցում- պատասխանի բաժինը նուազած էին 15 վայրկեանի:
 Գլխաւոր հիւպատոսի գիրկի համակարգիչին առնչուած դէպքը խորհրդանշական բնոյթ ունի՝ Ատրպէյճանի շատ աւելի մեծ խնդիրներու: Երկրի ղեկավարները միլիառաւոր տոլարներ ծախսած են մեծ քանակութեամբ արդիական ռազմական գործիքներ ձեռք բերելու համար: Սակայն, եթէ անոնք չեն գիտեր, թէ ո՛ր մէկ  կոճակը պէտք է սեղմեն, ապա նորագոյն զէնքերը կ’ըլլան անօգուտ այնքան, որքան պարոն Աղաեւի գիրկի համակարգիչը:
 Սփիւռքահայերուն Ատրպէյճանի «գլխաւոր թշնամի» որակելու փոխարէն, նախագահ Ալիեւ պէտք է շատ աւելի մտահոգ ըլլայ իր դիւանագէտներով, որոնք չեն կրնար նոյնիսկ գիրկի համակարգիչ մը օգտագործել: Անճարակ պաշտօնեաները շաի աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի համար, քան հայկական «թշնամին»:
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց`
«Եռագոյն» կայքէջը
 
 
 
 
  -   Յօդուածներ